Սուրբ Երրորդութիւն
Սուրբ երրորդութիւն, Աստուծոյ եռամիասնութիւն, Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնահիմնական դաւանանքներէն, ըստ որուն, միակ Աստուածը գոյութիւն ունի երէք անձերով՝ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Սուրբ Հոգի Աստուած, մէկ բնութեամբ։
«Սուրբ երրորդութիւն» եզրոյթը առաջադրուած է Բ (2-րդ) դարու ուշ Աստուածաբաններուն կողմէն։ Սուրբ երրորդութեան դաւանանքը սահմանուած է Նիկիոյ Ա՝ ՅԻԷ (325) թուականի Տիեզերական ժողովին, հաստատուած է Կոստանդնուպոլսոյ Ա՝ ՅՁԱ (381) տիեզերական ժողովին եւ դրոշմուած է Քրիստոնէութեան «Հաւատոյ հանգանակ»-ին մէջ։ Քրիստոնէական եկեղեցիները միակարծիք չեն Սուրբ հոգւոյն մեկնաբանութեան հարցին մէջ։
ԺԱ (11-րդ) դարուն Կաթողիկէ եկեղեցին մտցուց Սուրբ հոգւոյն բղխումը «եւ որդիէն» ձեւակերպումը, զոր արեւելեան եկեղեցիները (դեռ Կաթողիկէ միսիոնարները արեւելք չէին գործուղուած), որոնցմէ էր Հայաստանեաց Առաքելական Ուղափառ Եկեղեցին, չընդունեցին։ Սսոյ Գ (3-րդ) եկեղեցական ժողովը՝ ՌՄԾԱ (1251 թուական), քննելով Սուրբ Հոգիին վերաբերեալ Հռոմի Իննովկենտիոս Դ (4-րդ) պապին առաջադրած դաւանաբանական խնդիրները, ընդունած է «հոգին հօրմէ բղխած է, եւ որդիին միջոցաւ երեւցած» (Կիրակոս Գանձակեցի, Հայոց Պատմութիւն, 1982, էջ 238) ձեւակերպումը, այսպէս մերժած է Որդի Աստուծմէ Սուրբ հոգիին բղխիլը եւ պահպանած է դաւանաբանական հարցերուն մէջ Հայաստանեաց եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։ ՀԱՅՐԸ, ՈՐԴԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԵՂԱԾ ԵՆ ՄԻԱՍԻՆ, ԱՆՈՆՔ ՆՈՅՆ ԱՍՈՒԱԾՆ ԵՆ ԵՒ ԻՐԱՐ ՀԵՏ ԱՐԱՐԱԾ ԵՆ ԵՐԿԻՆՔՆ ՈՒ ԵՐԿԻՐԸ։ Սուրբ երրորդութեան խիստ անբանաւոր ըմբռնումը սուր վէճեր հարուցած է Քրիստոնէութենէն ներս։ Անիկա բանական դիրքերէն ժխտած են «հակաերրորդութիւն»ականները (Լատիներէն՝ Trinitas - Երրորդութիւն), որոնց վարդապետութիւնը բարեկարգութեան շրջանին վերածնած են «հակաերրորդութիւն»ական բողոքականները (Լատիներէն՝ Unitas - Միասնութիւն)։