Ֆրանսայի դրօշը (ֆրանսերէն՝ Drapeau français), կապոյտ, սպիտակ, եւ կարմիր (ձախէն աջ), հաւասարաչափ ուղղաձիգ շերտերով ուղղանկիւն պաստառ է։ Լայնքի եւ երկայնքի յարաբերակցութիւնը 2։3 է։
Դրօշի կապոյտ գոյնը օգտագործուած է թերեւս Քլոտուիկ Ա.-ի կառավարութեան տարիներուն։ Ան կապ ունի Սուրբ Մարին Տուսրկիվյնի հետ (Մարտին Տուրսկին Ֆրանսայի հովանաւորն է)։ Ըստ առասպելի Սուրբը կիսած է իր թիկնոցը (կապոյտ գոյնի) Ամյէն քաղաքի աղքատներուն, իսկ Քլոտուիկը քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք մօտաւորապէս 498-ին ի պատիւ անոր դրօշի սպիտակ գոյնը փոխարինեց կապոյտով։
Սպիտակ գոյնը 1638-1790-ականներու ընթացքին համարուած էր в թագաւորական դրօշի գոյն եւ քանի մը ծովերու նշան։ 1814-1830-ին ան նաեւ եղած է թագաւորական բանակի դրօշի գոյնը։ Սպիտակ գոյնը կը խորհրդանշէ Ֆրանսան եւ այն ամէնը, որ կապուած է աստուածային կարգի հետ՝ Աստուծոյ հետ (այստեղէն ալ ընդունուած է այս գոյնը իբրեւ թագաւորական հիմնական խորհրդանիշ։ Ըստ պաշտօնական ուսմունքի թագաւորի իշխանութիւն ունէր աստուածային ծագում)։
Հուկու Կապետի կառավարութեան օրով եւ Ֆրանսայի թագաւորի հետնորդները Սուրբ Տիոնիսիայի պատուին ունէին կարմիր օրիֆլամմա, որ եղած է լեգենտար աբբայութեան հիմնադիրը։