Jump to content

Տիեզերքի Թանգարան (Երեւան)

Տիեզերքի Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
40°12′02″N 44°34′49″E / 40.200517°N 44.580339°E / 40.200517; 44.580339
Կայքէջ garni-cosmos.com
Քարտէս
Քարտէս

Տիեզերքի թանգարան, տիեզերքի թանգարան Հայաստանի մէջ, հիմնադրուած է 27 Յունիս 2001-ին, Գառնիի տիեզերական աստղագիտութեան ինստիտուտի տարածքին, Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի միջոցառումներու շրջանակին։

Թանգարանը կը ներառէ Հայաստանի մասնագէտներու, ակադեմիկոս Գրիգոր Գուրզադեանի ղեկավարութեամբ՝ սկզբնական շրջանին Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ, ապա Գառնիի մէջ կատարուած տիեզերական աստղագիտութեան եւ տիեզերական սարքաշինութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններու նմուշներ, փաստաթուղթեր։ Գառնիի մէջ ստեղծուած, ապա տիեզերք արձակուած են ժամանակի առաւել կատարեալ գիտական սարքաւորումներ, մշակուած են տիեզերական սարքաշիութեան սկզբունքներ, այդտեղ իրենց նախաթռիչքային պատրաստումը անցած են աւելի քան 40 խորհրդային տիեզերագնացներ:

Տիեզերքի թանգարանը կազմակերպուած է փրոֆեսոր Վահագն Գուրզադեանի ղեկավարութեամբ, ե՛ւ սկզբնական ցուցադրումը 2001-ին Գառնիի մէջ, ե՛ւ նորացուած ցուցադրումը Երեւանի մէջ։ 2001-ին թանգարանի բացման մասնակցած են Գրիգոր Գուրզադեանը, տիեզերագնաց Վալենտին Լեբեդեւը, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ֆատէյ Սարգսեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, Զորի Բալայեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը: Թանգարանը նախատեսուած է որպէս նախեւառաջ դպրոցահասակ սերունդի կրթութեան ուղղուածութեան հաստատութիւն, բացի պատմա-փաստագիտական, զբօսաշրջիկային եւ այլ բովանդակութիւններէ։

28 Նոյեմբեր 2015-ին թանգարանը վերաբացուած է Երեւանի Նոր Նորքի 2-րդ զանգուածի տեխնոպարկի տարածքին[1][2][3]։

Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին տիեզերական հետազօտութիւններու վաղ շրջանի նմուշներ, ինչպէս օրինակ՝ տիեզերքէն վերադարձուած վայրէջքային սարք (բնօրինակ), տիեզերքի մէջ եղած այլ սարքաւորումներ, ՕՐԻՈՆ-2 աստղադիտարանի պատճէնը, որ ցուցադրուած է Հանովերի մէջ EXPO 2000-ին)։

Թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են նաեւ տիեզերական հետազօտութիւններուն առնչուող փաստաթուղթեր, ձեռագրեր՝ հեղինակուած տիեզերագնացներու, Վոստոկ, Սոյուզ տիեզերանաւերու ճարտարագէտներու, գիտնականներու կողմէ, նաեւ NASA-էն։ Արժէքաւոր նմուշներէն է Նոպէլեան դափնեկիր Հանս Պեթէյի յօդուածի ձեռագիրը, որ գրուածէ Գրիգոր Գուրզադեանի հետ համատեղ։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Նոր Նորքի 2-րդ զանգուածի տարածքին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Տիեզերական հետազօտութիւններու վաղ շրջանի բացառիկ նմուշները՝ Տիեզերքի նորաբաց թանգարանին մէջ
  2. Տիեզերքի թանգարանի բացումը Երեւանի մէջ
  3. «ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ» ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆի մէջՙ ՀԱՐՍՏԱՑՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՆՄՈՒՇՆԵՐՈՎ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]