Jump to content

Նիլ Արմսթրոնկ

Նիլ Արմսթրոնկ
անգլերէն՝ Neil Alden Armstrong
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Neil Alden Armstrong[1]
Ծնած է 5 Օգոստոս 1930(1930-08-05)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Ուափաքոնեթա, Օհայիօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[5][2][6]
Մահացած է 25 Օգոստոս 2012(2012-08-25)[3][4][7][…] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Ցինցինատի, Օհայիօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[8][6]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[9][10]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք Միաստուածութիւն[11][12]
Ուսումնավայր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան
Պերդյու համալսարան?
Հարավային Կալիֆորնիայի համալսարանի Վիտերբի ճարտարագիտական դպրոց?
Blume High School?
Wapakoneta High School?
Մասնագիտութիւն United States Naval Aviator, փորձարկիչ օդաչու, համալսարանի դասախօս, տիեզերագնաց, military flight engineer
Աշխատավայր Թալահասի?
ՆԱՍԱ
Ցինցինատիի համալսարան?
Անդամութիւն Phi Delta Theta?, Kappa Kappa Psi?, Purdue All-American Marching Band?, Boy Scouts of America?, Ճարտարագիտական ազգային կաճառ եւ Academy of the Kingdom of for Royaume?[13]
Ամուսին Janet Shearon? եւ Carol Held Knight?
Ծնողներ հայր՝ Stephen Koenig Armstrong?, մայր՝ Viola Louise Engel?
Երեխաներ Rick Armstrong?
Ստորագրութիւն

Նիլ Ալտէն Արմսթրոնկ (5 Օգոստոս 1930(1930-08-05)[2][3][4][…], Ուափաքոնեթա, Օհայիօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[5][2][6] - 25 Օգոստոս 2012(2012-08-25)[3][4][7][…], Ցինցինատի, Օհայիօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[8][6]) Ամերիկացի աստղանաւորդ, նախկին աստղագէտ, փորձարկիչ օդաչու, օդանաւի ճարտարագէտ եւ համալսարանի ուսուցչապետ։ 20 Յուլիս 1969-ին Արմսթրոնկ դարձաւ Լուսինին վրայ էջք կատարած առաջին մարդ արարածը։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմսթրոնկներու ընտանիքի անդամները զինք համարեցին «անտրամադիր ամերիկեան հերոս»[14][15][16]։ Առաջին ամերիկացին Երկրի ուղեծիրին մէջ Ջոն Գլենը կը յիշէ Արմսթրոնկի համեստութիւնը։ «Ան չէր զգար, որ պէտք է իր սահմաններէն դուրս գար» ըսաւ Գլենը CNN-ին։ «Ան համեստ մարդ էր, ինչպէս Լուսին թռիչքէն առաջ, այնպէս ալ թռիչքէն յետոյ»[17]։ Քանի մը նախկին տիեզերագնացներ (ինչպիսիք օրինակ Գլենը եւ Հարիսոն Շմիդտը)քաղաքական դիրք կը փնտռէին ՆԱՍԱ-էն հեռանալէն յետոյ, բայց օրինակ Արմսթրոնկին առաջարկեցին երկու կողմէն, բայց ան հրաժարեցաւ։ Ան իր քաղաքական համոզմունքները կը դիտարկէր, որպէս պետութեան իրաւունքներուն հաճոյ եւ կը հակադրուէր ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն բնորոշելով, անոնք «համաշխարհային ոստիկանին» բնորոշ յատկութիւններ են[18]։

