Jump to content

Քրիստոնէութիւնը Սպանիոյ Մէջ

Պարսելոնայի մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիքի տաճարը, որ կը համարուի աշխարհի ամենայայտնի տաճարներէն մէկը

Քրիստոնէութիւնը Սպանիոյ մէջ կը հանդիսանայ ամենատարածուած կրօնքը: Այն հիմնականին ներկայացուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջոցով: Համաձայն հետազօտական կեդրոնի (Pew Research Center) տուեալներու՝ 2010-ին Սպանիոյ մէջ կը բնակէր 36,24 միլիոն քրիստոնեայ, որ կը կազմէր երկրի ընդհանուր բնակչութեան 78,6 %-ը[1][2]: Ճ. Գ. Մելտոնի հեղինակած «Աշխարհի կրօններ» հանրագիտարանը Սպանիոյ մէջ բնակուող Քրիստոնեաներու թուաքանակը 2010-ի դրութեամբ գնահատած է ընդհանուր բնակչութեան 90,6 % (շուրջ 40,8 միլիոն հաւատացեալ)[3]:

Սպանիոյ մէջ Քրիստոէական խոշորագոյն ուղղութիւնը կը հանդիսանայ կաթողիկէութիւնը: 2000-ին Սպանիոյ մէջ կը գործէր 25 հազար Քրիստոէական եկեղեցիներ եւ Աստուծոյ երկրպագելու վայրեր, որոնք կը պատկանէին 192 տարբեր Քրիստոէական դաւանաբանութիւններու[4]:

Սպանիոյ մէջ սպանացիներէն բացի Քրիստոէութիւն կը դաւանին նաեւ մեծաթիւ այլ ժողովուրդներ՝ քաթալոնացիները, պասկերը, կալիսիացիները, արակոնցիները, ասթուրիացիները: Քրիստոէաներ կը հանդիսանայ նաեւ երկրին մէջ բնակուող անգլիացիներու, գնչուներու, գերմանացիներու, իտալացիներու, ռումինացիներու, փորթոկալցիներու, հայերու, ֆրանսացիներու, պուլղարներու, ուքրանացիներու, լեհերու եւ այլ ազգութիւններու ներկայացուցիչներու մեծ մասը:

Սկսած 1950-ականներէն՝ Սպանիոյ մէջ կը գործէ Քրիստոէական էկումէնիկ կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան սպանական խորհուրդ (պաշտօնապէս խորհուրդը ճանչցուած է 1994-ին): 2015-ի դրութեամբ սպանական երկու եկեղեցիներ (աւետարանական ու ռեֆորմիստական) կը հանդիսանան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ:

Քրիստոնէութեան վաղ պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քորթոպեան նահատակներէն մէկը հանդիսացող Լեոքրիտիա Քորտոպացիի նահատակութիւնը

Քրիստոնէութիւնը ներկայ է Սպանիոյ մէջ իր գոյութեան առաջին դարերէն: Հռոմեացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալը կը գրէ «ես կ՛ուղեւորուիմ ձեր վայրերով դէպի Սպանիա»[5]: Առաքելական նամակներէն պարզ չէ, թէ արդեօ՞ք Պօղոս առաքեալը կրցաւ իրագործել իր ծրագիրը, սակայն 3-րդ դարու ապոքրիֆները եւ վաղքրիստոնէական պատմիչները կը գրեն Պօղոս առաքեալի՝ Սպանիա այցելութեան մասին: Նաեւ հին ծագում ունին այն տեղեկութիւններու աղբիւրները, որոնք կը վկայեն Յակոբոս առաքեալ՝ Սպանիա այցելութեան մասին: Հիրենէոս Լիոնացիի եւ Տերտուղիանոսի հաղորդագրութիւններու համաձայն 2-րդ դարուն Սպանիոյ մէջ կը գործէին քրիստոնէական ձեւաւորուած համայնքներ:

Ժողովուրդներու մեծ տեղաշարժի ժամանակաշրջանին Փիրենէեան թերակղզին գրաւուեցաւ վեստգոթերու կողմէ, որոնք արդէն այդ ժամանակ ընդունած էին քրիստոնէութեան արիոսական ուղղութիւնը: Իպերոհռոմեացիներու ժառանգներուն արիոսականութիւն պարտադրելու վեստգոթերու բոլոր փորձերը ձախողեան: Տեղացիները կը դաւանէին ուղղափառութեան նիկեան ձեւը:

8-րդ դարուն Փիրենէեան թերակղզին կը նուաճուի արաբներու կողմէն, որոնց սպանացիները կ՛անուանէին մավրեր: Սպանիոյ մէջ տարածքի մեծ մասը քանի մը դարով յայտնուեցաւ մահմետական իշխանութեան կառավարման ներքոյ: Սպանիոյ մէջ քրիստոնեաներու մէկ մասը ընդունեց իսլամ, իսկ միւս մասը (մոսարաբներ), ընդունելով արաբական մշակոյթն ու կեանքի կենցաղը, ընդհանուր առմամբ պահպանեց քրիստոնէական հաւատքը: Քրիստոնեայ բնակչութեան հանդէպ մահմետական կառավարիչներու վերաբերմունքը կը փոփոխուէր յարաբերական հանդուրժողականութիւնէն մինչեւ լիակատար մերժում: Բազմաթիւ քրիստոնեաներ տանջանքներու կ՛ենթարկուէին մահմետականներու կողմէն: Այդպիսի քրիստոնեաները պատմութեան յայտնի են որպէս Քորտովեան նահատակներ: Մահմետական ժամանակաշրջանին յաջորդած Ռեքոնքիստան Փիրենէեան թերակղզիին մէջ ուժեղացուց կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերիշխանութիւնը:

Կաթողիկէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սանտիակօ տէ Քոմբոստէլայի մէջ գտնուող Սանտիակօ տէ Քոմբոստէլայի

Համաձայն հետազօտական կեդրոնի (Pew Research Center) տուեալներուն՝ 2010-ին կաթողիկէները կը կազմէին Սպանիոյ բնակչութեան 75,2 %-ը[2]: Անոնցմէ շատերը կը պահպանեն լատինական ծէս: Սպանիոյ եկեղեցւոյ ամենաբարձր հոգեւոր իրաւասութիւնը ունի Սպանիոյ պրիմասը, որուն կը ծառայէ Թոլետոյի արքեպիսկոպոսութիւնը: Սպանիոյ տարածքը բաժանուած է 55 կաթողիկէ թեմերու: Վերջինները իրենց հերթին կը միաւորուին 11 մեթրոպոլիաներուն մէջ։ Ամբողջ երկրին մէջ կը գործեն 23 հազար կաթողիկէ ծուխեր[6]:

Կապուած այն հանգամանքի հետ, որ Սպանիոյ մէջ աշխատում են մեծ թիւով ուքրանացիներ, երկրին մէջ սկսաւ գործել Ուքրանական յունակաթողիկէ եկեղեցին: Ներկայ դրութեամբ այս եկեղեցին երկրին մէջ ունի շուրջ 40 ծուխ:

Սպանիոյ մէջ կը գործեն նաեւ ոչ հռոմէական կաթողիկէներու բաւականին փոքր համայնքներ: Այդպիսի համայնքներէն է Սուրբ Փիոս Ժ.-ի քահանայապետական եղբայրութիւնը (աւանդապահ կաթողիկէներ), Գալիսիական առաքելական եկեղեցին (որու մէկ թեմը կը գտնուի Քանարեան կղզիներուն մէջ, հին կաթողիկէներ) եւ այլն: Սպանիան կը հանդիսանայ Փալմարեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրենիքը: Այն ստեղծուած է Քլիմենթ Կոմէսի կողմէն, որ իրեն հռչակած էր Գրիգոր ԺԷ. պապ:

Բողոքականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սպանական աւետարանականներու տաճարը Մատրիտի մէջ

Ռեֆորմիստական գաղափարները ներթափանցեցին դեռեւս Մ. Լիւթերու կենդանութեան օրօք: Վալիատոլիտի եւ Սեւիլեայի մէջ ձեւաւորուեցան բողոքական համայնքներ: Այդպիսի խումբերու յայտնաբերումէն ետք անոնց հետեւորդներու մէկ մասը կենդանի այրուեցաւ, իսկ միւս մասը լքեց երկիրը:

