Jump to content

Քանատայի Բնութեան Թանգարան

Քանատայի Բնութեան Թանգարան
Տեսակ բնագիտական թանգարան
Երկիր Քանատա
Տեղագրութիւն Օթաուա
Վայր Victoria Memorial Museum Building?
Հասցէ 240 McLeod Street և 240 Rue McLeodK2P 2R1
Հիմնադրուած է 1912
45°24′46″N 75°41′20″W / 45.41278°N 75.68889°W / 45.41278; -75.68889
Կայքէջ nature.ca
Քարտէս
Քարտէս

Քանատայն Բնութեան Թանգարան (ֆրանսերէն՝ Musée Canadien de la Nature), նախապէս՝ Ազգային Բնագիտական Թանգարան[1] (ֆրանսերէն՝ Musée National des Sciences Naturelles), Քանատայի բնութեան պատմութեան ազգային եւ բնագիտական թանգարան Օթաուայի մէջ, Օնթարիօ: Թանգարանին չորս հիմնական հաւաքածոները սկսած են կազմուիլ 1856-ին Քանատայի երկրաբանական ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ եւ այժմ կը ներառեն շուրջ 14,6 միլիոն նմուշ՝ բուսաբանութիւն, հանքաբանութիւն, հնաբանութիւն եւ կենդանաբանութիւն ոլորտներով:

Թանգարանը փոխկապակցուած է Քանատայի Թանգարաններու Դաշինքին, Քանատայի Ժառանգութեան Տեղեկատուական Ցանցին, Արքթիկի Բնական Պատմութեան Թանգարաններու Դաշինքին, Քանատայի Բնական Պատմութեան Թանգարաններու Դաշինքին եւ Քանատայի Վիրթուալ Թանգարանին:

Կանուխ Շրջանի Թանգարանը (1856–1968)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնութեան Քանատական Թանգարանի հիմնադրութիւնը կը պարտինք 1842-ին Մոնրէալի մէջ հաստատուած «Քանատայի Երկրաբանական Հետախուզութիւն» (GSC) կազմակերպութեան հաւաքածոներուն: 1856-ին Քանատա Նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը օրէնք մը որդեգրեց, որ արտօնեց GSC-ին թանգարան մը հիմնել՝ ցուցադրելու համար իր երկրաբանական եւ հնագիտական դաշտային հետազօտութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած նմոյշները. թանգարանը սկզբնապէս հաստատուեցաւ Մոնրէալի մէջ: 1877-ին թանգարանի առաքելութիւնը պաշտօնապէս ընդլայնուեցաւ՝ ընդգրկելու համար արդի կենդանական եւ բուսական աշխարհի ուսումնասիրութիւնը, ի հաւելումն մարդկային պատմութեան, լեզուներու եւ աւանդոյթներու:

1881-ին թանգարանը Մոնրէալէն տեղափոխուեցաւ Օթաուայի կեդրոնը. թէեւ նոր շէնքի տարածութիւնը շուտով անբաւարար դարձաւ, ինչ որ մղեց «Քանատայի Թագաւորական Ընկերակցութիւն»ը 1896-ին դիմելու դաշնակցային կառավարութեան՝ թանգարանին համար նոր շէնք մը կառուցելու պահանջով: Նոր շէնքի նախնական ծրագիրները պատրաստուեցան 1899-ին, սակայն շինարարական աշխատանքները սկսան միայն 1906-ին: Յաջորդ տարին թանգարանի կառավարումը ստանձնեց Ելեւմտից (Լեռնային արդիւնաբերութեան) Նախարարութիւնը, եւ անոր առաքելութիւնը պաշտօնապէս ընդլայնուեցաւ՝ ընդգրկելու համար մարդաբանական ուսումնասիրութիւններ: Թանգարանի նոր շէնքը՝ «Վիքթորիա Յուշահամալիր»ը (Victoria Memorial building), ամբողջացաւ 1910-ին, թէեւ հանրութեան առջեւ իր դռները բացաւ միայն 1912-ին: 1927-ին Ելեւմտից Նախարարութեան թանգարանային բաժինը վերանուանուեցաւ «Քանատայի Ազգային Թանգարան»՝ պաշտօնապէս անջատուելով GSC-էն:

Ազգային Թանգարանի կառավարումը Ելեւմտից Նախարարութենէն փոխանցուեցաւ Հարստութիւններու եւ Զարգացման Նախարարութեան 1950-ին: 1956-ին թանգարանը բաժնուեցաւ երկու ճիւղերու. մէկը կեդրոնացած էր բնական պատմութեան, իսկ միւսը՝ մարդաբանութեան վրայ: Թանգարանի առաքելութիւնն աւելի ընդլայնուեցաւ, երբ Քանատայի Ազգային Թանգարանը 1958-ին ստանձնեց «Քանատական Պատերազմի Թանգարան»ի կառավարումը: 1964-ին պատմութեան բաժանմունք մը հաստատուեցաւ թանգարանի մարդաբանութեան ճիւղին մէջ:

Ցուցանմուշները եւ հիմնական հաւաքածոները տեղակայուած են Օթաուայի Վիքթորիա յուշահամալիրի շէնքին մէջ։ Թանգարանը ունի ութ մշտական պատկերասրահ.

