Լեւոն Սիւնի

Լեւոն Սիւնի
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահուան վայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, վիրաբոյժ
Աշխատավայր Սեբաստիոյ հայկական ազգային հիւանդանոց,
Սեբաստիոյ կառավարական հիւանդանոց

Լեւոն Գարեգին Սիւնի (1880, Սեբաստիա), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է մօտաւորապէս 1880 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի Սեբաստիա քաղաքին մէջ՝ անուանի բժիշկ Գարեգին Սիւնիի (Հեքիմեան, 1851-1939 թթ.) ընտանիքէն ներս, ըստ այլ աղբիւրներու՝ առեւտրականի ընտանիքի մէջ։ 1900/1905 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1914 թուականէն Սեբաստիա քաղաքին հայկական ազգային հիւանդանոցին (հիմնադրուած է 1889 թուականին) եւ կառավարական հիւանդանոցին մէջ աշխատած է՝ որպէս բժիշկ (վիրաբոյժ)։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ 10-րդ զօրաբաժինի Կարնոյ շրջուն հիւանդանոցին մէջ։ 1915 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին մահացած է ժանտախտէ կամ թոքախտէ, ըստ այլ աղբիւրներու՝ 1916 թուականին սպանուած է Կարնոյ ռազմաճակատին վրայ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Գուժկան Սեբաստիոյ (Կ. Գաբիկեան), Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ, Պոսթըն, 1924։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ. եւ ուրիշներ, Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923), գիրք 1, Սեբաստիայի նահանգ, Երեւան, 2004։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։