19-րդ դարու կէսերուն Սպանիոյ մէջ կը սկսին գործել պլիմուտեան եղբայրները, ռեֆորմատորները, մեթոդիստները եւ բաբտիստները: 1920-ականներուն անոնց կը միանան շուէտական յիսունական քարոզիչները:1967-ին սպանական գնչուներու խումբը, որ անդամները Ֆրանսայի մէջ հաւատափոխ եղած էին եւ դարձած յիսունականներ, Լէ Քոսէքին ծառայութիւն մատուցելէն ոգեւորուած վերադարձան Սպանիա եւ տեղական գնչուական համայնքներուն մէջ հիմնեցին իրենց կրօնական առաքելութիւնը: Յետագային այն վերաձեւափոխուեցաւ որպէս «Ֆիլատելֆիա» անունը կրող աւետարանական եկեղեցի, որ դարձաւ երկրի խոշորագոյն բողոքական եկեղեցին: 20-րդ դարու վերջը երկու տասնամեակուն յիսունականները հետեւորդներու թուաքանակի տեսակէտէն ունեցան տպաւորիչ աճ եւ արդէն 21-րդ դարու սկիզբը կը ներկայացնէին սպանական բողոքականներու կէսը[7]:

Ներկայ դրութեամբ սպանական բողոքականներու թուաքանակը կը գնահատուի 460-էն 567 հազար հաւատացեալ[1]: Յիսունականները (շուրջ 312 հազար) առաջին հերթին ներկայացուած են «Ֆիլատելֆիա» աւետարանական եկեղեցիով (շուրջ 204 հազար) եւ սպանական Աստուծոյ ժողովով (շուրջ 25 հազար)[6]: Ուքրանական սփիւռքին մէջ կը գործէ Ուքրանայի աւետարանական հաւատքի քրիստոնեաներու եկեղեցւոյ եօթ ծուխ[8]: Սպանիոյ մէջ անկլիքանները կը հաշուեն շուրջ 76 հազար: Աւելի քան 10 հազար հաւատացեալներ ունին պլիմուտեան եղբայրները, բաբտիստները, ադուենտիստները եւ միջազգային սպանական աւետարանական եկեղեցին[6]:

Ուղղափառութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մատրիտի մէջ գտնուող եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատկանող Մարիա Մագտալենացիի եկեղեցին

1761-ին Սպանիոյ մէջ ռուսական դեսպան Պեոտր Ռեպնինի մասնակցութեամբ Մատրիտի մէջ կը կառուցուի առաջին եկեղեցին, որ կը նուիրուի Մարիա Մագտալենացիին: Պետական ծախսերու կրճատման հետ կապուած 1882-ին եկեղեցին կը փակուի:

19-րդ դարու վերջը առափնեայ քաղաքներուն մէջ կը հանգրուանեն յոյն առեւտրականները: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Մերձաւոր Արեւելքէն միգրացիայի հետեւանքով Սպանիոյ մէջ յոյներու թուաքանակը նկատելիօրէն կ՛աճի: 1949-ին Մատրիտի մէջ տեղակայուած Յունաստանի դեսպանատան ֆինանսական աջակցութեամբ կը կառուցուի Անտրէեւեան տաճարը: Եկեղեցական ծուխը պաշտօնապէս կը գրանցուի միայն 1968-ին, երբ որոշակիօրէն ազատականացուեցաւ սպանական օրէնսդրութիւնը: Այդ եւ նմանատիպ եկեղեցական ծուխերը կը հանդիսանային Կոստանդնուպոլիսի տիեզերական պատրիարքութեան մաս եւ ներկայ դրութեամբ ներառուած են Սպանական ու Փորթուկալական մեթրոպոլիայի մէջ։ Այն Սպանիոյ մէջ ունի շուրջ 26 եկեղեցական ծուխ:

