Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան
Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան | |
---|---|
Ծնած է | 3 Ապրիլ 1961 |
Մահուան վայր | Գանատա, Մոնթրէալ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | լրագրող |
Մասնագիտութիւն | քիմիագիտութեան |
Աշխատավայր | Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի ապա փոխ տնօրէնուհի |
Ամուսին | Վիգէն Աֆարեան |
Երեխաներ | Արեւիկ |
Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան (ծնած է 3 Ապրիլ 1961-ին,Պէյրութ, Լիբանան - 13 Յուլիս 2019-ին Մոնթրէալ, Գանատա): Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին փոխ տնօրէն եւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա յաճախած է AUB համալսարանը եւ մասնագիտացած՝ քիմիագիտութեան մէջ:
1984-ին փոխադրուած է Գանատա, Մոնթրէալ, ուր շարունակած է իր ուսումը UdeM-ի մէջ՝ հաղորդակցութեան ապա կրթական բաժանմունքներուն դասընթացքներուն հետեւելով:
1991-ին ամուսնացած է Վիգէն Աֆարեանի հետ, եւ բախտաւորուած են դուստրով մը՝ Արեւիկ:
Ցոլինէն կնքեց իր մահկանացուն Շաբաթ, 13 Յուլիս 2019-ին, Sacre Cœur հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ կարգը՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, իսկ գերեզմանի կարգը՝ L’Éspérance գերեզմանատան մէջ, Ste Dorothée:
Ուսուցչական ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան Մոնթրէալ հաստատուելէն անմիջապէս ետք, 1986-2016 պաշտօնավարած է Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, նախ որպէս շաբաթօրեայի եւ ամէնօրեայի հայերէնի ուսուցչուհի, ապա որպէս փոխ տնօրէնուհի:
Մամուլի աշխատակից եւ «Հայ կեդրոնի ձայն» ռատիոժամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1995-2008 Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեանանխափան կերպով աշխատակցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին «Գանատական Հորիզոն» եւ «Գանատահայ Հորիզոն» սիւնակներով, ինչպէս նաեւ 15 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէր «Հայ կեդրոնի ձայն» ռատիոժամը:
Անդամակցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան Լիբանանի մէջ անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, իսկ Գանատա փոխադրուելէն ետք եղած է ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Կեդրոնական կոմիտէի գործավար եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի գործավար: Ան եղած է նաեւ հաւատաւոր ՀՕՄ-ուհի:
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 2004-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 25-ամեակին, Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան պարգեւատրուած է յատուկ յուշանուէրով մը՝ իր երկարատեւ կամաւոր աշխատակցութեան համար:
- 2003-ին, Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան պարգեւատրուած է Ethnic Press Council of Canada-ի կողմէ՝ որպէս գանատական լրատուական աշխարհին մէջ ներդրում կատարած «Հորիզոն»ի լրագրող։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազգային գործիչ եւ դաստիարակ ողբացեալ Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեանի կենսագրական գիծեր
- Կեանքէն հեռացաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանի նախկին տնօրէն Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեանը