Օխտը դռնի վանք
Օխտը դռնի վանք | |
---|---|
| |
Հիմնական տեղեկութիւններ | |
Ճարտարապետական նկարագրութիւն | |
Առանձնայատկութիւններ |
«Օխտը դռնի» վանքը կը գտնուի Հադրութի Մոխրենէս գիւղէն 3,5քմ հիւսիս-արեւմուտք, Իւղուսէն լերան լանջին, Գտիչ բերդին մօտ, պատմական Արցախի Սիսականի Ոստան կամ Միւս Հաբանդ կոչուող գաւառին մէջ։
Վանքը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1451 բարձրութեան վրայ, լերան անտառապատ գագաթին, դժուարամատչելի վայրի մէջ[1]:
Պատմական աղբիւրները համալիրին եւ այսօր կիսաւեր պահպանուած եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդեր: Աւանդութեան համաձայն, «Օխտը դռն»ի եկեղեցին կառուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած եօթ եղբայրներու քոյրը, որուն գերեզմանը վանքի բակին մէջ է, կը կոչուի «Քրոջ գերեզման» եւ յայտնի ուխտատեղի էր:
Մինչեւ արցախեան երրորդ պատերազմը եկեղեցին կիսաւեր էր: 2020 թուականի աշնան, Հադրութի շրջանը Պաքուի զօրքերուն կողմէ բռնազաւթուելէն ետք, թշնամին գետին գլորած է եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրուած խաչքարը: Ներկայ վիճակին մասին այլ տեղեկութիւններ չկան։
Այժմ բռնազաւթուած է Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Մոխրենէսի «Օխտը դռնի» վանքը»։ Monument Watch։ արտագրուած է՝ 2023-03-24
- ↑ «Արցախի մանրատեղանուններ․ Հադրութ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-03-09։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2023-03-24