Տրդատ Բ.
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
| Տրդատ Բ. | |
|---|---|
| Ծնած է | 1-ին դար |
| Մահացած է | 252 |
| Քաղաքացիութիւն |
|
| Մասնագիտութիւն | միապետ և գերիշխան |
| Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
| Ծնողներ | հայր՝ Խոսրով Ա. |
| Երեխաներ | Խոսրով Բ. և Տրդատ Գ? |
Տրդատ Բ, Հայոց Արշակունի թագաւոր։ Թագաւորած է 217-252 թուականներուն։ Չդիմանալով հզօրացող Սասանեաններու յարձակումներուն՝ հեռացած է Հռոմէական կայսրութիւն։
Գործունէութիւնը[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]216 թուականի աշնան, Խոսրով I Քաջը կնոջ հետ միասին ժամանեց Կորդուքի մէջ տեղակայուված Հռոմէական կայսրութեան ճամբար, ուր, սակայն, հայոց արքան ու թագուհին գերեվարուեցան: Տեղեկանալով այդ մասին` Տրդատ արքայազնի գլխաւորած Մեծ Հայքի թագաւորութեան բանակը (մօտ 100.000) արշաւեց եւ սկսաւ շարժիլ թշնամիի բանակի ուղղութեամբ: Ասոր ի պատասխան Թէոկրիդոսի գլխաւորած Հռոմէական կայսրութեան բանակը ինքն ալ շարժեցաւ հայկական բանակին ընդառաջ: Կողմերը մօտեցան իրար եւ մարտակարգ ընդունեցին: Հայկական բանակը ծանր պարտութեան մատնեց Հռոմէական կայսրութեան բանակը, որ ետ քաշուեցաւ դէպի Եդեսիա։ Սեբդիմիանոս Գարագալլայի գլխաւորութեամբ Եդեսիա-Խառան-Մծբին-Արբելլա երթուղիով արշաւած Հռոմէական կայսրութեան բանակը (մօտ 140.000) պատրաստուեցաւ ներխուժել Պարթեւական թագաւորութեան տարածք: Տեղեկանալով այդ մասին` Արտաւան V-ի գլխաւորած Պարթեւական (մօտ 80.000) եւ Տրդատ արքայազնի գլխաւորած Մեծ Հայքի (մօտ 100.000) թագաւորութիւններու միացեալ բանակը շարժեցաւ հակառակորդի ուղղութեամբ, որ ետ քաշուեցաւ մինչեւ Մծբին եւ այս քաղաքի մօտ վրաններ լարեց: Այնպէս եղաւ, սակայն, որ Ապրիլ 8-ին, իր իսկ թիկնապահները սպաննեցին Սեբդիմիանոս Գարագալլան, որմէ ետք, արդէն թշնամական բանակի անմիջական հարեւանութեամբ, կայսր հռչակեցին վերջինիս գրագիր եւ դաւադրութեան իրական կազմակերպիչ Մարկոս Մակրինոսին (217-218): Ճիշդ այս պայմաններուն մէջ ալ արդէն Ապրիլ 9-ին կողմերը մօտեցան միմիանց եւ մարտակարգ ընդունեցին: Ապրիլ 9-ին Պարթեւական եւ Մեծ Հայքի թագաւորութիւններու միացեալ բանակը յարձակման անցաւ, սակայն ողջ օրը տեւած յամառ մարտը ոչ մէկ կողմին առաւելութիւն չտուաւ: Ապրիլ 10-ին հանդիպակաց մարտերը շարունակուեցան՝ այդպէս ալ առաւելութիւն չտալով հակառակորդներէն որեւէ մէկուն: Ապրիլ 11-ին Պարթեւական եւ Մեծ Հայքի թագաւորութիւններու միացեալ բանակը, գերազանցելով հակառակորդը, յատկապէս՝ հեծելազօրի թիւով, անցաւ յարձակման ու փորձեց թեւանցել Հռոմէական կայսրութեան բանակի մարտակարգը, որին ի պատասխան, սակայն, վերջինս ձգեց մարտակարգը եւ այնուհանդերձ պահեց դիրքերը։ Արդյունքում՝ բռնկված եւ ողջ օրը շարունակուած յամառ ու արիւնահեղ մարտը կրկին առաւելութիւն չտուաւ կողմերէն որեւէ մէկուն, որմէ ետք ծանր կորուստներ կրած հակառակորդ բանակները օրուա վերջը նահանջեցին ելման դիրքեր: Ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ Մարկոս Մակրինոսը, հիանալի ըմբռնելով այն հանգամանքը, որ իր հերթին ոչ թեթեւ վիճակի մէջ գտնուող հակառակորդը յամառօրէն կը մարտնչի, թերեւս, միայն Սեբդիմիանոս Գարագալլայի նկատմամբ վրէժի զգացումէն դրդուած, Ապրիլ 12-ին ազատ արձակեց Խոսրով I Քաջըն եւ անոր կնոջը ու վերջիններուս միջոցով հակառակորդ բանակի ղեկավարութեան տեղեկացուց, որ Սեբդիմիանոս Գարագալլան արդէն չորս օր է, որ սպաննուած է, ինչ որ հաշուի առնելով, առաջարկեց հաշտութիւն կնքել: Այս առաջարկը ընդունուեցաւ: Եւ այսպէս կնքուեցաւ հաշտութիւն եւ Հռոմէա-Պարթեւական V պատերազմը աւարտեցաւ։ Արդիւնքով՝ Մեծ Հայքի թագաւորութեան գահին կրկին հաստատուեցաւ Խոսրով I Քաջը։
- ↑ (հայերեն) Տրդատ Բ, 2025-05-01, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8F%D6%80%D5%A4%D5%A1%D5%BF_%D4%B2&oldid=10298794, վերցված է 2025-07-23