Երբ Արմսթրոնկը ներկայացաւ տեղի մեթոդիստական եկեղեցի, որպէսզի առաջնորդէ սկաուտներու շարքը 1950 թուականին, ան ինքքզինք ներկայացուց որպէս տէիսթ[19]։ Արմսթրոնկի մայրը ըսած է, որ կրօնական դիրքորոշումները դեռ եկած էին անոր որովայնէն եւ տանջանքներէն, որոնց հանդիպած էր Արմսթրոնկն իր յետագայ կեանքի ընթացքին[20]։ 1980 թուականին Արմսթրոնկը սուտի զոհ դարձաւ։ Ան Լուսնի մակերեւոյթին զբօսանքի գացած էր, որմէ ետք սկսան ձայն բարձրացնել այն մասին, որ Նիլը իսլամի հետեւորդ դարձած է՝ ազան իսլամական երաժշտութիւն լսելով։ Ինտոնեսիացի երգչուհի Սուհաեմին երգ գրեց Gema Suara adzan di Bulan (Լուսնին նուիրուած ռեզոնանսային աղօթք) անունով, որ կ'ընդգծէր Արմսթրոնկի կրօնափոխութիւնն իսլամի։ 1983 թուականին այս ամէնը սկսաւ լայնօրէն քննարկուիլ Ճաքարդայի լրատուական պարբերականներուն մէջ[21]։ Նմանատիպ այլ պատմութիւններ նկատուած են Եգիպտոսի եւ Մազայզիայի մէջ։ 1983 թուականի Մարտին, ի պատասխան այս ամէնուն, ԱՄՆ-ի Պետական դեպարտամենտէն դեսպաններ եւ հիւպատոսներ ուղարկուեցան իսլամական երկիրներ յայտարարութեամբ, որ Արմսթրոնկն «իսլամութիւնը չէ ընդունած»[[22]։ Այդ խաբէութիւնը վերացաւ յետագայ երեսուն տարիներու ընթացքին։ Խաբէութեան մէկ մասը ծագած էր Ամերիկայի այն շրջաններուն մէջ, որ բնակուած էր իսլամներով[22]։

1972 թուականին Արմսթրոնկները գացին Լանգհոլմ քաղաք, Շոտլանտիա, Նիլը Պուրգի մէջ դարձաւ առաջին ազատ մարդը եւ ուրախութեամբ քաղաքը ներկայացուց որպէս իր տունը[23]։ Համաշխարհային դատարանը չբացայայտուած 400 տարեկան օրէնքէն ներկայացուն զիրենք, որ կը վերաբերէր որեւէ Արմսթրոնկի, որոնք կ'ապրէին քաղաքին մէջ[24]։

2012 թուականի փետրվարին Ջոն Գլենի 50 ամյակին Արմսթրոնկը խոսում է առաջին տիեզերք թռիչքի մասին։

1991 թուականին՝ հօրը մահէն մէկ տարի եւ մօրը մահէն ինը ամիս անց, Գոլորատօ նահանգի Ասպէն քաղաքին մէջ, ընկերներուն հետ դահուկներով սահելու ընթացքին, սրտի տագնապ կ'ունենայ։

Արմսթրոնկի առաջին կինը, Ժանէթը 1994 թուական, 38 տարի ամուսնութենէն յետոյ կը բաժնուի իրմէ[25]։ 1992 թուականին ան կը ծանօթանայ իր երկրորդ կնոջ՝ Քերոլ Հելտ Նայթի հետ, երբ կոլֆի մրցարշարին նախաճաշի ժամանակ նստած էին նոյն սեղանին առջեւ։ Ան շատ քիչ բան կ'ըսէ Արմսթրոնկին, բայց երկու շաբաթ անց իրեն կը զանգահարեն ու կը հարցնեն, թէ ինչով է զբաղած, ան կը պատասխանէ, որ բալի ծառը կը կտրէ։ 35 րոպէ անց Արմսթրոնկը իր տունն էր, որպէսզի օգնէր իրեն։ Իրենք ամուսնացան 1994 թուականի Յունիս 12-ին, Օհայոյի մէջ[26][27]։

