Jump to content

Քերովբէ Թուլումպաճեան

Քերովբէ Թուլումպաճեան
Ծնած է 1858
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Քերովբէ Թուլումպաճեան (1858, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ զարդանկարիչ եւ գեղագիր։

Ծնած է Կ. Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեզպուրեան վարժարանէն, ապա 12 տարեկան հասակէն հետեւած է հօր արհեստին՝ մետաղներու վրայ փորագրութեան։

Կարճ ժամանակ ետք դարձած է ոսկերիչներու շուկայի տաղանդաւոր փորագրիչներէն մէկը։ Հմուտ եղած է յատկապէս հայերէն, լատիներէն, թուրքերէն գեղարուեստական տառերու փորագրութեան[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գառնիկ Ստեփանյան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա։ Երևան: «Հայաստան»։ էջ 378