Արիւն
Արիւն, հեղուկ շարակցական հիւսուածք։ Արիւնը հիւսուածքային հեղուկի եւ աւիշի հետ միասին կը կազմէ օրկանիզմի ներքին հեղուկ միջավայրը։ Արիւնը ունի կենսական նշանակութիւն եւ կը կատարէ կարեւորագոյն գործառոյթներ։ Արիւնը կազմուած է փլազմայէ եւ արեան բջիջներէ։ Արեան բջիջները կը գոյանան արիւնէն դուրս՝ արիւնաստեղծ օրկաններու մէջ, իսկ ծերացածները եւ անկենսունակները կը քայքայուին արիւնը քայքայող օրկաններու մէջ (փայծաղ, լեարդ եւ այլն)։
Արիւնը կը մասնակցի օրկանիզմի մէջ կատարուող բազմաթիւ կենսական գործարկութիւններու, որոնք կարելի է խմբաւորել հետեւեալ գործերու մէջ։
Արեան գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Փոխադրիչ. կ'ընդգրկէ բոլոր նիւթերու փոխադրութիւնը դէպի համապատասխան օրկաններ։
- Մարսողական օրկաններուն մէջ կը հարստանայ սննդանիւթերով եւ կը փոխադրէ դէպի բոլոր օրկաններն ու հիւսուածքները:
- Թոքերուն մէջ կը հարստանայ թթուածինով, զայն կը փոխադրէ դէպի հիւսուածքները, իսկ այնտեղէն դէպի թոքերը՝ ածխաթթու կազ:
- Բջիջներուն մէջ յառաջացած նիւթափոխանակութեան արգասիքները արեան միջոցով կը հասնին արտազատիչ օրկաններ:
- Արեան պաշտպանական գործին մէջ կ'ընդգրկուին ինչպէս ձեւաւոր տարրերը, այնպէս ալ՝ փլազման։ Լէյկոցիտներն կ'ապահովեն բջիջային իմունիտետը, ֆակոցիտոզը, թրոմբոցիտները եւ էրիթրոցիտները կը մասնակցին արեան մակարդակի պահպանման գործին։ Արեան փլազման կը պարունակէ հիմունոկլոպուլիններ, ոչ ապեցիֆիկ պաշտպանական սպիտակուցներ, մակարդիչ եւ հակամարդիչ գործօններ։
- Արիւնը կը մասնակցի հոմէօստազի կարգաւորման, նպաստելով ներքին միջավայրի ջրաաղային հաշուեկշիռի, օսմոսային ճնշման կարգաւորման եւ այլ գործերու։
- Արեան ջերմակարգաւորման գործը կը դրսեւորէ ֆիզիքական ջերմակարգաւորման գործարկութեան մէջ։ Ներքին օրկաններու մէջ, կմախքային մկաններու մէջ կատարուող ուժգին ջերմագոյացման շնորհիւ արեան ջերմութիւնը ապելի բարձր է (37 °C), քան մաշկի ջերմութիւնը (36,6 °C)։ Տաք արիւնը հոսելով մաշկի մազանօթներով, իր ջերմութեան մէկ մասը ֆիզիքական ճամբով կը հաղորդէ արտաքին միջավայրին։
- Արեան հումորալ կարգաւորիչի գործը կ'իրականանայ իր մէջ գտնուող հորմոններու, կենսաբանական աշխուժ նիւթերու, կատիոններու, անիոններու, կազերու եւ այլ նիւթերու միջոցով։
Արեան ղաւալն ու բաղադրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան ծաւալը յարաբերական հաստատուն մեծութիւն է եւ չափահաս մարդու մօտ կը կազմէ մարմինի զանգուածի 7-8 %-ը (5-6,5 լ)։ Նորածիններու մօտ անիկա կը կազմէ 15 %, 1 տարեկան երեխաներու մօտ՝ 10,9%, իսկ 14 տարեկաններու մօտ՝ 7%: Արեան ծաւալի մեծութեան բնականոն վիճակը կը կոչուի նորմովոլեմիա։ Մեծ քանակութեամբ հեղուկներ ընդունելէ ետք արեան ծաւալը կը մեծնայ (հիփերվոլեմիա), իսկ ուժեղ քրտնարտադրութեան կամ լուծի պարագային կորսնցուցած հեղուկներու հաշիւին կը փոքրանայ (հիփովոլեմիա)։ Բնախօսական հանգիստի պայմաններու մէջ ծայրամասային արեան միայն 55%-ն է կը գտնուի շրջանառութեան մէջ, իսկ մնացած 45 %-ը կը գտնուի արեան պահեստարաններու մէջ՝20%-ը լեարդին մէջ, 15 %-ը՝ փայծախին մէջ, իսկ 10 %-ը՝ ենթամաշկին մէջ։ Արեան հեղուկ մասը փլազման է, ուր կախոյթի ձեւով կը գտնուին ձեւաւոր տարրերը՝ էրիթրոցիտները, լէյկոցիտները, թրոմբոցիտները:
Արեան փլազմա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան փլազմայի բաղադրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնութագրիչ | Արժէք |
---|---|
հեմատոկրիտ |
45 ± 7 (38–52%) տղամարդոց համար |
pH | 7.35–7.45 |
PO2 | 10–13 քՊա (80–100 մմ սս) |
PCO2 | 4.8–5.8 քՊա (35–45 մմ սս) |
HCO3− | 21–27 մմ |
