Jump to content

Օյմիաքոն

Բնակավայր
Օյմիաքոն
եակուտ.՝ Өймөкөөн
Երկիր  Ռուսիա
ԲԾՄ 745 մեթր
Կլիմայ wet continental climate?
Բնակչութիւն 560 մարդ (2021)[1]
Կը գտնուի ափին Ինդիգիրկա?
Ժամային գօտի UTC+10?
Հեռախօսային ցուցանիշ 41154
Փոստային ցուցանիշ 678752

Օյմիաքոն, արեւելեան Սիպերիոյ մէջ ռուսական գիւղ մը:

Աշխարհի ամէնէն ցուրտ բնակուած շրջանը Օյմիաքոնն է[2]:

Օյմիաքոնի օդերեւութաբանական կեդրոնը

Այս բնակավայրին մէջ կ'արձանագրուին աշխարհի ամէնէն ցած ջերմաստիճանները, որովհետեւ անիկա կը գտնուի ցուրտ հովը պահող երկու լեռնաշղթաներու միջեւ:

Հոն արձանագրուած է մարդաբնակ շրջանի մէջ ամէնէն ցած ջերմաստիճանը, – 71,2 աստիճան: Միջին հաշուով, ջերմաստիճանը – 50 է Յունուար ամսուն, եւ հոն գետինը անդադար սառած է[3]:

Օյմիաքոնի մէջ օդը այնքան ցուրտ է, որ հոն օդին մէջ նետուած եռացած ջուրը սառոյցի կը վերածուի գետին հասնելէ առաջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]