Օշին Քէշիշեան
Օշին Քէշիշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1934 |
Ծննդավայր | Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն |
Ուսումնավայր |
Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան Վիեննայի Մխիթարեանները Դարուհի-Հովակիմյան երկրորդական վարժարան? Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Կարողութիւն | տէր եւ տնօրէն՝ «The Armenian Observer» շաբաթաթերթին |
Մասնագիտութիւն | դասախօս, Խմբագիր, հրատարակիչ |
Աշխատավայր |
Զարթօնք «Նոր Օր» Armenian Observer? Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան |
Օշին Քէշիշեան, (1934, Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն), դասախօս: Փրոֆ. Քէշիշեան ունի 32 տարուան ուսուցչական նուիրում, խմբագրական եւ աշխատակցական գործունէութիւն «Զարթօնք», «Նոր Օր» եւ այլ հայատառ թերթերու: Այժմ կը վարէ մօտ 50 տարեկան իր սեփականութիւնը հանդիսացող «Տը Արմինիըն Օպզըրվըր» «The Armenian Observer» «Հայկական համայնապատկեր» շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաճախած է Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց վարժարանը: 1948ին Պաղեստինի կռիւներու ժամանակ փոխադրուեր է ապահով վայր՝ Յորդանանի Ամման քաղաքը: Օշինն ինքն իրեն հեգնել գիտէ եւ այն ալ ինչպէս՝ «Քրիստոսի ջուրերը ինծի ալ փրկեցին»։ Ընդամէնը մէկ տարի յաճախեց տեղի Հեթումեան ազգային վարժարան, յետոյ անցաւ Պէյրութ՝ Վիեննական Մխիթարեաններու վարժարան 1949-ին։ Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ իր իմացական սիրով փարուեցաւ գրականութեանն ու լեզուին։ Այստեղ զգաց խմբագրի որակներու լոյսն ու ստուերը, տառապանքն ու բերկրանքը։ Աւարտելով Հ.Բ.Ը.Մ Յովակիմեան- Մանուկեան երկրորդական վարժարանը՝ ուսումը շարունակեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։
Խմբագիր ու մամուլի աշխատակից - Պէյրութ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պէյրութի մէջ դրսեւորուեցան իր ունակութիւնները, երբ դարձաւ «Զարթօնք» թերթի մարզական յաւելուածի հիմնադիր ու մաս կազմեց Յովակիմեան - Մանուկեան վարժարանի «Նուիրում» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին։
Համալսարանական աստիճաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1956ին, քրոջ ու եղբօր հետ կը տեղափոխուին Լոս Անճելըս, ուր եւ կ'աւարտէ Գալիֆորնիոյ Նահանգային, աւելի ուշ՝ Լա Վերնի համալսարաններու երկու կրթական Մագիստրոս աստիճանները: Ամերիկան ճանապարհ հարթեց նաեւ քրոջ՝ Անգինէի համար, որը երաժշտական եւ երաժշտագիտական ասպարէզներու մէջ հասաւ նկատելի յաջողութիւններու, իսկ եղբայրը՝ Օննիկը, այսօր ալ կը ծառայէ հայ վարժարաններու մէջ՝ իբրեւ ուսուցիչ, իբրեւ կազմակերպիչ։
Գլխաւոր Խմբագիր - Նոր Օր եւ «The Armenian Observer» շաբաթաթերթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամերիկան արագ նկատեց անուղղայ լրագրողի սուր աչքն ու կազմակերպչական անհանգիստ ջիղը.
1968 - 1970 թթ. իրեն վստահուեցաւ Լոս Անճելըսի «Նոր օր» եռօրեայի խմբագրի պաշտօնը:
Իսկ 1970-ի Դեկտեմբերէն մինչ օրս ան խոշոր տպաքանակ ունեցող «The Armenian Observer» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է: Մէկ մարդ ընդամէնը թերթի մէջ, բայց լուսաբանումը՝ բազմաշերտ, բազմանկիւն, մտքերու բախում, ճշմարտութեան վերհանում, ահա՛ իր աշխատանքի արդիւնաւորութեան երաշխիքները։ Թերթը փնտռուած ամպիոն է եւ ոչ միայն ամերիկացիների համար։
Ամերիկահայ «Նոր Հայաստան» թերթի խմբագիր Վահան Ճանսըզեանը, նկատելով շաբաթաթերթի տարածութիւնը, լաւագոյնս գնահատելով Օշին Քէշիշեանի գործունէութեան «բազմահատուած» երեսները, հպարտութեամբ եւ ակնածանքով ընդգծում է.
«Եթէ չըլլար Օշինը, Լոս Անճելըսի հայ մամուլին մթնոլորտը կ'ըլլա՞ր արդեօք այսքան համերաշխ ու միակամ ...»: - Վահան Ճանսըզեան
|
Լրագրութեան ասպարէզի մրցանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օշինի դերը լրագրական աշխարհի մէջ, կը թուի, չէ երկրորդուած։ Նշենք, որ ան արժանացեր է մրցանակներու, ինչ որ կը վկայէ գնահատութեան, ուշադրութեան այն աստիճանը, որուն հասեր է: Այսպէս, 1989-ին թէքէեանցիներու՝ Չիքակոյի համաժողովի ժամանակ ստացել է ԹՄՄ լրագրութեան՝ Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեանների սահմանած մրցանակը: Իր աշխատանքային գործունէութիւնը արժեւորեր են ազգային հաստատութիւններ Հայկական Համագումարը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Համազգային Մշակութային Միութիւնը, Լոս Անճելըսի Մխիթարեան Վարժարանը եւ Պոլսահայ Միութիւնը։
Պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկար տարիներ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժինը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կ'ամփոփուին սփիւռքահայ գրականութեան՝ երկու կիսամեակ ընթացող դասընթացի (126 ժամ) արդիւնքները:
Աւանդոյթը իրեն շնորհիւ կը ձեւաւորէ գնահատութեան, փոխադարձ արժեւորումներու հետաքրքիր վիճակագրութիւն:
«Սփիւռք» Գիտա-ուսումնական Կեդրոնի Պատուոյ գիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006 թուականի վերջը, Օ. Քէշիշեանը արժանացեր է «Սփիւռք» Գիտա-ուսումնական Կեդրոնի Պատուոյ գիրին՝ ուսանողութեան շրջանին հայ գրականութեան նորագոյն պատմութիւնը արժանապատիւ ներկայացնելու, անոնց յառաջդիմութիւնը մշտապէս խրախուսելու, գիտական նստաշրջաններուն կարդացած բարձրորակ զեկուցումներուն համար։
Փրոֆ.Օշին Քէշիշեանի սահմանած մրցանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դասընթացքներու աւարտին ուսանողներուն, ըստ յառաջադիմութեան ցուցանիշներու, հանդիսաւորութեամբ կը տրուին Փրոֆ. Օ. Քէշիշեանի սահմանած մրցանակները, խրախուսական զանազան պարգեւներ։ Եւ այդ՝ ութ տարի շարունակ (2003-2007, 2009, 2010)։
2005 թ., երբ Հայաստանի Գրողների Միութիւնը կը նշէր Օշին Քէշիշեանի 70 ամեակը, դահլիճին մէջ ամէնէն աշխոյժը բանասէր ուսանողներն էին, որոնք արտայայտուելու առիթներ ունեցան։