Jump to content

Քոնֆուսիուս

Քոնֆուսիուս
չին.՝ 孔夫子
Ծննդեան անուն չին.՝ 孔丘
Ծնած է ՔԱ551[1]
Ծննդավայր Ցյուֆու, Լու
Մահացած է ՔԱ479[2][1]
Մահուան վայր Si River, Լու[1]
Քաղաքացիութիւն Լու
Մայրենի լեզու Historical Chinese?
Կրօնք Կոնֆուցիականություն?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Analects?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, ուսուցիչ, գրագէտ
Ամուսին Qiguan Shi?
Ծնողներ հայր՝ Շուլիան Հե?, մայր՝ Յան Ժենժայ?
Երեխաներ Կոնգ Լի?

Քոնֆուսիուս (չին.՝ 孔夫子ՔԱ551[1], Ցյուֆու, Լու - ՔԱ479[2][1], Si River, Լու[1]), չինացի մտաւորական, ուսուցիչ, խմբագիր, քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ։ Ազնուութիւնը, արդարութիւնը, պարկեշտութիւնը, ներողամտութիւնը շուրջիններուն հանդէպ, Քոնֆիսուս այս գաղափարները կը քարոզէր, որպէսզի ընկերային կարգը յարգուի, եւ երկիրները լաւ կառավարուին[3]։

Կ'ենթադրուի, թէ Քոնֆիսուս ապրած է Լու իշխանապետութեան մէջ, Ք. Ա. 551-էն 479-ի միջեւ: Քոնֆուսիուս երեք տարեկանին իր հայրը կը կորսնցնէ: Ամբողջ ընտանիքը առանց դրամի կը մնայ: Կարենալ ապրելու համար Քոնֆուսիուս 17 տարեկանին ուսուցիչ կը դառնայ եւ կ՛աշխատի Լու իշխանապետութեան վարչութեան մէջ:

53 տարեկանին Քոնֆուսիուս կը դառնայ Լուի դուքսին արդարութեան նախարարը: Սակայն յուսախաբ իր տիրոջ կեցուածքներէն` ան կ՛որոշէ հեռանալ եւ շրջիլ` համերաշխ կերպով ապրելու եւ իր բարոյական սկզբունքները ուսուցանելու համար: Ան իր երկիրը կը վերադառնայ տասնչորս տարի ետք, եւ հոն է, որ իր հետեւորդները իր ուսուցումը եւ միտքերը արձանագրեցին «Խօսակցութիւններ» գիրքին մէջ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]