Փոլ Պիա ծնած է 13 Փետրուար 1933-ին, գիւղական բնակավայրի մը մէջ: Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է կաթոլիկ վարժարաններու մէջ, կը պատրաստուէր իր կեանքը նուիրել եկեղեցւոյ: 1950-ական թուականներու կէսերուն, երբ Ափրիկէի մէջ կը սկսի ապագաղութացման հոլովոյթը, ապագայ նախագահը քաղաքականութեամբ կը հրապուրուի:
Փարիզի մէջ աւարտելով քաղաքագիտութեան հիմնարկը` Փոլ Պիա կը սկսի աշխատիլ Քամերունի առաջին նախագահ Անատու Ահիճոյի գրասենեակին մէջ: Ժամանակի ընթացքին յաղթահարելով նուիրապետական սանդուխի բոլոր աստիճանները` Պիա ինք կը ղեկավարէ երկիրը Ահիճոյին պարտադրուած հրաժարականէն ետք: Պետութեան ղեկավարի պաշտօնին ան յաջողած է լուծել Նիկերիոյ հետ գրեթէ յիսնամեայ տարածքային հակամարտութիւնը եւ ատկէ հասնիլ` բնական պաշարներով հարուստ Պաքասի թերակղզիին Քամերունի յանձնուելուն[5]: