Jump to content

Քղոր

Քղոր (լատ.՝ Chlorum քիմիական տարր է, որուն նշանն է Cl, կարգահամարը՝ 17, հիւլէական զանգուածը՝ Ան դեղնականաչաւուն թունաւոր կազ մըն է,, օդէն ծանր tհալ=-101°С, tեռ=-34°С։

Քղորի յայտնաբերման պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քղորը յայտնաբերած է շուէտացի քիմիագէտ Քարլ Վիլհէմ Շելէն (շուէտ.՝ Carl Wilhelm Scheele) 1774 թուականին։ Քղոր անունն ստացած է իր գոյնի շնորհիւ (հին յուն․՝ χλωρός` «կանաչ»։ Միւս աղածինները յայտնաբեուած են տասնամեակներ անց։

Փորձարարական պայմաններուն քղորը կը ստանան տաքացման պայմաններուն աղաթթուն օքսիտացնելով մանկանի երկօքսիտով.

Քղորը թունաւոր կազ է, եւ որպէսզի անօթէն այն չտարածուի փորձարաններուն մէջ, վերջինս կ'որսան ալքալիին (NaOH) լուծոյթով։ Ալկալիին հետ քղորը կը փոխազդէ եւ կ'յառաջացնէ անվնաս աղեր։

Քղորային աղեր
Հիտրաթացուած նիքէղի քղորիտ
Պղնձի քղորիտ

Բնութեան մէջ կը հանդիպէ քղորի երկու իզոթոփներ 35Cl եւ 37Cl: Հալոկէններէն երկրի ընդերքին ամենատարածուածը քղորն է։ Քղորը շատ աշխոյժ տարր մըն է, եռանդուն կերպով կը փոխազդէ բոլոր մետաղներու եւ բազմաթիւ ոչ մետաղներու հետ։ Բնութեան մէջ կը հանդիպէ բնական միացութիւններու ձեւով՝ հալիթը՝ NaCl, սիլվինը՝ KCl, սիլվինիթը՝ KCl·NaCl, կարնալիթը՝ KCl կ MgCl2 կ 6Н2O: Մարդու օրկանիզմը կը պարունակէ 0.25 % քղորի իոն։

Քիմիական Յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարբերական համակարգի 7րդ խումբի գլխաւոր ենթախումբի տարր է։ Քիմիապէս աշխոյժ ոչ մետաղ է։ Կը մտնէ հալոկեններու խումբի մէջ։Քղորի մոլեքուլը երկվալենթ է (բանաձեւը՝ cl2)։ Բնական քղորը կը հանդիպէ 2 իզոթոփներու ձեւով 35Cl եւ 37Cl։

Հեղուկ քղորը սրուակին մէջ

Քղորը լայնօրէն կ'օգտագործուէ արդիւնաբերութեան մէջ։ Կ'օգտագործուէ աղաթթուի արդիւնաբերական արտադրութեան եւ անանկ նիւթերու պատրաստման համար, որոնք կ'օգտագործուեն գործուածքները ճերմակցնելու համար։ Խմելու եւ կենցաղային նպատակներու համար նախատեսուած ջուրը մինչեւ ջրատար խողովակներու ցանց մղելը հիւանդաբեր միքրոօրկանիզմներէն կ'ախտահանուէ իր մէջ աննշան քանակի քղոր լուծելով՝ քղորացնելով։ Գիւղտնտեսական բոյսերու վնասատուներու եւ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար օգտագործուող կարեւորագոյն միջատասունկասպան պատրաստուկները՝ DDT, հեքսաքղորան եւ կրանոզան, անանկ օրկանական նիւթեր են, որոնց պատրաստման ժամանակ քղոր կ'օգտագործուի։

Քղորէն կը ստանան նաեւ ժաւելային հեղուկ, որը կ'օգտագործուէ սպիտակեղէնի լուացման համար։ Մեծ քանակներով կ'արտադրwuէ քxորակիր, որը կը կիրառուէ թուղթի արդիւնաբերութեան մէջ՝ մանրաթելերու ճերմակեցման համար։ Քղորակիրը երկու աղերու խառնուրդ մըն է, որը կ'յառաջանէ յանգած կիրի կախոյթի մէջ քղորը անցկացնելիս։

Քղորի զանգուածային բաժինը օրկանիզմին մէջ կը կազմէ 0,15%։ Քղորիտ իոններ կը պարունակէ արեան փլազմը՝ գերազանցապէս NaCl եւ KCl աղերու լուծոյթներու ձեւով։ Դրանք կը կարգաւորեն ովսմոթիկ ճնշումը, կ'ապահովեն իոններու հոսքը բջջային մեմպրաններու միջով, կ'աշխուժացնեն ֆերմենթները։ Օրկանիզմը քղոր կը ստանայ կերակրի աղի միջոցաւ, որուն օրական պահանջը 5-10 կրամ կը կազմէ։ Մարդու եւ անասուններու ստամոքսին մէջ կ'արտադրուէ աղաթթու, որը կը կազմէ ստամոքսահիւթի 0,3%-ը եւ անհրաժեշտ է սննդի պատշաճ մարսողութեան, ինչպէս նաեւ սննդի հետ օրկանիզմ ներթափանցող հիւանդագին մանրէները ոչնչացնելու համար։ Բժշկութեան մէջ լայնորէն կը կիրառուեն կերակրի աղի բնաբանական եւ բարձրճնշումային լուծոյթները։

Քղորը կրնայ բարձր ճնշումի, աթերոսքլերոզի, սիրտ-անոթային եւ այլ հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ։ Ան շատ վատ ազդեցություն կը թողնէ մազերու եւ մաշկի վրայ, կը քայքայէ սպիտակուցները։ Քղոր պարունակող միջոցներով մաքրուած մակերեսներուն վրայ կ'յառաջանայ քիմիական նյութերու բարակ թաղանթ, որը ցնդելով կը յայտնվուէ օդի մէջ, ապա նաեւ մարդու շնչուղիներուն մէջ։ Քիմիական նիւթերէն շատեր կուտակուելով օրկանիզմին մէջ՝ կ'յառաջացնեն տեւական հիւանդութիւններ։