1993 թուականէն յետոյ Արմսթրոնկը հրաժարեցաւ մակագրութիւններու բոլոր առաջարկներէն, որովհետեւ իր մակագրութիւններով իրերը կը վաճառուէին բարձր գումարներով։ Մակագրութեան վերաբերող առաջարկներուն ի պատասխան կ'ուղարկուէր նամակ, ուր կը նշուէր, որ ան դադրած է մակագրելէ[28]։ Չնայած իր ստորագրութիւնը բոլորին քաջ յայտնի էր, գրող Էնտրյու Սմիթը հետեւած է, թե 2002 թուականի Reno Air մրցավազքումին գտնուող մարդիկ ինչպէս ստացած են մակագրութիւններ, այն պարագային, երբ մէկը հաստատեց, որ՝ «եթե դուք ինչ-որ բան բաւական մօտ հրէք իր դէմքին, ան կը ստորագրէ»[29]։ Ան նաեւ դադրեցաւ շնորհաւորական նամակներ ուղարկելէ նոր Արծիւ սկաուտներուն, որովհետեւ կը համարէր, որ այդ գործը պետք է մարդիկ ընեն, որոնք անձամբ կը ճանչնան սկաուտներուն[30]։ Արմսթրոնկը պաշտպանեց իր անունը, նկարներու եւ յայտնի աֆորիզմերու կողքին գտնուելէ։ Երբ 1981 թուականին ան մեկնարկեց, MTV-ն կ'ուզէր օգտագործել իր աֆորիզմը նոյնականացնելով իր կայանին հետ, փոխարինելով Ամերիկայի դրօշն իր նշանակով, բայց Արմսթրոնկը չհամաձայնեցաւ, նոյնիսկ չ'արտօնեց օգտագործել իր ձայնը կամ նմանատիպ այլ բան։ 1994 թուականին ան դատի տուաւ Hallmark Cards-ին, որովհետեւ անոնք օգտագործած էին իր անունն ու մէջբերումը՝ «մէկ փոքրիկ քայլ»-ը Սուրբ ծննդեան զարդանկարի վրայ առանց իր թոյլտուութեան։ Դատական գործը չեղեալ համարուեցաւ՝ չբացայայտուած գումարի դիմաց, որ Արմսթրոնկը ուղղեց Փրդիւյին։

2005 թուականի Մայիսին Արմսթրոնկը դատական վէճի մեջ մտավ 20-ամեայ վարսավիր Մարկ Սայզմորի հետ, երբ վերջինս կտրած էր Արմսթրոնկի մազերը եւ առանց Արմսթրոնկի թոյլտուութեան վաճառած էր զանոնք 3000 տոլարով։ Արմսթրոնկը սպառնաց Սայզմորին դատական գործ յարուցել, եթէ ան չվերադարձնէ մազերը կամ բարեգործութիւն չ'իրականացնէ Արմսթրոնկի նշած գումարի չափով։ Սայզմորը չկարողանալով մազերը վերադարձնել, բարեգործական գումար նուիրաբերեց[31]։

Հիվանդութիւն եւ մահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արմսթրոնկի մանկութեան լուսանկարն ընտանեկան հուշերից, Ինդիան Հիլ, Օհայո նահանգ, Ցինցիննատիի մոտակայքում 2012 թուականի օգոստոսի 31

2012 թուականի Օգոստոս 7-ին Արմսթրոնկը ենթարկուած է սրտի վիրահատութեան[32]։ Չնայած ինչպէս ինք կը յայտնէ, ապաքինած է[33], բայց հիւանդանոցին մէջ իր մօտ բարդութիւններ զարգացած են եւ ան Օգոստոս 25-ին Ցինցիննատիի մէջ (Օհայօ նահանգ) մահացաւ 82 տարեկանին[34]։ Մահուընէն ետք, Արմսթրոնկը Սպիտակ տան յայտարարութեան մեջ նկարագրուեցաւ որպէս «ամերիկացի մեծ մարդոցմէ մէկը, որ ո՛չ միայն իր, այլ բոլոր ժամանակներու հերոս է»[35][36]։ Յետագայ զեկույցին մէջ կը նշուէր, որ Արմսթրոնկը կը կրէր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ողջ ձգտումները եւ որ «ստեղծած է մարդկութեան ձեռքբերումներու պահը, որ երբեք չի մոռցուիր»[37]։

