Տարեգրութիւն (տարեթերթ)
Տարեգրութիւն | |
---|---|
Տեսակ | տարեթերթ |
Լեզու | Արեւմտահայերէն |
Տարեգրութիւն (1800 - 1802), աշխարհաբար տարեթերթ։
Ազդարարի լռելէն ետք, Վենետիկի միաբանութիւնը կը ձեռնարկէ սոյն աշխատութեան։ Այն իր բովանդակութեամբ լրագրոյ պաշտօն կը վարէր, հետեւաբար կարելի է նաեւ լրագիր անուանել։ Ի տարբելութիւն միայն՝ որ փոխանակ կարճ շչջանի մը մէջ հրատակուելու, տաւոյն վերջաւութեան կը հրատարակուէր։ Այնտեղ կը հրապարակուէր տարուան երեւելի քաղաքական, գիտական, եկեղեցական դէպքերու մանրամասն տեղեկութիւններ։
Տարեգրութեան դիրքը եղած է փոքր ութածաւալ, ըստ ժամանակին, տպագրութիւնն ու թուղթը՝ մաքուր, իսկ լեզուն՝ աշխարհաբար։ Ա․ հատորը կը հրատարակուի 1800-ին, ուր կը պատմուի 1799-ի դէպքերը։ Միեւնոյն ձեւով եւս կը հրատարակուին յաջորդները (մինչեւ 1803)։
Լրագրութեան մանկութեան հասակին ՝ Տարեգրութիւնը, աշխարհի տարբեր կողմերէ գիտական եւ այլ նիւթեր հաղորդելով, մեր առջեւ կը դնէր ժամանակին աշխարհիկ լեզուն[1][2]։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պատմութիւն Հայ Լրագրութեան, Հ․ Գրիգորիս Վ․ Գալէմքեարեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1893, էջ 25-27։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՏԱՐԵԳՐՈՒԹԻՒՆ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-17
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»