Ֆրանսախօս Գրականութիւն

ֆրանսերէն գրուած հնագոյն բնագիրը
Սենեկալցի ֆրանսախօս գրող Լեոփոլտ Սետար Սանկորը

Ֆրանսախօս գրականութիւն (ֆր.՝ Littérature de langue française), ֆրանսերէնով ստեղծուած գրականութիւն:

Հակիրճ տեղեկատուութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախկին ֆրանսական կայսրութեան զանազան տարածաշրջաններուն մէջ ստեղծուած ֆրանսախօս գրականութեան բնոյթն ու կարեւորութիւնը կախուած էր տուեալ տարածաշրջանին մէջ ֆրանսախօս բնակչութեան խտութենէն, անոր գաղութային կարգավիճակի տեւողութենէն, տեղական լեզուին՝ իբրեւ գրական լեզուի զարգացածութեան աստիճանէն[1]:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին գեղարուեստական գրականութեան ուսումնասիրութիւններուն մէջ սկսաւ տարբերակուիլ ֆրանսական գրականութիւնը՝ ֆրանսերէնով ստեղծուած միւս գործերրէն:

1960-ին Մորիս Պեմոլը (Maurice Bémol) հրատարակեց Essai sur l'orientation des littératures de langue française au XXe siècle («Աշխատութիւն ֆրանսերէն գրականութիւններու կողմնորոշման մասին»), որուն վերնագիրին մէջ իսկ գրականութիւն բառի յոգնակի թիւով օգտագործումը կը մատնանշէր այդ գրականութիւններուն՝ իբրեւ ինքնուրոյն երեւույթներու ուսումնասիրման հարցով դրսեւորուող նոր մօտեցումը[2]:

Փարիզը շարունակեց մնալ ֆրանսախօս գրականութեան հրատարակման ամենահզօր կեդրոնը, թէեւ այլ վայրերու մէջ նոյնպէս, մասնաւորապէս՝ քանատական Քէպէք քաղաքին մէջ, ի յայտ եկած են ազդեցիկ հրատարակչական կազմակերպութիւններ, որոնք կը հրապուրեն ու կը գրաւեն ֆրանսախօս գրողներ՝ աշխարհի տարբեր կողմերէն[2]:

Ֆրանսախօս եզրոյթը պատմականօրէն գործածուած է Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս ֆրանսէրէնով ստեղծուած գրականութիւններու համար միայն, սակայն այդ եզրոյթը իր ներկայիս գործածութեամբ կը ներառէ ֆրանսերէնով ստեղծուած որեւէ գրուածք: Այսպիսով, ֆրանսախօս գրականութիւն բնորոշումը լայն առումով կը կիրառուի ֆրանսախօս բոլոր վայրերուն մէջ ֆրանսերէնով ստեղծուած գրուածքներու նկատմամբ:

Ֆրանսախօս գրականութիւն կը նկատուին.

  • եւրոպական ֆրանսախօս երկիրներու գրականութիւնները
  • քանատական գրականութիւն
  • ֆրանսական Վեստ Ինտիայի (Քարայիպեան աւազանի) երկիրներու գրականութիւնները
    • Կուատելուփէի գրականութիւն
    • Հայիթիի գրականութիւն
    • Մարտինիկայի գրականութիւն
  • Ֆրանսախօս Ափրիկէի գրականութիւններ
    • Ալժերիոյ գրականութիւն
    • Պենինի գրականութիւն
    • Պուրկինա Ֆասոյի գրականութիւն
    • Պուրունտիի գրականութիւն
    • Քամերունի գրականութիւն
    • Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան գրականութիւն
    • Չատի գրականութիւն
    • Քամորեան կղզիներու գրականութիւն
    • Քոնկոյի Տեմոկրատական Հանրապետութեան գրականութիւն
    • Քոնկոյի Հանրապետութեան գրականութիւն
    • Փղոսկրեայ Ափունքի գրականութիւն
    • Ճիպութիի գրականութիւն
    • Կապոնի գրականութիւնը
    • Կուինիոյ գրականութիւն
    • Մատակասքարի գրականութիւն
    • Մալիի գրականութիւն
    • Մորիթանիոյ գրականութիւն
    • Մավրիտիուսի գրականութիւն
    • Մարոքի գրականութիւն
    • Նիկերու գրականութիւն
    • Ռուանտայի գրականութիւն
    • Ռեունիոնի գրականութիւն
    • Սենեկալի գրականութիւն
    • Սեշէլեան կղզիներու գրականութիւն
    • Թոկոյի գրականութիւն
    • Թունիսի գրականութիւն
    • Յետգաղութատիրական գրականութիւն
  • Ասիական երկիրներու ֆրանսախօս գրականութիւններ
    • Լիբանանի գրականութիւն (տես՝ Écrivains libanais francophones)
    • Քամպոտիոյ գրականութիւն
    • Լաոսի գրականութիւն
    • Վիեթնամի գրականութիւն

Ֆրանսախօս գրողներու օրինակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • List of French language poets
  • List of French language authors
  • Ժորժ Սիմէնոն (Պելճիքա)
  • Մորիս Մետերլինք (Պելճիքա)
  • Ժագ Ռումէն (Հայիթի)
  • Լեոփոլտ Սետար Սանկոր (Սենեկալ)
  • Պլէզզ Սանտրար (Զուիցերիա)
  • Էմիլ Նելիգկան (Քանատա)

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Charles Bonn, Xavier Garnier et Jacques Lecarme (sous la direction de), Littérature francophone, Paris, Hatier, 409 p. 2218716763
  • Zahida Darwiche Jabbour, Littératures francophones du Moyen-Orient : Égypte, Liban, Syrie, Edisud, Aix-en-Provence, 2007, 206 p. 978-2-7449-0702-9
  • Jean-Louis Joubert (sous la direction de), Littérature Francophone : anthologie, Paris, Nathan, 1992, 446 p. 2288824026
  • Henri Lemaître, Dictionnaire Bordas de littérature française et francophone, Paris, Bordas, 1985, 850 p. 2040161694
  • Le Robert Quotidien: dictionnaire pratique de la langue française. Paris, 1996.
  • Romaine, Suzanne. Bilingualism. London, Blackwell, 1989.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Une histoire de la Francophonie - Organisation internationale de la Francophonie»։ www.francophonie.org։ արտագրուած է՝ 2016-04-18 
  2. 2,0 2,1 Jack Belinda (1996)։ Francophone Literatures։ Oxford: Oxford University Press։ ISBN 0198715072