Պլազման թափանցիկ դեղնաւուն հեղուկ է։ Անոր շուրջ 90-92 %-ը ջուր է, որուն մէջ լուծուած են օրկանական եւ անօրկանական նիւթեր։ Այս նիւթերու 7-8 %-ը կը կազմեն սպիտակուցները, 0,5-1 %-ը՝ ճարպեր են, 0,08-0,12 %-ը ածխաջուրեր մասնաւորապէս կլուքոզ, 0,9 %-ը անօրկանական աղերը։ Կը տարբերին հետեւեալ տեսակի սպիտակուցներ՝ ալպումիններ (3,8-5%), կլոպուլիներ (2-3%) եւ ֆիպրինոկէն (0,2-0,6 %)։ Կլոպուլինները կը բաժնուին 3 խումբի՝ α, β, γ - կլոպուլիններ։ Անօրկանական աղերը զանազան ելեկրոլիտներ են եւ հանդէս կու գան նաթրիումի, քալսիումի, մակնիզիումի, կալիումի եւ այլ կատիոններու քլորիտներու, պիկարպոնատներու, ֆոսֆաթներու, սուլֆաթներու եւ այլ աղերու ձեւով։ Ասոնք կը կատարեն շարք մը գործեր՝
- ասոնցմով պայմանաւորուած է արեան փլազմայի օսմոսային ճնշումը,
- կը մասնակցին արեան PH-ի կարգաւորմանը եւ CO2 –ի փոխադրութեան,
- կը մասնակցին արեան մակարդակի կարգաւորման գործարկութիւններու,
- կ'աշխուժացնեն ֆերմենտներ,
- բջիջներու միքրոմիջավայրի մէջ կը մասնակցին դրդման գործի առաջացման,
- սպիտակուցներու, կամ օրկանական թթուներու հետ կապուած վիճակի մէջ, կը հասնին տարբեր օրկաններ եւ հիւսուածքներ։ Իրենց քանակով եւ նշանակութեամբ շատ աւելի կարեւոր են սպիտակուցները։ Փլազմային մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 200 տեսակի սպիտակուցներ, որոնք կը բաժնուին երեք խումբի՝ ալպումիններ, կլոպուլիններ եւ ֆիպրինոկէն։ Ալպումիններով պայմանաւորուած է փլազմայի կոլոիտ վիճակի կայունութիւնը եւ արեան կախույթային վիճակը, իրենց մակերեսի վրայ կը փոխադրեն ճարպաթթուներ, բիլիռուպին, ստերոիդ հորմոններ, լեղաթթուներու աղեր, թիրոքսինի եւ քալսիումի իոններու մէկ մասը։
- Ալֆա-կլոպուլիններու մեծ մասը միացած է ածխաջուրերու հետ, առաջացնելով կլիքոպրոտէիտներ։ Հանդէս կու գան իբրեւ սպիտակուցալուծ ֆերմենտներու արգելակիչներ, կամ հորմոններու միքրոտարրերու եւ վիթամիններու փոխադրիչներ։
- Պեթա-կլոպուլինները մեծ խնամակցութիւն ունին լիփիտներու հետ։
- Կամմա-կլոպուլինները կը կոչուին իմունոկլոպուլիններ եւ կը համարուին իմունիտետը ապահովող հակամարմիններ։
Արեան փլազմայի պաշտօններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան փլազմայի սպիտակուցներու պաշտօններն են՝
- կ'ապահովեն փլազմայի օնկոսային Ճնշումը,
- արեան թթուա-հիմնային հաշուեկշիռի կարգաւորում,
- ալպումիններու եւ կլոպուլիններու յարաբերութեամբ արեան ձեւաւոր տարրերու կախույթային վիճակը հետեւաբար ԷՆԱ-ն
- կը պայմանաւորեն փլազմայի մածուծիկութիւնը,
- կը մասնակցին ոչ սպեցիֆիկ պաշտպանական հակազդեցութիւններուն,
- կ'իրականացնեն հումորալ իմունիտետը,
- կը փոխադրեն ածխաջուրեր, լիփիտներ, հորմոններ, վիթամիններ, միքրոտարրեր,
- կը մասնակցին արեան մակարդման, ֆիպրինոկէնը կը հանդիսանայ մակարդման կարեւորագոյն գործօններէն մէկը։
Արեան ձեւաւոր տարրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասոնք կը ստեղծուին ոսկրածուծին եւ աւշային հանգոյցներու մէջ, հասուննալէ ետք կը փոխադրուին արեան շրջանառութեան մէջ։ Կը կազմեն արեան ընդհանուր ծաւալի 40-45 %-ը։
Ձեւաւոր տարրեր | Քանակը | ||
---|---|---|---|
Էրիթրոցիտներ | 4,5-ից 5,5 միլիոն. | ||
Լէյկոցիտներ | 4.000–11.000 | ||
Կրանուլոցիտներ | |||
Նէյտրոֆիլներ | 2.500–7.500 | ||
Էոզինոֆիլներ | 40–400 | ||
Պազոֆիլներ | 10–100 | ||
Լիմֆոցիտներ | 1.500–3.500 | ||
Մոնոցիտներ | 200–800 | ||
Թրոմբոցիտներ | 300.000 |
Էրիթրոցիտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էրիթրոցիտները արեան կարմիր բջիջներն են, որոնց գլխաւոր գործը թթուածինի փոխադրութիւնն է։ Էրիթրոցիտները իրենց թաղանթի վրայ կը փոխադրեն նաեւ կրեատոր մաքրոմոլեքուլներ, հորմոններ, ամինաթթուներ, նուքլէօտիտներ եւ այլն։ Թաղանթը կը պարունակէ սիալաթթու, որ կ'ապահովէ թաղանթի բացասական լիցքաւորումը եւ արեան կախութային վիճակը։ Էրիթրոցիտները կը մասնակցին նաեւ արեան մակարդման, կը պայմանաւորեն արեան խմբային պատկանելիութիւնը։ Չափահաս տղամարդու արեան 1 մմ3 ծաւալը կը պարունակէ 4,5-5 միլիոն էրիթրոցիտ, իսկ կնոջը՝ 3,8-4,5 միլիոն։ Նորածիններու մօտ անիկա կը հասնի 7,5 միլիոն-ի, որ կապուած է երեխայի թթուածնային պակասի հետ, յատկապէս ծնունդի ժամանակ։ Թթուածինի մատակարարման պորտալարային ձեւէն թոքային շնչառութեան անցնելու ժամանակ երեխայի էրիթրոցիտներու քանակը աստիճանաբար կը կանոնաւորուի։ Մեծ քանակութեամբ էրիթրոցիտներու քայքայումը պատճառ կը դառնայ հեմոկլոպինի վերածման պիլիռուբին գունակի, որ կը դեղնացնէ երեխայի մաշկը։ Մէկ շաբթուան երեխայի 1մմ-ի մէջ անիկա շուրջ 1 միլիոնով կը պակսի, վեց ամսուանին կը հասնի 4,5 միլիոնի։ Նորածինի արեան մէջ սկզբնական շրջանին կը յայտնաբերուին մեծ քանակութեամբ կորիզաւոր էրիթրոցիտներ։ Ծնելէն մէկ օր ետք այսպիսի էրիթրոցիտներու թիւը 1մմ-ի մէջ կը հասնի 600-ի։ Մէկ շաբթուաններուն մօտ 160-ի, 30-40 օրուան երեխաներու մօտ ասոնք արդէն գրեթէ չեն հանդիպիր։ Էրիթրոցիտներու քանակի յաւելումը (էրիթրոցիտոզ) կրնայ ըլլալ ցած մթնոլորտային ճնշման պայմաններու մէջ, ֆիզիքական աշխատանքի ժամանակ, յղութեան ընթացքին եւ քաղցած ժամանակ։ Էրիթրոցիտներու քանակի նուազումը կը կոչուի էրիթրոպենիա, անիկա կրնայ դիտուիլ մեծ քանակութեամբ հեղուկներ ընդունելու եւ սակաւարիւնութեան ժամանակ։ Էրիթրոցիտները կորիզազուրկ են, ունին երկգոգ սկաւառակի տեսք։ Կորիզի տեղը կը գրաւեն հեմոկլոպինի մոլեքուլները։ Էրիթրոցիտներու թաղանթը կիսաթափանցիկ է։ Թաղանթի վրա ամրացուած են շուրջ 300 հակածիններ (անտիկէններ)։ Էրիթրոցիտներու կեանքի առաւելագոյն տեւողութիւնը 120 օր է։ Ծերացած էրիթրոցիտներու մէջ ԱԵՖ-ի քանակը աստիճանաբար կը պակսի, թաղանթը կը կորսնցնէ իր ճկունութիւնը, կը զրկուի սիալաթթուէն, կը դառնայ կլորաւուն ու կ'ենթարկուի ներբջիջային կամ ներանօթային հեմոլիզի։
Հեմոկլոպին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հեմոկլոպինը (Hb) կը հանդիսանայ թթուածինի իւրայատուկ փոխադրիչը, կը մասնակցի նաեւ հիւսուածքներէ ածխաթթու կազի փոխադրութեան։ Արեան pH-ի կարգաւորման մէջ հեմոկլոպինը կը համարուի արեան հզօրագոյն բուֆերը։ Առողջ տղամարդու արիւնը կը պարունակէ 14,5±1,5գ% հեմոկլոպին, իսկ կիներունը՝ 13,0±1,5գ%: Հեմոկլոպինը բարդ գունակիր սպիտակուց է, որ բաղկացած է հեմէ, որ կը պարունակէ երկարժէք երկաթ եւ սպիտակուցային մասէն՝ կլոպին: Թոքերու մէջ գոյութիւն ունեցող բարենպաստ պայմաններու մէջ հեմոկլոպինը կը միանայ մոլեքուլային թթուածինի հետ եւ կ'առաջացնէ օքսիհեմոկլոպին՝ HbO2 (1 գ. Hb-ն կը կապէ 1.34 մլ O2)։ Հիւսուածքներու մէջ HbO2−ը կը փեղեկուի՝ անջատելով Օ2: Վերականգնուած հեմոկլոպինը հիւսուածքներու մէջ կը միանայ CO2−ին եւ կը փոխադրէ դէպի թոքերը։ Այս միացութիւնը կը կոչուի քարպօհեմոկլոպին՝ HbCO2։ Շմոլ կազը (CO) թթուածինի համեմատութեամբ 150-300 անգամ աւելի մեծ խնամակցութիւն ունի հեմոկլոպինի հանդէպ։ CO−ը մեծ արագութեամբ կը միանայ Hb-ի եւ կը գրաւէ O2−ի տեղը։ Կ'առաջանայ Hb-ի ախտաբանական միացութիւն՝ քարպօքսիհեմոկլոպին (HbCO)։ Եթէ ներշնչուող օդին մէջ կայ նոյնիսկ 0,1% CO, ապա Hb-ի 80%-ը կը կապուի, առաջացնելով HbCO, որ կայուն միացութիւն է, քան HbO2−ը։ Քարպօքսիհեմոկլոպինի առաջացաման հետեւանքով օրկանիզմի մէջ կը զարգանայ թթուածնաքաղց, որ կ'ուղեկցուի գլխացաւով, փսխունքով եւ յիշողութեան կորուստով։
Լէյկոցիտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լէյկոցիտները արեան սպիտակ (անգոյն) բջիջներն են, զորոնք ուսումնասիրելու համար կը ներկեն։ Կը պարզուի, որ անոնց մէկ մասի ցիտոփլազման կը պարունակէ հատիկներ, իսկ միւս մասը չի պարունակեր։ Հատիկներ պարունակող լէյկոցիտները կը կոչուին հատիկաւոր (պազոֆիլներ, էօզինոֆիլներ, նէյտրոֆիլներ), իսկ հատիկներ չպարունակողները՝ ոչ հատիկաւոր (լիմֆոցիտներ, մոնոցիտներ), որոնք իրարմէ կը տարբերին ծագումով, գործով եւ արտաքին տեսքով։ Լէյկոցիտները կ'իրականացնեն բազմաթիւ պաշտպանական գործեր։ Լէյկոցիտներու քանակը 1 մմ արեան մէջ 4-9 հազար է, ասոնց կեանքի տեւողութիւնը չափազանց կարճ է՝ քանի մը ժամէն մինչեւ քանի մը օր. բացառութիւն կը կազմեն յիշողութեան լիմֆոցիտները, որոնք կ'ապրին 10-15 տարի։
Լէյկոցիտներու առանձին ձեւերը կը գտնուին որոշակի յարաբերակցութեան մէջ (այսպէս կոչուած՝ լէյկոցիտային բանաձեւ), սակայն այդ յարաբերակցութիւնը եւս կրնայ նկատելիօրէն փոխուիլ։ Եթէ լէյկոցիտներու քանակը 9000-է աւելի է, կը կոչուի լէյկոցիտոզ, իսկ 4000-էն պակասը՝ լէյկոպենիա: Նշուած փոփոխությիւնները, իբրեւ ախտաբանական գործընթացի վկայութիւն կարելի է դիտել միայն օրկանիզմի ընդհանուր վիճակի հետ կապուած, քանի որ թէ' լէյկոցիտոզը, թէ՜ լէյկոպենիան կրնան նկատուիլ նաեւ առողջ օրկանիզմի մէջ։ Առողջ մարդոց օրկանիզմին մէջ լէյկոպենիա կրնայ նկատուիլ տաք լոգանքներէ, բաղնիքէ ետք, մարզիկներու եւ պարբերաբար ծանր ֆիզիքական աշխատանքով զբաղողներու մօտ։ Այսպէս կոչուած ֆիզիոլոգիական լէյկոցիտոզ կրնայ ըլլալ ուտելէ ետք, գերսառեցման, անսովոր ծանր ֆիզիքական աշխատանքի ժամանակ։ Լէյկոցիտներու քանակը կրնայ աւելնալ նաեւ յղութեան երկրորդ կիսուն ինչպէս նաեւ ֆիզիոլոգիական այլ փոփոխութիւններու պարագային։ Ախտաբանական լէյկոցիտոզը, որ կ'առաջանայ իբրեւ օրկանիզմի պաշտպանական միջոց, հակազդեցութիւն կը նկատուի բորբոքումներու, հուսուածքների մեռուկացման (օրինակ՝ սիրտի քաղցկեղի), արեան մեծ կորուստներու եւ վնասուածքներու ժամանակ։ Լէյկոցիտոզը յաճախ կ'ուղեկցի տարբեր դիւրազգացական հիւանդութիւններու։
Պազոֆիլներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պազոֆիլներ (0-1%)։ Ցիտոփլազման կը պարունակէ հեպարին, հիստամին, կենսաբանական այլ աշխուժ նիւթեր։ Հեպարինը հակամակարդիչ նիւթ է, հիստամինը՝ անօթալայնիչ։ Ասոնց կեանքի տեւողութիւնը 8-12 օր է, ունին 8-12 մկմ տրամագիծ, արեան մէջ կը շրջանառեն քանի մը ժամ։ Պազոֆիլները ընդունակ են ֆակոցիտոզի, կը ներգործեն մակարդման եւ ֆիպրինալուծման գործընթացներու վրայ։
Էօզինոֆիլներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էօզինոֆիլները 10-15 մկմ տրամագիծով ձուաձեւ բջիջներ են, կը կազմեն շրջանառու լէյկոցիտներու 1-5 %-ը։ Կ'իրականացնեն հետեւեալ գործերը. հակահելմինթային, սեփական եւ օտարածին կենսաբանական աշխուժ նիւթերու վնասազերծման, դիւրազգացական հակազդեցութիւններու կարգաւորման։ Կեանքի տեւողութիւնը 8-12 օր է։ Արեան մէջ էօզինոֆիլներու քանակը կը բարձրանայ դիւրազգացական հակազդեցութիւններու ու ճիճուային եւ աուտոսոմային հիւանդութիւններու պարագային։ Օժտուած են ֆակոցիտոզով, յատկապէս ֆակոցիտի մէջ գնդաձեւ են մանրէները։
Նէյտրոֆիլներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նէյտրոֆիլները կը կազմեն ամբողջ լէյկոցիտներու 50-70%-ը, ունին 13-15 մկմ տրամագիծ։ Բնականոն պայմաններու մէջ անոնց մէկ մասը կը շրջի արեան մէջ, իսկ մնացածը անօթներուն մէջ կը գրաւէ առպատային դիրք, կը կպչի մազանօթներու էնտոթէլին, չմասնակցելով արեան հոսանքին։ Արեան հունին մէջ կը գտնուին 8-12 ժամ, ապա կը գաղթեն հիւսուածքներ, կը տեղակայուին լեարդին, թոքերուն, փայծաղին, երիկամներու, ստամոքս-աղիքային ուղիին մէջ, ուր նաեւ կը քայքայուին։ Առողջ մարդու արեան մէջ կրնան հանդիպիլ երիտասարդ նէյտրոֆիլներու, որոնք ունին մեծ լոբաձեւ կորիզ եւ ցուպիկա-կորիզաւորներ, որոնց կորիզը չէ բաժնուած առանձին հատուածներու։ Երիտասարդ նէյտրոֆիլներու կորիզը չէ բաժնուած առանձին հատուածներու։ Հասուն նէյտրոֆիլներու կորիզը կը բաժնուի 2-3 հատուածներու, սակայն անոնց իրարմէ առանձնացած չեն։ Օժտուած են ֆակոցիտոզով, կը կլանեն մանրէներ, հիւսուածքներու քայքաման արգասիքներ։ Մէկ նէյտրոֆիլը կը կլանէ 25-30 մանրէ, որուն համար կը կոչուի միքրօֆակ: Նէյտրոֆիլները օրկանիզմի ոչ մենայատուկ պաշտպանական համակարգի կարեւոր տարրերն են, կը համադրեն հումորալ գործօններ՝ կոմփլեմենտ, լիզոցիմ, ինտերֆերոն, լաքտոֆերին: Նէյտրոֆիլներու քանակը կ'աւելնայ վարակներու եւ սուր բորբոքային հիւանդութիւններու ժամանակ։ Ասոնք կը մասնակցին նաեւ արիւնականգին, կ'աշխուժացնէ մակարդման յպման փուլը։
Մոնոցիտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մոնոցիտները կը կազմեն շրջանառու արեան լէյկոցիտներու 2-10 %-ը, ունին 12-18 մկմ տրամագիծ, արեան մէջ կը շրջին 70 ժամ ապա կը գաղթեն հիւսուածքներ, ուր կ'ապրին մինչեւ 60 օր, պահպանելով արեան հուն վերադառնալու ունակութիւնը։ Հիւսուածքներուն մէջ անոնք կը հասուննան եւ կը վերափոխուին հիւսուածքային մաքրօֆակերու: Անոնց բնորոշ է մեծ քանակով լիզոսոմներու առկայությունը, կեղծ ոտիկներու առաջացումը։ Կը կատարեն բազմաթիւ պաշտօններ՝ ի հաշիւ ֆակոցիտային եւ մանրէասպան յատկութիւններու՝ կը համարուին օրկանիզմի ոչ մենայատուկ պաշտպանութեան բջիջային գործօնները։ Իրականացնելով պաշտպանական գործընթացք, մոնոցիտները կը կանխեն ախտածին մանրէներու զարգացումը, կը կլանեն եւ կը քայքայեն ախտահարուած էրիթրոցիտները, ծերացած բջիջները, բնափոխուած սպիտակուցները։ Մէկ մոնոցիտը կը կլանէ 100 մանրէ, որուն համար կը կոչուի մաքրօֆակ:
Լիմֆոցիտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լիմֆոցիտները նոյնպէս ցողունային բջիջներ են, անոնք կը կազմեն լէյկոկրամի 20-40%[1]: Օրկանիզմին մէջ լիմֆոցիտներու ընդհանուր զանգուածը անհամեմատ մեծ է՝ 41,5 քիլոկրամ։ Լիմֆոցիտները անընդհատ կը շրջին մէկ հիւսուածքէն միւսը։ Ի տարբերւթիւն միւս լէյկոցիտներու, անոնք հիւսուածքէն կրկին կը վերադառնան արիւն եւ ապա կը գաղթեն դէպի այլ հիւսուածք մը։ Լիմֆոցիտներու մէկ մասը իմունոլոգիական յիշողութիւն ունեցողնեը երկարակեաց են եւ կրնան ապրիլ 10-20 եւ աւելի տարիներ։ Լիմֆոցիտները իմունիտետի գործող բջիջներն են։ Անոնք կը վնասազերծեն օրկանիզմ թափանցած օտար գենետիկական տեղեկատուութիւն ունեցող մանրէներ, մակաբոյծներ, բջիջներ, հիւսուածքներ եւ օրկաններ: Կան 3 տիպի լիմֆոցիտներ՝ T, B եւ 0 լիմֆոցիտներ։ Վերջիններս անհրաժեշտութեան պարագային կը տարբերակուին T կամ B լիմֆոցիտներու։ T լիմֆոցիտներու տարբերակումը տեղի կ'ունենայ ուրցագեղձին մէջ (thumus, որուն սկզբնատառէն կը ծագի այս բջիջներու անուանումը)։ Թռչուններու B լիմֆոցիտները կը տարբերակուին յատուկ աւիշային օրկանին մէջ՝ bursa Fabricius (bursa բառի սկզբնատառէն կը ծագի B լիմֆոցիտներու անուանումը)։ Կաթնասուններու եւ մարդոց օրկանիզմին մէջ այդ օրկանը կը բացակայի։ Անոնց B լիմֆոցիտները կը մասնագիտանան մարսողական օրկաններու՝ որդանման ելուստի, պէյերեան բիծերու, քիմքի եւ ըմպանի աւիշային հանգոյցներու մէջ։ T լիմֆոցիտներու քանակը կը կազմէ արեան լիմֆոցիտներու շուրջ 70%-ը։ T լիմֆոցիտները կ'առաջանան ոսկրածուծին մէջ։ Թերեւս սաղմնային զարգացման շրջանին անոնք արեան միջոցով կը փոխադրուին ուրցագեղձ, ուր տարբեր բնոյթի անտիկէններու նկատմամբ ձեռք կը բերեն համապատասխան ընկալուչներ։ Վերջիններս կը դասաւորուին թաղանթի վրայ։ Ուրցագեղձէն T լիմֆոցիտները կը փոխադրուին ծայրամասային աւիշային