Փոքր Հայքի Կանացի Զգեստներ

Փոքր Հայքի կանացի զգեստները հայկական տարբեր գաւառներու մէջ շատ նման էին իրենց ոճով։ Տարազին հիմնական մասերն էին վերնազգեստը՝ անթարին, կարճ սալթան, գոգնոցը, գօտին, գլխազարդերն ու ագանելիքը (գուլպայ-կօշիկ)։

Ճերմակեղէնը կը կարէին տեղական կտաւով: Անթարին ունէր երկու կողմերէն ճեղքեր, իսկ անոր քղանցքին անկիւնները եւ թեւերուն ծայրերը ընդհանրապէս կը զարդարուէին ոսկեթել նախշերով եւ հիւսուածքներով: Կիները նաեւ կը հագնէին աստարապատուած անդրավարտիք (չինթա):

Գոգնոցը ասեղնագործուած էր երկրաչափական յատուկ նախշերով: Հարսերուն գոգնոցները ունէին խաչաձեւ նախշեր:

Փոքր Հայքի հարսանեկան զգեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Հայքի յատկապէս Սեբաստիա գաւառի հայ կիներու հարսանեկան զգեստը շատ իւրայատուկ էր։ Հարսերը կը հագնէին երկու կողմերէն ճեղքուած պարեգօտ, որուն շատ երկար թեւերը մինչեւ արմուկները ճեղքեր ունէին։ Պարեգօտին եզերքը կ՛ասեղնագործուէր կամարաձեւ ոսկեթել նախշերով։

Հարսերը իրենց գլուխը կը զարդարէին բարձրադիր խոյրով, որ կը ծածկուէր ճերմակ քողով։ Հարսին գլխանոցը կը զարդարուէր ուլունքներով եւ փետուրներով կազմուած երեք փնջիկներով, որոնք ունէին խորհրդանշական բնոյթ։ Հարսանեկան զգեստին կարեւոր մասն էր նաեւ կարմիր գլխաշորը, որ կը կարուէր դիպակէ կամ սնդուսէ։

Փոքր Հայքի կանացի գօտիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Հայքի կիները կը գործածէին երկու տեսակ գօտի. առաջինը նեղ էր, զարդարուած՝ ուլունքներով, խխունջներով եւ արծաթ դրամներով: Երկրորդ տեսակը հիւսուած կ՛ըլլար գոյնզգոյն բուրդէ կամ բամպակէ թելերով։

Փոքր Հայքի կանացի զարդեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեբաստիոյ կիները եւ աղջիկները իրենց մազերը մանր կը հիւսէին, կը միացնէին զարդակապով եւ ականջներուն ետեւէն կը կախէին իրենց թիկունքներուն վրայ: Աղջիկները կը գործածէին արծաթէ դրամներով զարդարուած գլխարկ՝ արախչի:

Փոքր Հայքի ամուսնացած եւ տարեց կիները կը գործածէին ֆէսը իբր գլխարկ, որուն վրայէն կը ծածկէին կարմիր շղարշ:

Փոքր Հայքի Սեբաստիա գաւառի հայ կիները կը կրէին շատ ճոխ մանեակներ, որ կախիկներով ամրացուած կ՛ըլլար իրենց վիզին եւ ուսերուն։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]