Իր ընտանիքը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր կ'ըսուէր՝

«Ամերիկացի դժկամ հերոս, (որ) հպարտօրէն ծառայեց իր ազգին, որպէս ծովային նաւատորմի կործանիչի օդաչու, փորձարկող օդաչու եւ տիեզերագնաց։ Մենք կ'ողբանք շատ լաւ մարդու կորուստը եւ միեւնոյն ժամանակ կը նշենք իր հիանալի կեանքը եւ հոյս ունինք, որ ան օրինակ կը ծառայէ ամբողջ աշխարհի երիտասարդներուն համար, որպէսզի յամառօրէն պայքարին, որպէսզի ի կատար ածեն իրենց երազանքները, որպէսզի պատրաստ ըլլան հետազօտելու ու նոր սահմաններ բացայայտելու, եւ անձնազոհօրէն ծառայեն այն գործին, որուն նուիրուած են։ Իրենց համար, ովքեր կը ցանկանան յարգել Նիլի յիշատակը, մենք պարզ խնդրանք ունինք։ Կարդացէ՛ք իր ծառայութեան, նուաճումներու եւ համեստութեան մասին եւ երբ յաջորդ անգամ դուրս կու գաք փողոց եւ պարզ երկինքին մէջ կը տեսնէք, թէ ինչպէս Լուսինը ձեզ կը ժպտայ, յիշեցէք Նիլ Արմսթրոնկը եւ աչք ըրէք իրեն»[38]։

Ասիկա մեծ արձագանգ գտաւ, այդ կարգին Թուիթթըրի մէջ #WinkAtTheMoon հեշթեկի տեսքով։ Օլտրին իր մասին ըսաւ՝ «ան իսկական ամերկեան հերոս էր եւ լաւագոյն օդաչուն էր, որուն ես երբեւէ տեսած եմ, եւ աւելացուց, որ ան կը ցաւի, քանի որ իրենք չեն կրնար միասին նշել Լուսնի վրա վայրէջքի 50-ամեակը 2019 թուականին»[39][40]։

Իսկ Քոլինզն ըսաւ՝ «ան լաւագոյնն էր, եւ ես անչափ կը կարօտնամ իրեն»[41][42]։

ՆԱՍԱ-ի կառավարիչ Չարլզ Պոլտընն ըսած է՝ «մինչեւ այն պահը, երբ գոյութիւն կ'ունենան պատմութեան մասին գիրքեր, Նիլ Արմսթրոնկը միշտ կ'ըլլայ անոնց մէջ, ի յիշատակ այն փոքրիկ քայլի, որ աշխարհի մարդկութիւնը կատարեց իր սեփական տարածքներէն դուրս»[43][44]։

