Jump to content

Փուչիկներու Ցուցահանդէս

Փուչիկներու Ցուցահանդէս, «Պալուն միւզիում» անգլերէն արտայայտութիւն մըն է, որ կը նշանակէ «փուչիկներու թանգարան»:

Այս անունը տրուած է ուռած արուեստի գործերու շրջուն ցուցահանդէսի մը:

Այս ցուցահանդէսը գոյութիւն ունի 2020 թուականէն ի վեր:

«Պալուն միւզիում»ը ուղղուած է թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ չափահասներուն:

Ցուցահանդէսը այցելողները կը հետեւին սկիզբէն ճշդուած մէկուկէս ժամուան շրջագայութեան` ծանօթանալու համար մօտաւորապէս տասնհինգ գործերու:

Ուռած առարկաներ, լոյսի խաղեր, երբեմն` վիտէօ կամ երաժշտութիւն:

Իւրաքանչիւր բաժին ունի իրեն յատուկ մթնոլորտը եւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը կ'առաջարկէ: Ցուցահանդէսը այցելուները կը հրաւիրէ «ընկղմելու» փորձերուն մէջ. անոնք կը քաջալերուին անոնց մէջ քալելու, կորսուելու եւ փուչիկներուն դպչելու[1]:

Փուչիկները ստեղծուած են տարբեր երկիրներէ եկած արուեստագէտներոու կողմէ: Նուազ ապականութիւն պատճառելու համար անոնք կերպընկալէ չեն շինուած, այլ` ձգախէժէ, որ բնական նիւթ մըն է:

Ցուցահանդէսը քանի մը ամսուան համար կը հաստատուի քաղաքի մը մէջ: Մինչեւ հիմա ան շրջած է յատկապէս Եւրոպայի մէջ:

Ցուցահանդէսին մէջ կարելի է հանդիպիլ տարօրինակ էակներու, ինչպէս, օրինակի համար, Ճինճոները, որոնք տարօրինակ, գունաւոր, միայն աչքեր ունեցող կերպարներ են: Այցելողները կրնան անոնց հետ խաղալ եւ նոյնիսկ իրաւունք ունին զանոնք հրելու: Մինչ ուրիշ հսկայ փուչիկներ կը վերածուին երաժշտութիւն նուագող կերպարներու:

Ուրիշ անկիւնի մը մէջ կարելի է այցելել ուռեցուած իկլուներու փոքրիկ գիւղ մը: Իսկ քիչ անդին այցելուները կրնան բռնել կամ հրել հելիոմով ուռեցուած մեծ գունդ մը, որ սրահին մէջ շրջելով` իր շարժումներուն հետքերը պատերուն վրայ կը գծուին: Եւ վերջապէս, իրենց այցելութիւնը խանդավառ կերպով փակելու համար այցելուները կը հրաւիրուին սուզուելու փուչիկներով լեցուն լողաւազանի մը մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]