Շնաձուկ

Շնաձուկ
Շնաձուկ
Վագրաշնաձուկ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Դաս Կռճիկային ձուկեր
Լատիներէն անուանում
Selachii



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Շնաձուկեր, (անգլերէն՝ Shark, լատ.՝ Selachii), ծովային ձուկ է։ Բնորոշ յատկանիշներն են՝ մարմնի ձեւը, մեծ քանակութեամբ սրածայր ատամներու առկայութիւնը։

Ներկայիս յայտնի է շնաձուկերու 450 տեսակ՝ 17 ս.մ. երկարութիւն ունեցող «Etmopterus perryi» տեսակէ մինչեւ 20 մեդրանոց կէտձուկը (որ աշխարհի ամենամեծ ձուկն է)։ Այս ենթակարգի տեսակները տարածուած են ծովերու եւ ովկիանոսներու մէջ։ Չնայած շնաձուկերու մեծամասնութիւնը կը բնակի աղի ջուրերու մէջ, որոշ տեսակներ կը յարմարի քաղցրահամ ջուրերու մէջ։ Շնաձուկերու մէջ կը գերակշռուին գիշատիչները, սակայն 3 տեսակ, որոնց կարգին կը դասուի կէտձուկը, կը սնուի փոքր ձուկերով։