Փորակազ – Փորափքանք
Փորակազը (flatulence) կազերու կուտակումն է աղիքներու մէջ: Կազերու կուտակումով կ'ընդլայնի հաստ աղիքը եւ կը պատճառէ կծկումային (cramp) փորի ցաւ:
Փորափքանքը կամ փորափուքը (flatus) կազերու արտահանումն է նախաղիէն (rectum) եւ սրբանէն (anus): Ամէն մարդ բնականաբար կ'ունենայ օրական 10-14 փորափքանք:
Փորափքանքը զատորոշուելու է որովայնափուքէն (borborigma): Այս մէկը փորակազի շարժման ձայներն են աղիքներու մէջ: Որովայնափուքը լսելի կ'ըլլայ թէ՛ ենթակային կողմէ եւ թէ՛ անոր շուրջ գտնուողներուն կողմէ:
Բնաթելը (fiber) հիմնական պատճառն է փորակազին, եւ որովհետեւ բնաթելը կարեւոր մասնիկն է առողջապահական սննդանիւթերու, հետեւաբար փորափքանքը շատերու կողմէ կը նկատուի առողջութեան նշան:
Փորակազը հետեւանքն է ընդհանրապէս ոչ ամբողջական մարսողութեան:
Փորակազը կը գոյանայ հաստ աղիքի մէջ, ուր կը գտնուին շարունակաբար եւ բնականօրէն կարգ մը ցպկամարմիններ (bacteria): Այս մանրէներուն ներգործութեամբ նիւթափոխանակում (metabolism) տեղի կ'ունենայ հաստ աղիք հասած չմարսուած սննդանիւթերու հետ եւ կ'արտադրուի փորակազը, որ կազմուած է հետեւեալ կազերէ`
1. Ջրածին (H2):
2. Յագեցած ածխաջրածին (methane-CH4):
3. Բնածուխի երկթթուիտ (CO2):
Ջրածինը կը յառաջանայ առաւելաբար սպառելով բազմաածխաջրատներ-շաքարներ (polysaccharides) եւ քիչ քանակութեամբ կարգ մը պտուղներէ եւ կանանչեղէններէ: Բազմաշաքարներով հարուստ են հետեւեալ սննդեղէնները` բակլան, ոսպը, շողգամը, բողկը, անուշ գետնախնձորը, ցորենը, թթխմորը, կաղամբը, սոխը, սխտորը, գետնախնձորը, հացը եւ ծաղկակաղամբը:
Ջրածինը կը յառաջանայ նաեւ այն անհատներու մօտ, որոնք կաթի եւ կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունին Lactase խմորիչին (enzyme) չգոյութեան պատճառով:
Ամբողջութեամբ չմարսուած հացահատիկներ, որոնք հարուստ են ածխաջրատներով (carbohydrates), հաստ աղիքի ցպկամարմիններուն հանդիպելով` կ'ենթարկուին նիւթափոխանակման, որուն պատճառով կը յառաջանայ ջրածինը:
Յագեցած ածխաջրածինը անգոյն կազ մըն է. անիկա կը յառաջանայ բնաթել պարունակող կարգ մը սննդեղէններէն եւ աղիքներու պատերէն:
Բնածուխի երկթթուիկը կը յառաջանայ ճարպերու եւ ցպկամարմիններու նիւթափոխանակումէն: Կազով հարուստ զովացուցիչ սպառող անձեր շատ աւելի բնածուխի երկթթուիկ կ'ունենան իրենց հաստ աղիքին մէջ:
Փորակազը կը յառաջանայ նաեւ կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով, օրինակի համար`
1. Սելիաք (Celiac) հիւանդութիւն
Այս հիւանդութիւնը ժառանգական ախտ մըն է, կը յատկանշուի glutein-ի անհանդուրժողականութեամբ, որուն պատճառով կը յառաջանայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութիւն-ներծծում (malabsorbtion), փորհարութիւն, փորակազ եւ փորի ցաւ:
2. Թրոփիքըլ Սփրու (Tropical Sprue) հիւանդութիւն
Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի աղիքներու ցպկամարմիններու բորբոքումով, որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութեան-ներծծման, փորակազի արտադրութեան եւ արեան կարմիր գնդիկներու նուազումին:
3. Ջղագրգիռ աղիք հիւանդութիւն (irritable colon)
Այս հիւանդութեան պարագային այլ ախտանշաններու կողքին տեղի կ'ունենայ նաեւ փորակազ:
Կարգ մը դեղեր նոյնպէս կը յառաջացնեն փորակազ:
Ուրեմն վերոյիշեալ կազերը կը կազմեն փորակազը: Անիկա նախաղի կը հասնի հաստ աղիքի շարունակական կծկումներով եւ շարժումներով, այնպէս` ինչպէս կղկղանքը կը հասնի: Վերոյիշեալ կազերու անցքը սրբանի օղակային սեղմիչ մկաններու (constricting muscles) ընդմէջէն կ'արտադրէ փորափքանքի յատուկ ձայնը: Փրափքանքի ձայնին զօրութիւնը կախեալ է սրբանի սեղմիչ մկաններուն պրկումի տարողութենէն եւ կազերու շարժումներու արագութենէն:
Երբ փորակազը հասնի նախաղի, անհատը աճապարանքի (urgency) եւ անհանգստութեան զգացում մը կ'ունենայ: Ան ունի անհաճոյ հոտ մը[1]:
Փորափքանքը կրնայ ըլլալ կամովին եւ կամ ակամայ:
Ակամայ (involuntary) փորափքանքը կը պատահի անակնկալօրէն` հազալով, փռնգտալով եւ սեռային յարաբերութեան ընթացքին:
Կամովի (voluntary) փորափքանքը կը պատահի պրկելով նախաղին եւ ճնշելով ստամոքսին վրայ: Անիկա աւելի յաճախ կը պատահի ջղագրգիռ անհատներու մօտ:
Շատ մը անհատներ կրնան զսպել իրենք զիրենք եւ արգելք հանդիսանալ փորափքանքի: Կան երկիրներ, ուր փորափքանքը ընկերութեան մէջ նկատուած է առողջութեան արդիւնք կամ արտայայտութիւն եւ անիկա ընդունուած սովորութիւն մը դարձած է: Մարդիկ փորափքանք ունեցողին կ'ըսեն` անուշ ըլլայ եւ կամ առողջութիւն:
Փորակազի արտադրութիւնը նուազագոյնի իջեցնել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փորակազի արտադրութիւնը եւ փորափքանքի յաճախականութիւնը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել հետեւեալ միջոցառումներով.
- Հետեւիլ յատուկ սննդականոնի, մասնաւորաբար` շատ ածխաջրատներ պարունակող սննդանիւթեր չսպառել:
- Ուտել արատ կանանչեղէններ:
- Կաթ եւ կաթնաշաքար պարունակող սննդեղէններ չսպառել Lactaze խմորիչին անբաւարարութեան պարագային:
- Տեսակաւոր եւ հարուստ կերակուրներ չուտել:
- Միս քիչ ուտել:
- Դանդաղօրէն ուտել եւ լաւ ծամել:
- Կարգ մը համեմներ գործածել կերակուրներու պատրաստութեան ընթացքին: Այս համեմներէն կարելի է յիշել հետեւեալները` գինձը (coriander) եւ քեմոնը (caraway):
- Գործածել որոշ դեղեր:
- Կերակուրին հետ առնել կիտրոն կամ քացախ:
- Բրինձը կազ չ'արտադրեր:
- Չափազանց փորակազ եւ փորափքանք ունեցող անհատը բժիշկին դիմելու է, երբ անոնց կ'ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները` փորի ցաւ, կղկղանցումի փոփոխութիւն, փորհարութիւն, արիւնոտ կղկղանք, ջերմ, նողկանք, փսխունք եւ փորի արտառոց փքուածութիւն[2]: