Jump to content

Ֆանժինկշան

Ֆանժինկշան կամ Ֆանժինկ գագաթը Չինաստանի Կիժու նահանգին Թոնկրեն քաղաքին մէջ, Ուուլինկ լեռներուն ամէնէն բարձր գագաթն է:

Ֆանժինկշան չինարէն կը նշանակէ «պուտտայական հանգստութիւն»:

Անիկա կազմուած է մօտաւորապէս 65 միլիոն եւ 2 միլիոն տարի առաջ[1]:

Ֆանժինկշան լեռներուն միջավայրը ունի բնապահպանման վերաբերեալ մեծ կարեւորութիւն: Անիկա օժտուած է հարուստ բնական միջավայրով մը: Հոն կարելի է գտնել 3724 բոյսի տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` աւելի 2317 անողնաւոր, եւ 450 ողնաւոր անասուններու տարբեր տեսակներ: Օրինակի համար, միայն հոն կարելի է հանդիպիլ Ֆանժինկշանի եղեւնիին եւ Կիժուի տնկուած քիթով կապիկին:

Ֆանժինկշան տաճարը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆանժինկշան տաճարը կը գտնուի Ֆանժինկ լերան գագաթին: Այս «տաճարը» կազմուած է երկու տարբեր տաճարներէ` Պուտտայի տաճարը եւ Մայթրէյա տաճարը: Անոնք զետեղուած են սրածայր ժայռի մը Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին վրայ, իր 100 մեթր բարձրութեամբ` արդէն բարձր լերան մը վրայ հանգչած:

Ծովու մակերեսէն 2336 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս զոյգ տաճարներուն կարելի է հասնիլ մագլցելով հազարաւոր նեղ աստիճաններ` լերան երկայնքին:

Ֆանժինկշան չինարէն կը նշանակէ «պուտտայական հանգստութիւն»: Պուտտային նուիրուած Պուտտայի տաճարը կը ներկայացնէ ներկան, իսկ Մայթրէյա տաճարը կը ներկայացնէ ապագան: Իսկ տաճարներուն հասցնող ճամբուն վերջին բաժինը կը ներկայացնէ այս խորհրդանշական գաղափարը, երբ այցելուները նախ կը հասնին Պուտտայի տաճարը, ապա անկէ կրնան անցնիլ Մայթրէյա տաճար:

Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին հասնելու համար այցելուները պէտք է ֆիզիքական մեծ ճիգեր գործադրեն, որովհետեւ անոնք պէտք է մագլցին մօտաւորապէս 9000 աստիճան` հասնելու համար Պուտտայի տաճար, իսկ միւս տաճարը հասնելու համար պէտք է պարզապէս կտրել Ոսկեգոյն Սութին Կիրճի քարէ կամուրջը, որ իրարու կը միացնէ երկու գագաթները:

Յստակ չէ, թէ այս տաճարները ճիշդ ե՛րբ շինուած են: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, անոնք կրնան շինուած ըլլալ Թանկ թագաւորութեան օրերուն (Է.-Ժ. դարեր), կամ աւելի ուշ` Մինկ թագաւորութեան Եոնկըլի իշխանութեան օրերուն, 1403-1425 թուականներուն միջեւ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]