Տխրութիւն
Տխրութիւն, յուզումնական ցաւ մըն է, որ կրնայ կապուած ըլլալ կորուստի, յուսահատութեան, անօգնականութեան եւ վիշտի հետ։ Լացը յաճախ կը վկայէ մարդու մը տխուր ըլլալու վիճակը[1]: Տխրութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս տրամադրութեան ժամանակաւոր անկում։
Տխրութիւնը մէկն է վեց յոյզերէն` ուրախութեան, զայրոյթի, զարմանքի, վախի եւ զզուանքի[2]: Տխրութեան հականիշն է ուրախութիւնը:
Տխրութեան Պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իւրաքանչիւր յոյզ ունի իր բնական պատճառները։ Յոյզերու բանական պատճառ ըսելով կը հասկանանք այն պատճառները, որոնք միեւնոյնն են բոլորին համար անկախ մորթի գոյնէն, ցեղային ծագումէն, մշակոյթէն, կրթութենէն, ընկերա-տնտեսական նախադրեալներէն եւ այլն։ Նորութիւնը եւ փոփոխութիւնը հետաքրքրութեան համաշխարհային քրքրիչներ են։ Տխրութիւնը նոյնպէս ունի սեփական համաշխարհային քրքրիչները։
Ինչպէս ֆիզիքական այնպէս ալ հոգեբանական բաժանումը կամ հեռացումը կը համարուի տխրութեան առաւելագոյն տարածուած պատճառներէն մէկը։ Երբ մենք ստիպուած ենք լքել մեր ընտանիքը կամ սիրելի ընկերները՝ մենք կը զգանք տխրութիւն, սակայն մենք կրնանք ըլլալ բաժնուած կամ հոգեբանօրէն միայնակ նոյնիսկ ամբոխի մէջ։ Հոգեբանական մեկուսացումը կրնայ ունենալ տարբեր ձեւեր- հաղորդակցման անկարողութիւն, զգացումներու ճիշդ արտայայտման անկարողութիւն, ինչպէս նաեւ պատկանելութեան զգացողութեան բացակայութիւն։ Ամենաուժեղ վիշտը կրնայ առաջացնել մահը: Մտերիմ ընկերոջ կամ ընտանիքի անդամի մահը անդառնալի կորուստ է։ Մենք կը կորսնցնենք մարդ մը, որու հետ կապուած ենք ամուր կապերով, որու նուիրուած են մեր ժամանակին մեծ մասը, որու հետ կիսած ենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Այսպիսի կորուստը` ընկերական, սիրային յարաբերութիւններու մեզ մօտ կ'առաջացնեն վիշտ։
Տխրութեան միմիկական արտայայտումը
- ցրուած հայեացք
- բերանի անկիւնները իջած
Ակնյայտ է սակայն, որ տխրութիւնը երբեմն մեր դէմքին վրայ չ'երեւիր այնպէս, ինչպէս կը նկարագրուի։ Առաջին հերթին յոյզի ապրումը աւելի երկար կը տեւէ, քան յոյզի միմիկական արտայայտումը: Միմիկական արտայայտումը կրնայ տեւել վայրկեաններ, այնինչ ապրումը երկար է։ Երկրորդ պատճառը այն է, որ շատ մարդիկ կը փորձեն թաքցնել տխրութիւնը։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ չափէն աւելի տխուր են, անոնք կը փորձեն ժպտալ, դէմքին հանգիստ արտայայտութիւն տալ։