հանգոյցներ։ Այս լիմֆոցիտները «նստակեաց» չեն եւ արեան ու աւիշի միջոցով անընդհատ կը շրջին օրկանիզմի տարբեր մասերուն մէջ։ Հիւսուածքներու մէջ թափանցած օտար մարմինները մաքրօֆակերու կողմէ կ'ենթարկուին ֆազոցիտոզի, որուն ընթացքին կը մշակուին իմունոկէններ։ Մաքրօֆակերը անոնցմէ անջատուած անտիկէնները կը հասցնեն T լիմֆոցիտներուն, որոնց ընկալուչները կը միանան համապատասխան անտիկէններու հետ։ Այս միացութիւնը կը խթանէ T լիմֆոցիտներուն, որոնք կը սկսին բազմանալ, առաջացնելով T լիմֆոցիտներու տարատեսակներ[2]:
Գոյութիւն ունի T ճնշողներ (սուփրեսորներ), T օրգանականներ (հելփըրներ), T սպանիչներ (քիլըրներ), T աշխուժացնողներ (ամպլիֆայըրներ)։ T սուփրեսորները կը չափաւորեն B լիմֆոցիտներու ուժեղացած գործը, իսկ T հելփըրները կը փոխներգործեն B լիմֆոցիտներու հետ եւ զանոնք կը դարձնեն փլազմատիկ բջիջներ։ T ամպլիֆայըրները կ'աշխուժացնէ T քիլըր լիմֆոցիտները, որոնք համադրուած յատուկ նիւթերու՝ լիմֆոկիններու միջոցով կը քայքայեն օրինակ փոխպատուաստած օտար գենետիկական տեղեկատուութիւն ունեցող բջիջներ, հիւսուածքներ եւ օրկաններ։ Անոր շնորհիւ վերջիններս կը մերժուին օրկանիզմի կողմէ։ T լիմֆոցիտները կը քայքայեն նաեւ քաղցկեղի բջիջները, մուտացիայի ենթարկուած բջիջները։ Իւրաքանչիւր T լիմֆոցիտ կը քայքայէ մէկ բջիջ։ Իմունիտետի այս ձեւը կ'իրականանայ արեան բջիջներու՝ T լիմֆոցիտներու անմիջական մասնակցութեամբ, ուստի անիկա կը կոչուի բջջային իմունիտետ։ Պաշտպանական այս իւրայատուկ հակազդեցութիւններու ընթացքին կը ձեւաւորուին նաեւ յիշողութեան T լիմֆոցիտները, որոնք առանց կիսուելու կը պահպանուին տարբեր հիւսուածքներու մէջ եւ նոյն անտիկէնին հանդիպելով կ'ապահովեն համապատասխան իմունոլոգիական հակազդեցութիւնը։ B լիմֆոցիտները նոյնպէս կ'առաջանան ոսկրածուծին մէջ, տարբեր անտիկէններու նկատմամբ ձեռք կը բերեն համապատասխան ընկալուչներ, եւ կը փոխադրուին աւիշային հանգոյցներ, փայծաղի եւ պէյերեան բիծերու մէջ։ Այստեղ թափանցած մանրէներու անտիկէններու առկայութեան մասին տեղեկատուութիւն կը ստանան T հելփըրներէ, որոնց շնորհիւ կ'աշխուժանան, կը փոխադրուին մօտակայ աւիշային հանգոյց եւ կը բազմանան։ Բազմացած այդ բջիջներու մէկ մասը կը դառնայ յիշողութեան B լիմֆոցիտներ, որոնք առանց կիսուելու երկար տարիներ կը պահպանուին հիւսուածքներու մէջ սպասելով կրկին հանդիպելու համապատասխան անտիկէնի։ Իսկ միւս մասը կը տարբերակուի փլազմատիկ բջիջներու, որոնք կը համադրեն անտիկէնին համապատասխան հակամարմիններ՝ հիմունոկլոպուլիններ։ Վերջիններս արեան եւ աւիշի միջոցով (հումորալ ճանապարհով) կը հասնին վարակի ենթարկուած օճախ եւ կ'ոչնչացնեն յարուցիչները։ Իմունիտետի այս ձեւը կը կոչուի հումորալ։
Լիմֆոցիտները կը մասնակցին նաեւ կրեատոր մաքրոմոլեքուլներու փոխադրութեան։ Անով կը մասնակցին օրկաններու փոխադարձ կապի եւ օրկանիզմի ամբողջականութեան պահպանութեան։
Թրոմբոցիտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թրոմբոցիտները կամ արեան թիթեղիկները կաթնասուններու մօտ անկորիզ են, սկաւառակաձեւ թիթեղիկներ են 1-4 մկմ տրամագիծով։ Կ'առաջանան կարմիր ոսկրածուծին մէջ։ Արեան 1մմ3 ծաւալին մէջ անոնց քանակը 200.000-400.000 է: Անոնց քանակի յաւելումը կը կոչուի թրոմբոցիտոզ, իսկ նուազումը՝ թրոմբոփենիա:
Անոնց քանակը կ'աւելնայ մարսողութեան, ծանր մկանային աշխատանքի, յղութեան ժամանակ։ Տեղի կ'ունենայ նաեւ օրական տատանում յոյզերէ, գիշերը անոնց քանակը կը պակսի։
Թրոմբոցիտներու գործերը բազմազան են եւ կ'որոշուին իւրայատուկ յատկութիւններով (ակլիատինացիայի յատկութիւն, ատհեզիա (կպչման) եւ միացքաւորման (ակրեկացիա), կեղծ ոտիկներու յառաջացման)։ Թրոմբոցիտները ունին պաշտպանական պաշտօններ, որոնցմէ մէկը կը դրսեւորուի մանր եւ մեծ անօթներէ արիւնահոսութիւներու ժամանակ, որոնց պարագային անոնց մասնակցութեամբ գոյացած խցանը կը փակէ վնասուած անօթի լուսանցքը եւ կը կանխէ հետագայ արիւնահոսութիւնը։
Թրոմբոցիտներու փլազմատիկ թաղանթը արտաքինէն պատուած է նուրբ շերտով, որ հարուստ է մակարդիչ գործօններով, անմիջապէս փլազմատիկ թաղանթի վրայ դասաւորուած գլիկոպրոտէիտներու մոլեքուլները տարբեր մեքանիզմներով կը մասնակցին թրոմբոցիտներու ատհեզիային եւ ակրեկացիային։ Փլազմատիկ թաղանթի տակ դասաւորուած միքրոխողովակներրը կը մտնեն բջիջի կծկողական ապարատի մէջ։ Գրգռուած թրոմբոցիտի կծկողական համակարգի կծկման շնորհիւ հիալոփլազման եւ օրկանոիտները կը սեղմուին, անոնց պարունակութիւնը բաց անցուղիներու միջոցով կը մղուի շրջապատող միջավայրի մէջ։ Պարունակութիւնը ունի բարդ քիմիական բաղադրութիւն, ինչպէս իւրայատուկ մակարդիչ գործօններ, որոնք կը կոչուին թրոմբոցիտային (թրոմբոցիտային թրոմբոփլաստին, հակահեպարինային գործօն, ֆիպրինոկէն, թրոմբոստէնին, սերօտոնին, միացքաւորման գործօն)։ Թրոմբոցիտներէն անջատուած է նաեւ թրոմբոցիտային աճի գործօնը, որ կը խթանէ անօթներու հարթ մկանունքի աճը եւ կը պահպանէ էնդոթելային շերտի ամբողջականութիւնը։
Թրոմբոցիտները կրնան արտադրել բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կը մասնակցին արեան մակարդման բոլոր փուլերուն. Գործօն 3՝ թրոմբոցիտային թրոմբոփլաստին: Գործոն 4՝ հակահեպարինային գործօն, Գործոն 5՝ մակարդիչ գործօն, կամ ֆիպրինոկէն: Գործոն 6՝ թրոմբոստէնին: Գործոն 10՝ սերօտոնին: Գործոն 11՝ միացքաւորման գործօն։
Արեան մակարդում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան մակարդումը՝ արեան պաշտպանական հակազդեցութիւններէն է, որուն շնորհիւ վնասուած անօթէն արիւնահոսութիւնը կը դադրի՝ տեղի կ'ունենայ արիւնականգ՝ հեմոստազ: Արեան մակարդումը կենսաքիմիական, կենսաֆիզիքական եւ ֆիզիոլոգիական գործընթացներու բարդ համալիր է, որ կ'ընթանայ քանի մը փուլերով։ Արեան մակարդումը ֆերմերնտային գործընթացք է։ Ֆերմենտային տեսութիւնը հիմնադրուած է 19-րդ դարու վերջին Ա. Ա Շմիտդի կողմէ, հետագային լրացուած է Մորավիցի կողմէ։ Ըստ այդ տեսութեան մակարդումը կ'ընթանայ 3 փուլով։ Գոյութիւն ունին նաեւ նախափուլ եւ վերջափուլ։ Նախափուլը անօթաթրոմբոցիտային արիւնականգն է, իսկ վերջափուլը՝ մակարդուկի կրճատումը (ռետրակցիա) եւ ֆիպրինալուծումը։ Հեմոֆիլիա հիւանդութիւնը կապուած է արեան ուշ մակարդման հետ, որ պայմանաւորուած է թրոմբոցիտներու ուշ սոսնձման հետ։ Հիւանդութիւնը կը կրէ ժառանգական բնոյթ։
Արեան խմբաւորումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան խմբաւորումներու մասին ուսմունքը ծագած է քլինիքական բժշկութեան պահանջներէ։ Փոխներարկման ժամանակ առողջ անհատէն՝ կամաւորէն առած արիւնը կը ներարկեն արեան կարիք ունեցող անհատին՝ ընդունողին։ 20-րդ դարու սկիզբը ի յայտ եկաւ, որ մարդու մը արեան փլազման կրնայ սոսնձել միւսի էրիթրոցիտները: Այս երեւոյթը կոչուեցաւ իզոհեմակլիուտինացիա։ Անոր հիմքին մէջ ինկած է էրիթրոցիտներու մէջ յատուկ հակածիններու՝ α, β ակլիուտինոկէններու եւ փլազմայի բնական հակամարմիններու՝ ակլիուտիններու առկայութիւնը։ Էրիթրոցիտներու ակլիուտինացիա կ'առաջանայ, երբ կը հանդիպին նոյնանման ակլիուտինոկէնը եւ ակլիուտինինը՝ A-ն եւ α-ն, B-ն եւ β-ն։ Միեւնոյն մարդու արեան մէջ գոյութիւն ունին այդ չորս գործօններէն միայն երկուքը, այնպէս որ անոնք համանուն չըլլան։ Կարելի է կազմել չորսզուգորդութիւններ, որոնք ալ կը համարուին արեան չորս խմբերը։ I-αβ, II-Aβ, III-Bα, IV - AB: Ներկայիս էրիթրոցիտներու մէջ յայտնաբերուած են A եւ B ակլիուտինոկէններու տարատեսակներ A1, A2, A3...A7, B1, B2, B3...B6, A1 եւ B1 ակլիուտինոկէններnվ օժտուած են ակլիուտինացիայի աւելի մեծ ունակութեամբ, քան միւսները։ Ըստ ABO համակարգի՝ մեծ քանակով արեան փոխներարկման ժամանակ անհրաժեշտ է ներարկել միայն նոյնանուն խումբի արիւն, իսկ արտակարգ վիճակներու մէջ պէտք է կիրառել Օտտենպըրկի կանոնը, որոգն համաձայն կը թոյլատրուի փոխներարկել առաջին խումբի արիւն, որ չի պարունակեր ակլիուտինոկէններ։
