Jump to content

Քիպրիթճեան (բժիշկ)

Քիպրիթճեան
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 13 Փետրուար 1927(1927-02-13)
Մահուան վայր Մարսէյլ
Մասնագիտութիւն բժիշկ, ատամնաբոյժ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Քիպրիթճեան (անհայտ - 13 Փետրուար 1927(1927-02-13), Մարսէյլ), հայ բժիշկ։

Ատամնաբուժական կրթութիւն ստացած է։ Որպէս ատամնաբոյժ աշխատած է։

1897 թուականէն եղած է ՀՅԴ–ի գործիչ։ Պարսկահայքի Սալմաստ քաղաքին մէջ եղած է մարտական շարքերու կազմակերպիչ։

1908 թուականին եղած է Կ. Պոլիս։ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին Կ. Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է՝ միւս հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու հետ։ Իր պարսկահպատակ ըլլալուն շնորհիւ՝ հրաշքով ազատած ու վերապրած է։

Մահացած է 13 Փետրուար 1927 թուականին, Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ։

  • Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1928, Փարիզ, 1929։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։