Տուրուբերանի Այր Մարդոց Տարազներ
Արտաքին տեսք
Տուրուբերանի Այր մարդոց տարազները, Կը նմանին միւս գաւառներու տարազներուն:
Ճերմակեղէնը կարելու համար կտորը կը բերէին Բագէշէն: Վերնազգեստը կը կոչուէր անթարի: Կարճ սալթան՝ վերնազգեստը, երիտասարդներու տօնական հագուստի կարեւոր մասերէն էր: Կտորը մահուտ էր կամ թաւիշ եւ ասեղնագործուած էր ոսկեթելով:
Տուրուբերանի մէջ, պատանիներու մազերը խուզած ատեն, ճակատի կեդրոնը կը ձգէին փունջ մը՝ պուպուշիկը: Ականջներուն վրայ կը ձգէին մէկական փունջ՝ գուլակները, իսկ գլխու գագաթին՝ չորրորդ փունջ մը բրչամը: Ճակատի պուպուշիկը որոշ գաւառներու մէջ կ'անուանէին Քեաքիւլ - քանքիլ:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատկերագիրք Հայակական Տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 28։