Արմսթրոնկի հուղարկավորութիւնը ծովում, 2012 թուական սեպտեմբերի 14

Իր հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 13-ին Ուաշինկթընի ազգային տաճարն մէջ՝ պատուհանի մօտ, որու վրա պատկերուած էր «Աբոլոն 11», ինչպէս նաեւ վիտրաժային վահանակներու կողքին լուսնի քարի առկայութեան պայմաններուն մէջ[45]։ Վահանակներուն վրայ պատկերուած էին Ապոլոն 11-ի անձնակազմը՝ Արմսթրոնկը, Քոլինզը եւ Բազ Օլդրին, Ջին Քերնան՝ Ապոլոն 17 առաջադրանքի հրամանատարը եւ վերջին մարդը, որ ոտք դրաւ Լուսնի վրա, եւ նախկին սենաթոր եւ տիեզերագնաց Ջոն Գլենը, առաջին ամերիկացին, որ լքեց Երկրի սահմանները։ Չարլզ Բոլդենը գովեստի խօսքին մէջ Արմսթրոնկի մասին նշեց՝ «տղամարդկութիւն, քաղաքավարութիւն եւ համեստութիւն»։ Քերնանը կը յիշէ Արմսթրոնկի մօտեցումը Լուսնային մակերեւոյթին վառելիքի ցած մակարդակի ժամանակ՝ «երբ ընկալող-հաղորդող սարքը կը յուշէր, որ բաքը դատարկ է, մենք ամեն ինչ գիտէինք, որ բաքին մէջ մնացած է մէկ կամ երկու կալոն»։

Տիանա Քրոլը երգեց «Fly Me to the Moon» երգը։ Քոլինզը աղօթեց։ Սքոթը յիշեց Արմսթրոնկի հետ Ջեմինի 8 առաջադրանքը, երբ ան կ'ըսէր, հնարաւոր է, առաջին անգամուայ միջադէպը, երբ սոսինձը լեցուեցաւ լծասարքին վրայ եւ թոյլ չէր տար իրեն ճշգրիտ նորոգել դռնակի փակուելէն մէկ վայրկեան առաջ, եւ եթե չկարողանային դռնակը փակել ժամանակին, ապա առաջադրանքը կը ձախողէր։ Յետոյ Արմսթրոնկը կապուեցաւ Քոնրադի հետ դիմելով, որ իր մեղաւորութեամբ է խնդիրը առաջացած եւ պէտք չէր կանգնեցնել առաջադրանքի համար նախատեսուած ժամանակը։ Ասիկա պատահեցաւ որովհետեւ Նիլ Արմսթրոնկը խմբային խաղացող էր, ան միշտ խումբի անունով աշխատած է[45]։