Երկրին մէջ ուղղափառներու թուաքանակը սկսաւ աճիլ 1990-ականներէն, երբ Արեւելեան Եւրոպայէն դէպի Սպանիա աշխատանքային միգրանտներու հոսք սկսաւ: Այս հանգամանքի հետ կապուած երկրին մէջ սկսաւ գործել Ռումինական ուղղափառ եկեղեցին (49 եկեղեցական ծուխ), Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին (9 եկեղեցական ծուխ եւ համայնք) եւ Սերպական ուղղափառ եկեղեցին (14 եկեղեցական ծուխ):

Ըստ «Pew Research Center»-ի գնայատականներով՝ 2010-ին Սպանիոյ մէջ բնակուած են 900 հազար ուղղափառներ[1]:

Ոչ աւանդական քրիստոնէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մորմոններու եկեղեցին Մատրիտի մէջ

Ճոն Մելտոնի կողմէն հիմնադրուած «Աշխարհի կրօնները» հանրագիտարանի տուեալներով 2010-ին Սպանիոյ մէջ բնակուած են մարկինալ քրիստոնէութեան 210 հազար հետեւորդ[3]:

Սպանիոյ մէջ մարկինալ քրիստոնէութեան խոշորագոյն կառոյցը կը հանդիսանայ Եհովայի վկաներ կազմակերպութիւնը, որ երկրին մէջ գործունէութիւն սկսած է իրականացնել 1919-էն: Համաձայն Եհովայի վկաներ կազմակերպութեան տուեալներուն 2012-ին Սպանիոյ տարածքին կազմակերպուած է 1521 հաւաք, որոնց մասնակցած է 110 հազար մկրտուած կազմակերպիչ-քարոզիչ[9]:

Սպանիոյ մէջ Հիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցւոյ միաբանութիւնը (մորմոններ) առաջին անգամ ձեւաւորուած է 1968-ին ամերուկեան քաղաքացիներու կողմէ: 1974-ին երկրին մէջ արդէն կ՛ապրէր 620 մորմոն: Ներկայ դրութեամբ կազմակերպութեան սեփական տուեալներով Սպանիոյ տարածքին կը գործեն մորմոններու 141 միաբանութիւններ, որոնց հետեւորդներու թուաքանակը 53 հազար է[10]:

Կեղծ քրիստոնէական կրօնական կազմակերպութիւններէն է Աստուծոյ երեխաները եւ «Քրիստոնէական գիտութիւն» կազմակերպութեան ենթաճիւղ համարուող այսպէս կոչուած «Քրիստոսի եկեղեցին»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-30-ին 
  2. 2,0 2,1 «Global Christianity Sortable Data Tables- Pew Forum on Religion & Public Life»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-01-07-ին 
  3. 3,0 3,1 Javier Martínez-Torron Spain // Religions of the World: A Comprehensive Encyclopedia of Beliefs and Practices / J. Gordon Melton, Martin Baumann. — Oxford, England: ABC CLIO, 2010. — С. 2686. — 3200 с. — ISBN 1-57607-223-1
  4. Patrick Johnstone, Jason Mandryk Spain // Operation World 2001. — London: Paternoster Publishing, 2001. — 798 p. — (Operation World Series). — ISBN 1-8507-8357-8
  5. Աստուածաշունչ, Պօղոս առաքեալի նամակը Հռոմէացիներուն 15/28:
  6. 6,0 6,1 6,2 Jason Mandryk Spain // Operation World: The Definitive Prayer Guide to Every Nation. — InterVarsity Press, 2010. — P. 764-769. — 978 p. — (Operation World Set). — ISBN 0-8308-5724-9
  7. J. Gordon Melton Spain // Encyclopedia of Protestantism. — New York, NY: Facts On File, Inc., 2005. — P. 513-514. — 657 p. — ISBN 0816069832
  8. ««У Барселоні відкрито нову місіонерську церкву ХВЄ» ։ Церква християн віри євангельської України։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-12-27-ին 
  9. «Title Page/Publishers’ Page — Watchtower ONLINE LIBRARY»։ wol.jw.org 
  10. «LDS Statistics and Church Facts | Total Church Membership»։ www.mormonnewsroom.org