Տիգրան Յ. Պոյեաճեան
Տիգրան Յ. Պոյաճեան ծնած է Բալուի Արմուճան գիւղը, 1895-ին: Ան կը մահանայ 2 Մայիս, 1975-ին: Իրաւագէտ՝ Մագիստրոս աստիճան, ԱՄՆ: Ազգային հասարական գործիչ: Կիլիկիոյ ազատագրման գունդի կամաւորական:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիգրան Յ. Պոյեաճեան ծնած է Բալուի Արմուճան գիւղը, 1895-ին: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի ու շրջանի գիւղական դպրոցներուն մէջ, որոնց վերջինը կը հանդիսանայ Տիարպեքիրի հայ կաթողիկէ վարժարանը: 1910-ին կ՛անցնի Փրավիտենս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Մէկ քանի տարիներ տարբեր արհեստներու հետեւելէ ետք, 1913-ին կը մտնէ տեղւոյն Գլասիգըլ Երկրորդական Վարժարանը, որուն ընթացքը աւարտելէ ետք, կը դառնայ Պրաուն Համալսարանի ուսանող, ապա՝ կ՛անցնի Պոսթոն, ուր կը հետեւի նոյն Համալսարան-Գոլէճի դասընթաքներուն:
1917-ին կը միանայ Կիլիկիոյ ազատագրման համար կազմուած կամաւորական գունդերուն: Կիլիկիոյ գրաւումէն ետք, 1919-ին կ՛արձակուի բանակէն, եւ սակայն տակաւին շրջան մը կը մնայ Կիլիկիա, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար Կիլիկիա վերադարձող հայ գաղթականներու վիճակը: Նոյն թուականի Հոկտեմբերին կը վերադառնայ ԱՄՆ, Կիլիկիոյ հայոց պաշպանութեան համար հանգանակութիւն կատարելու:
Դէպքերու ընթացքը սակայն կը խափանեն իր Կիլիկիա վերադարձը:
1920-ին Տ. Պոյեաճեան կը սկսի հետեւիլ Նորթուեսթըրն Համալսարանի իրաւագիտութեան դասընթացքներուն, զորս կ՛աւարտէ 1924-ին, արժանանալով Պսակաւոր Իրաւագիտութեան տիտղոսին:
Յաջորդ տարին ան կ՛աւարտէ Պոսթոն Համալսարանի Իրաւագիտութեան Դպրոցի ընթացքը, ու կը տիրանայ Մագիստրոս Իրաւագիտութեան աստիճանին:
Իրաւաբանական իր ասպարէզին կողքին, զոր ան ի գործ կը դնէ Ուոթըրթաունի Մեսեչուսէթի Մէջ, Տ. Պոյեաճեան կը նուիրուի ազգային հասարակական գործունէութեան:
Հրապարակագրութեան հետ միատեղ, ան կը լծուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթ հարցերու պրպտումին:
Տիգրան Պոյեաճեան կը մահանայ 2 Մայիս, 1975-ին:
Անգլերէն լեզուով հրատարակչական Երկեր՝
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր թարգմանութեամբ անգլերէն լեզուով կը հրատարակուի «Եղիշէի ՎԱՍՆ ՎԱՐԴԱՆԱՅ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ» Նիւ Եորք, 1952 երկը, որուն արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, կատարուած Յովհաննէս Ծովիկեանի կողմէ, լոյս կը տեսնէ վերոյիշեալ անգլերէն թարգմանութեան հետ միատեղ, նոյն կողքի տակ:
երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առանձին հատորով Տ. Պոյեաճեան կը հրատարակէ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԷՈՆԸ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ» Ուոթըրթաուն, 1965,
Անգլերէն լեզուով վաւերագրային ուսումնասիրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անգլերէն լեզուով՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԱՐԱԳԱՆ» Նիւ Ճըրզի 1972, ընդարձակ վաւերագրային ուսումնասիրութիւնը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Զ., Պէյրութ, 1977, էջ 355