Տօնապետ Կ․ Լիւլէճեան
Տօնապետ Կ․ Լիւլէճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1876 |
Ծննդավայր | Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1915 |
Մասնագիտութիւն | կենսաբան, բուսաբան, կենդանաբան |
Տօնապետ Կ․ Լիւլէճեան (1876, Խարբերդ - 1917), մասնագէտ՝ կենսաբանութեան, բուսաբանութեան եւ կենդանաբանութեռն:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խարբերդ Գոլէճէն ուսումնաւարտ: Հոն երկար ատեն պաշտօնավարելէ ետք, 1908-ին կ'անցնի Ամերիկա եւ կ'ամբողջացնէ Քորնէլ եւ Եէյլ համալսարաններուն դասընթացքները: Ծննդավայրը դառնալով, կը շարունակէ իր պաշտօնը իբրեւ կենսաբանութեան, բուսաբանութեան եւ կենդանաբանութեան դասախօս, մինչեւ 1915, երբ ինք ալ կը ձերբակալուի եւ կը խոշտանգուի։ Հիւանդ վիճակով կը փոխադրուի ամերիկեան հիւանդանոց, ուրկէ կը յաջողի արկածալից փախուստով խոյս տալ Տէրսիմ, եւ անկէ ալ Կովկաս: 1916ին ռուսական զօրքերու գրաւումէն ետք, վերադարձած է Արեւմտեան Հայաստան եւ հաստատուած՝ Կարին, ուր եւ մահացած է։ Թարգմանած է ամերիկացի բանաստեղծ Հենրի Լոնկֆէլլոյի «Իվանճելին» վիպերգը: Ձգած է անտիպներ: Աշխատակցած է թրքահայ եւ ամերիկահայ թերթերու: Թաւշանճեանի մրցումին, շահած է երրորդ մրցանակը։ Գործածած է Բագրատ գրական ծածկանունը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թէոդիկ, Յուշարձան Տասնըմէկ Ապրիլի, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 58