Ռեզուս-Գործօն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ. Լանտշտայիներ եւ Ա. Վինըր (1940) ռեզուս մակակ կապիկներու արեան էրիթրոցիտներու մէջ յայտնաբերեցին ակլիուտինոկէն, որ կոչեցին ռեզուս գործօն (Rh)։ Պարզուեցաւ, որ մարդոց 85% -ի արիւնը Rh+ է, իսկ 15%-ինը՝ Rh-: Ներկայիս յայտնի է, որ ռեզուս համակարգը կը ներառէ աւելի քան 40 հակածին, որոնք կը նշուին տառերով, թիւերով, նշաններով (օր. D, C, E)։
Rh- գործօնը չունի իր բնական հակամարմինը, անիկա կը ձեւաւորուի, երբ Rh- ընդունողին ներարկեն Rh+ արիւն։ Իմունոլոգիական բախում տեղի կ'ունենայ, երբ Rh- մարդուն կրկնակի անգամ Rh+ արիւն կը ներարկեն եւ յղութեան պարագային, երբ մայրը Rh- է եւ հայրը՝ Rh+, պտուղը Rh+ կ'ըլլայ: Երբ մայրը ունի Rh- արիւն, իսկ պտուղը՝ Rh+, ապա յղութեան պարագային, երբ կը խանգարուի ընկերքային պատնէշի անօթային ամբողջականութիւնը, պտուղի արեան էրիթրոցիտները կրնան անցնել մօր արեան մէջ եւ առաջացնել հակամարմիններ։ Անոնք ընկերքով թափանցելով պտուղի արեան մէջ, կրնան առաջացնել էրիթրոցիտներու ակլիուտինացիա, որուն իբր արդիւնք կրնայ զարգանալ հեմոլիզային սակաւարիւնութիւն։
Էրիթրոցիտներու Նստեցման Արագութիւնը (ԷՆԱ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մակարդումը կանխելէ ետք փորձանօթին մէջ գտնուող արիւնը կը շերտաւորուի։ Ձեւաւոր տարրերը կը նստին փորձանօթի յատակը, իսկ փլազման կը գրաւէ վերի շերտը։ Արեան մէջ էրիթրոցիտներու քանակի գերակշռութեան պատճառով ձեւաւոր տարրերու շարժման արագութիւնը կը կոչուի էրիթրոցիտներու նստման արագութիւն՝ ԷՆԱ։ Առողջ տղամարդու ԷՆԱ-ն հաւասար է 2-10մմ/ժ, առողջ կնոջը՝ 2-12մմ/ժ, նորածիններունը՝ 0.5մմ/ժ, յղիներունը՝ 45-50մմ/ժ։ ԷՆԱ-ի մեծութիւնը կախեալ է ոչ այնքան էրիթրոցիտներու, որքան արեան փլազմայի յատկութիւններէ։ Փլազմայի մէջ ԷՆԱ-յի մեծութեան գործօնը ալպումին/կլոպուլինային գործակիցն է, որ կը տատանի 1.3-2.2-ի սահմաններուն մէջ։ Միւս սպիտակուցներու համեմատութեամբ ալպումիններու մոլեքուլային զանգուածը փոքր է, իսկ քանակը՝ շատ։ Ինչքան շատ են ալպումինները, այնքան կայուն է արեան կախութային վիճակը, որ կը պակսեցնէ ԷՆԱ-ն, քանի որ ալպումինները կը կլանուին էրիթրոցիտներու թաղանթին վրայ եւ կը մեծացնեն զանոնք վանող ուժը։ Կլոպուլիններու, ֆիպրինոկէնի եւ կոլոիտ լուծոյթին մէջ ոչ կայուն այլ մաքրոմալեքուլներու մակարդակի բարձրացման պարագային ԷՆԱ-ն կ'արագանայ։ Այսպիսի վիճակ կը ստեղծուի բորբոքումներու, հիւսուածքներու քայքայման եւ շարք մը այլ հիւանդութիւններու ժամանակ։ Սակաւարիւնութեան պարագային օլիկոցիտեմիայի հետեւանքով կը մեղնայ փլազմայի զանգուածը, որ եւս կը նպաստէ ԷՆԱ-ի արագացման։ ԷՆԱ-ն ունի քլինիքական նշանակութիւն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Լիմֆոցիտներ (Lymphocytes, LYM)»։ Յունիմեդ ԲԿ. Լաբորատոր հետազոտություններ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20
- ↑ «Լիմֆոցիտներ»։ doctors.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարդու ֆիզիոլոգիայի հիմունքներ։ Դասագիրք բարձրագույն ուսումնական հաստատությունների համար։ Դ.Ն.Խուդավերդյանի եւ Վ.Բ.Ֆանարջյանի խմբագրությամբ։ Երեւան, 1998:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|