  • Բրածոներու պատկերասրահ՝ ներկայացուած են հոյամողէզներու եւ ծովային սողուններու կմախքներ, անոնց բնաշխարհներու եռաչափ կազմութիւնները (diorama) եւ անոնց ոչնչացման պատճառները:
  • Երկրի պատկերասրահ՝ ներկայացուած են հանքանիւթեր եւ ժայռեր։ Տարբեր ձեւաչափերու ներկայացումներով կը բացատրուի երկրաբանական ուժերու կողմէ երկիր մոլորակի ձեւաւորումը:
  • Կաթնասուն կենդանիներու պատկերասրահ՝ ներկայացուած են Քանատայի վայրի կենդանիները՝ ներառեալ հիւսիսամերիկեան գորշ արջեր, բեւեռային արջեր, պիզոն, որմզդեղն, քարիպու, երկճղի անթիլոփ եւ քուկար:
  • Ջրային պատկերասրահ՝ ներկայացուած է կապոյտ կէտի կմախք, ցուցադրութիւն՝ ծովային եւ քաղցրահամ ջրային միջավայրերուն մէջ յայտնաբերուած կեանքի մասին:
  • Թռչուններու պատկերասրահ՝ ներկայացուած են քանատական թռչուններու 450 տեսակ, մուլդիմետիա փորձառութիւններ եւ ինտերակտիւ ցուցադրութիւններ:
  • Կենդանի բնութիւն՝ կենդանի միջատներ, սարդակերպեր, լորձնեակ:
  • Քարէ պատի պատկերասրահ՝ բնագիտութեան վերաբերեալ արուեստի եւ լուսանկարներու փոփոխուող ցուցադրութիւն:
  • Քանատայի այգիներու բնապատկերներ՝ բացօթեայ բուսաբանական ցուցահանդէս, որ կը ներկայացնէ Քանատայի երեք տարբեր էքոհամակարգներ ներկայացնող գօտիներ` Արքտիքական թունտրա, պորէալ անտառներ եւ խոտածածկ մարգագետիններ:

Բնական ժառանգութեան Փակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քէպէք նահանգի Կատինօ քաղաքին մէջ գտնուող Բնական ժառանգութեան Փակը բացուած է 1997-ին: Թանգարանին վարչական գործողութիւններու եւ ընդարձակ հետազօտական հնարաւորութիւններու եւ հաւաքածոներու համար յատկացուած է 76 հեկտար տարածք[3]: Փակը հասարակութեան համար բաց չէ, բացառութեամբ ամէնամեայ Open House-ին, որու ընթացքին կը ցուցադրուի 14,6 միլիոն նմուշ, կը ներկայացուին հետազօտական աշխատանքներ: Գրադարանը, սակայն, բաց է այցելուներու համար[4]:

Քանատայի Բնութեան Թանգարանի արմատները կու գան 1842-ին ձեւաւորուած Քանատայի Երկրաբանական Հետազօտութեան Ընկերութենէն: Մօտ 150 տարի ետք՝ 1 Յուլիս 1990-ին, թանգարանը խորհրդարանական որոշումով դարձաւ Crown Corporation։ Այս որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն էր թանգարանին պատմութեան մէջ։ Crown Corporation կարգավիճակի հետ թանգարանը ունեցաւ նոր անուն եւ ընդլայնուած լիազօրագիր. «Քանատայի բնութեան թանգարանի նպատակն է Քանատայի եւ աշխարհի մէջ ընդլայնել, տարածել բնական աշխարհին հանդէպ հետաքրքրութիւնը, գիտելիքը, յարգանքը՝ ստեղծելով, պահպանելով եւ զարգացնելով բնական պատմութեան նմուշներու հաւաքածոն՝ ցոյց տալով բնական աշխարհը եւ անկէ բխող գիտելիքը»[5]:

Քանատայի Ազգային Բուսագիրքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանատայի Ազգային Բուսագիրքը[6] տեղակայուած է Քանատայի Բնութեան Թանգարանին մէջ։ Քանատայի երկրաբանական եւ բնական պատմութեան հետազօտական բոյսերու հաւաքածոները պաշտօնապէս ներառուած են թանգարանին մէջ, 1882-ին[6]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ Canadian Museum of Nature - Historical timeline, official website.
  2. ↑ (անգլերեն) Canadian Museum of Nature, 2026-07-31, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Canadian_Museum_of_Nature&oldid=1367065557, վերցված է 2026-08-26
  3. ↑ «Our Research and Collections Facility»։ Canadian Museum of Nature։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-29
  4. ↑ «Library and Archives»։ Canadian Museum of Nature։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-10-ին։ արտագրուած է՝ 2019-01-29
  5. ↑ from the Museums Act, Chapter M-13.4 (1990, c. 3)
  6. 1 2 National Herbarium of Canada

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]