Jump to content

Քարբաթիօ ծով

Քարբաթիօ ծով
Καρπάθιο πέλαγος

Քարփաթիօ ծով (մութ կապոյտով ներկայացուած)
դասաւորում
Երկիր Յունաստան
Ջրատարածութիւն Միջերկրական ծով

Քարբաթիօ ծով (յուն․՝ Καρπάθιο πέλαγος) ծով Միջերկրական ծովու աւազանին արեւելեան մասին, Էգէական ծովուն հարաւը: Անոր «ջրային սահմաններ»ն են՝ հիւսիսէն Իքարիօ ծով, արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն Կրետական ծով, հարաւ եւ հարաւ-արեւելքէն Լիպիական ծով եւ արեւելեան Միջերկրական։

Կը տարածուի Ռոտոսի արեւմտեան ափերէն ու Բրասոնիսի հրուանդանէն մինչեւ Քարփաթոսին հարաւ-արեւելեան ափերուն եւ Բաթելա հրուանդանը, Քարբաթոսին Քասթելոս հրուանդանէն մինչեւ Կրետէի արեւելեան Լասիթի նահանգի Փլաքա հրուանդանը ու դէպի հիւսիս կը հասնի մինչեւ Ասթիփալէայի հարաւային ափերուն եւ Քոսին հարաւ-արեւմտեան ափերուն։

Անունը կը պարտի իր մէջտեղը գտնուող Քարփաթոս կղզիին։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]