Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Adana Project
Adana Project հայ սիմֆօնիք մէթալ խումբ մըն է։ Հիմնուած է Հայաստանի մէջ պարսկահայ Արիս եւ Արին Քարամեանի կողմէ։ Քարամեան եղբայրները ծնած են Թեհրանի մէջ եւ երաժշտութիւն սկսած հոն երգելով ազգային եւ ժողովրդային երգեր։ Ներգաղթած են Հայաստան 2005-ին։ Գեղամ Ղազարեան եւ Դերենիկ Ճաւատեան եւ երգչուհի Մանէ Տօնոյեան միանալով Քարամեաններուն հիմնած են Adana Project խումբը 2015-ին։ Ապագային Էտուին Մարգարեան միացած է ժամանակ մը ետք ձգելով խումբը։ Դերենիկ Ճաւատեան ձգելէն ետք Փաթրիք Աւետիսեան եւ Ռօման Մնացականեան միացած են խումբին։ Խումբին անուանումը կուգայ Թուրքիոյ Ատանա քաղաքէն ուր մեծ թիւով հայեր կ՜ապրէին Եղեռնէն առաջ։ Խումբը գործակցած է The Beautified Project խումբի հիմնադիր Անտրէ Սիմոնեանին հետ երկու երգերով՝ "Թարմ ծաղիկներ" եւ "Իմը չես գիտեմ"։