Jump to content

Տիեզերական Ժողովներ

Տիեզերական ժողով կը կոչուին այն ժողովները, որոնք կը գումարուին քրիստոնէական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ, քննելու եւ յստակ որոշումներ կայացնելու եկեղեցական կեանքի կարեւոր բնագաւառներուն առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ` հաստատելով ուղղափառ վարդապետութիւնը:

Ընդհանրական եկեղեցւոյ, յատկապէս Արեւելեան ուղղափառ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար «տիեզերական» բնոյթ եւ ճանաչողութիւն ունին երեք ժողովներ, որոնք իրենց գումարման վայրին անունով կը կոչուին Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի ժողովներ: Այս երեք ժողովներով լուծուած եւ բացատրուած կը համարուին քրիստոնէական կրօնի էական գլխաւոր հաւատալիքները` Ս. Երրորդութիւնը, Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդները[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]