Jump to content

Քառասուն Մանկունք

(Վերայղուած է Քառասուն մանուկ-էն)

Քառասուն մանկունք, Սեբաստիոյ Քառասուն Մանկունք, ընդհանրական եկեղեցւոյ պատկանող սուրբեր, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ գերագոյն վկաներ՝ քրիստոնէական հաւատքի բագինին[1]:

Քրիստոնէութեան տարածման պատմութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւ դարերէն մէկը Դ. դարն է, որովհետեւ այդ ժամանակահատուածին ժողովուրդներ եւ պետութիւններ պաշտօնապէս կ'ընդունին քրիստոնէութիւնը: Երբ քրիստոնէութիւնը կը ծաւալի, եկեղեցիներու միջեւ կը սկսի եղբայրական գործակցութիւն մը: Այս առումով քրիստոնէական կրօնին համար նահատակներ իրենց կեանքով ու օրինակով կը սրբագործուին եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը գտնեն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կեանքին մէջ` արժանանալով կրօնական մեծ տօնախմբութեանց:

Դ. դարու սկիզբը նահատակուած քառասուն վկաները Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին եւ զինուորական ծառայութեան մէջ էին Սեբաստիա քաղաքի կայսերական գունդին մէջ: Երբ Լիկիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիոյ դուքս Լյուսիաս կը հարցաքննէ բանակը՝ քրիստոնեայ զինուորներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ քառասունը, հաւատարիմ իրենց հաւատքին, անվեհեր պատասխաններով դատաւորներու զայրոյթը կը գրգռեն եւ կը բանտարկուին[2]: Ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը զանոնք կը նետեն Սեբաստիա քաղաքին մօտ գտնուող լիճը: Քառասունէն միայն մէկը չի կրնար տանջանքներուն դիմանալ: Դուրս ելլելով սառած ջուրէն, ան կը փորձէ փրկութիւն գտնել լճափին կառուցուած տան մը մէջ, սակայն կը մահանայ տաք լոգանք ստանալու ընթացքին եւ կը զրկուի թէ´ երկրային եւ թէ երկնային կեանքէն:

Արշալոյսին, միւս բոլոր նահատակները կ'երեւին լուսէ պսակներով զարդարուած: Պահապան զինուորներէն մէկը, այս երեւոյթին ականատես ըլլալով, Քրիստոսի հաւատքով լեցուած լիճ կը նետուի եւ պսակակից կը դառնայ անոնց: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքին դիմադրած վկաները առտու կը նահատակուին: Անոնց մարմինները- նշխարները կ'ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր հետագային կը կառուցուի «Քառասուն մանկունք» քառասուն գմբէթներով տաճարը, որ կանգուն կը մնայ մինչեւ Լենկթիմուրի արշաւանքը: Քառասնից մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ անգամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին, յաղթահարել դիւրահաճ գայթակղութիււնները` երկնային պսակին արժանանալու համար:

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Եոզղատ գաւառին մէջ հայկական յարգելի եւ տարածուած տօներէն մէկն է: Տարբեր գիւղերու մէջ տարբեր անուններ ունի այս տօնը: Օրինակ Պողազլեանի մէջ «Քառասուն Ճիրագ» կը կոչուի, իսկ Չաթ գիւղին մէջ` «Քառսուն Մանուկ»: Այս տօնը յատկապէս կը նշեն երիտասարդ աղջիկները, որոնք եկեղեցական արարողութենէն ետք, մէկու մը տունը կը հաւաքուին եւ ուրախ հաւաքոյթներ կ'ընեն: Այս առիթով անոնք կը պատրաստեն խաւիծ, հրուշակ եւ միայն բուսական իւղով պատրաստուած ուտեստներ կ'ուտեն, այլապէս անոնց «պահքը կ'աւրուի» (կը լուծարուի): Այս տօնը Մեզ պաքի (Մեծ պահքի) ճիշդ կիսուն կը զուգադիպի[3]։ Միջինքէն ետք շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը յիշատակէ Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած Ս. Քառասուն Մանուկներու տօնը ու կը հայցէ անոնց բարեխօսութիւնը[4]:
  • Քառասուն Մանկանց յիշատակի ժողովրդական սովորոյթներն են լիճքը եւ ծնրադրութիւնը: Լիճքը որոշ բնակավայրերու մէջ կատարուած է եկեղեցւոյ մէջ, այլ վայրերու մէջ` տունը: Բասէնի մէջ միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ ջուրով եւ ձէթով լեցուն կոնք կը դրուէր, որ կոչուած է «լիճք», ուր եղէգնեայ խաչի մէջ մինչեւ լոյս պատրոյգ կը վառէին: Արարատեան գաւառին եւ բասէնցիներու մօտ լիճքին մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ:

Լիճքը կը խորհրդանշէ լիճին մէջ զինուորներուն նահատակութիւնը, իսկ ջուրին մէջ վառող պատրոյգին լոյսը` այդ վայրին մէջ ծագած լոյսը: Սեբաստոյ մէջ Քառասուն Մանկանց տօնը յատուկ նշանակութիւն ունեցած է, որովհետեւ սուրբերուն նահատակութեան վայրն է: Քաղաքին հարաւային կողմը կը գտնուի սեւ, դառնահամ լիճը, ուր «Անցանէին ընդ ջուր, մաքրեալք որպէս զոսկի փորձելոյ ի հուր», եւ անդանօր «Պատուական արեանցն հեղելով, զկապուտակ զծովն վարդագոյն ներկէր»: Լիճին մօտ գտնուած են բաղնիքին հետքերը, ուր ապաստանած է քառասուն զինուորներէն մէկը, որ լքած էր իր ընկերները:

  • Քառասուն անգամ քառասուն, այսինքն 1600 անգամ ծնրադրելը գրեթէ ամէն տեղ ընդունուած է: Հիմնականօրէն այս արարողութեան մասնակցած են երիտասարդ հարսերն ու աղջիկները` յաճախ հաւաքուելով իրենց նշանուած ընկերուհիին տունը: Ընդունուած է տանիլ հրուշակ, գաթա եւ խեծաղ: Ծնրադրութեան ծէսը կոչուած է Քառասուն Մանուկ, որուն ժամանակ ամանի մէջ դրած են քառասուն հատ բակլայ: Աղջիկներէն ամենափորձառուն ու նախաձեռնողը, համրիչը ձեռքին, կը յայտարարէր ծնրադրման արարողութեան սկիզբը: Այդ ընթացքին խումբով, երգեցիկ ձայնով կ'արտասանէին.
Քառսուն Մանուկը` լիճին,

Թագն ու պսակը` ճիտին,

Ինչ որ տուիր բաղնեպանին,

Անոր կէսն ալ ինծի տուր:


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]