Սեպտեմբեր 14-ին Արմսթրոնկի դիակիզուած մարմնի մնացորդները նետեցին Աթլանթեան ովկիանոս։ Արարողակարգը տեղի ունեցաւ USS Philippine Sea զրահանաւէն[46]։ Արմսթրոնկի յուղարկաւորութեան ժամանակ դրօշները բաժանուեցան ամբողջ նահանգի տարածքին[47]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://planet4589.org/space/astro/rides.html
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Армстронг Нил // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  5. 5,0 5,1 5,2 Wilford J. N. Neil Armstrong, First Man on the Moon, Dies at 82The New York Times, 2012.
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 Artists + Artworks
  7. 7,0 7,1 7,2 Neil Armstrong obituaryThe Observer, 2012.
  8. 8,0 8,1 8,2 http://abcnews.go.com/Technology/video/neil-armstrong-remembered-private-memorial-service-17130225
  9. http://www.nytimes.com/aponline/2015/02/19/us/ap-us-obit-sternglass.html
  10. http://www.bbc.co.uk/cbbc/newsroundfind?q=neil%20armstrong
  11. http://sydney.edu.au/research/spacenet/news-events/20150402.shtml
  12. Internet Archive — 1996.
  13. https://alacademia.org.ma/membre/%d9%86%d9%8a%d9%84%d9%92-%d8%a3%d9%8e%d8%b1%d9%85%d9%92%d8%b3%d8%aa%d8%b1%d9%88%d9%86%d9%92%d9%83-2/
  14. «Neil Armstrong, first man on the Moon, dead at 82»։ The National։ 2012 թ․ օգոստոսի 26։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ մարտի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ փետրվարի 28 
  15. Granath Bob (2012 թ․ օգոստոսի 30)։ «Neil Armstrong Praised as a Reluctant American Hero»։ NASA։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 2-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հուլիսի 8 
  16. Hampton Olivia (2012 թ․ օգոստոսի 25)։ «Neil Armstrong a 'reluctant American hero': family»։ The Globe and Mail։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հուլիսի 8 
  17. «Tributes paid to Neil Armstrong, the humblest of American heroes»։ The Telegraph։ 2013 թ․ օգոստոսի 26։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հուլիսի 8 
  18. Hansen, 2005, էջեր 600–601
  19. Hansen, 2005, էջ 33
  20. Hansen, 2005, էջ 35
  21. Abramson, 2004, էջ 93
  22. 22,0 22,1 Hansen, 2005, էջեր 630–631
  23. Johnston Willie (2009 թ․ հուլիսի 20)։ «Recalling Moon man's 'muckle' leap»։ BBC News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ հուլիսի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 20 
  24. Hansen, 2005, էջ 13
  25. Schorn Daniel (2006 թ․ հուլիսի 2)։ «Being The First Man On The Moon»։ CBS News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010 թ․ հոկտեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ հունվարի 9 
  26. Johnston John, Amrhein Saundra, Thompson Richelle (1999 թ․ հուլիսի 18)։ «Neil Armstrong, Reluctant Hero»։ The Cincinnati Enquirer։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ մարտի 4 
  27. Hansen, 2005, էջեր 643–645
  28. Hansen, 2005, էջեր 622–623
  29. Smith, 2005, էջ 134
  30. Hansen, 2005, էջ 623
  31. (հայերեն) Նիլ Արմսթրոնգ, 2024-04-28, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%86%D5%AB%D5%AC_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%BD%D5%A9%D6%80%D5%B8%D5%B6%D5%A3&oldid=9918554, վերցված է 2024-06-15 
  32. «Armstrong, First Man on the Moon, Recovering From Heart Surgery»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 8 
  33. H. Maugh II Thomas (2012 թ․ օգոստոսի 9)։ «Neil Armstrong recovering well after cardiac bypass surgery»։ Los Angeles Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հունվարի 7-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հունվարի 5 
  34. Stone Judy (2012 թ․ սեպտեմբերի 3)։ Neil Armstrong's Death—a Medical Perspective։ Scientific American։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ հունվարի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ դեկտեմբերի 30 
  35. «President Obama's Statement on Neil Armstrong's Death»։ Wall Street Journal։ 2012 թ․ օգոստոսի 25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 29-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26 
  36. «Neil Armstrong, First Man on Moon, Dies at 82»։ The New York Times։ Associated Press։ 2012 թ․ օգոստոսի 25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 25-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 25 
  37. «Statement by the President on the Passing of Neil Armstrong»։ The White House, Office of the Press Secretary։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26 
  38. «Family Statement Regarding the Death of Neil Armstrong»։ NASA։ 2012 թ․ օգոստոսի 25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26 
  39. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:TwitterSnowflake' not found.
  40. Aldrin Buzz (2012 թ․ օգոստոսի 25)։ «Buzz Aldrin's Official Statement on the Passing of Neil Armstrong»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 25 
  41. «Neil Armstrong: 1930–2012»։ NASA։ 2012 թ․ օգոստոսի 25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 25 
  42. Collins Michael (2012 թ․ սեպտեմբերի 12)։ «The Neil Armstrong I knew—and flew with»։ Washington Post։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 13 
  43. «NASA Administrator Statement on Neil Armstrong's Death»։ NASA։ 2012 թ․ օգոստոսի 25։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 25 
  44. «US space pioneer Neil Armstrong dies at 82 – Americas»։ Al Jazeera English։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ օգոստոսի 27-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ օգոստոսի 26 
  45. 45,0 45,1 Terrett John (2012 թ․ սեպտեմբերի 15)։ «Above the stars now»։ Al Jazeera English։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հունվարի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 26 
  46. «Neil Armstrong Laid to Rest in Atlantic»։ NASA։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 14 
  47. «Obama orders flags at half-staff for Neil Armstrong»։ USA Today։ 2012 թ․ օգոստոսի 27։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունվարի 13