Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1959 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, (1959, Հալէպ, Սուրիա), աւաղանի անունով Ներսէս, որդի Միքայէլի եւ Լիտիայի, ծնած է քիլիսցի ծնողքէ, Հալէպ, 1959-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զաւարեան վարժարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղածէ 1973-ին։ Նիւթական դժուարութիւններու պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել եւ մտած է ազատ ասնարէզ ու հետեւած է ելեկդրագործութեան։
Հանապազօրեայ աշխատանքին զուգահեռ, հետաքրքրուած է մարմնակրթական ու գաղափարական կեանքով։ 1978-ին կանչուած է զինուորական ծառայութեան, որ տեւած է մինչեւ 1982։
1983-ին, իր մէջ փափաք կ'արթննայ եկեղեցական ձեռնադրուելու։ Կը դիմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրխանքի տեսչութեան, որ սերտելէ ետք իր պարագան, կ'ընդունի զինք իբրեւ քահանայից դասարանի աշակերտ։
Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկեր՝ Յարութիւննեան Գեւորգ ու Ատէլի դուստրը՝ Սօսին, որուն հետ կը մսակուի 29 Յուլիս 1985-ին, Հալէպի Ս. Քարասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տէր Սահակ Ա. քհյն. Արապաթլեանի ու Հալէպի քահանայից դասուն մասնակցութեամբ եւ կ'ունենայ երկու զաւակներ՝ Քրիստափոր եւ Արազ։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ու խարտաւիլակութեամբ Տ. Զարմայր Ա. քհյն. Հինտոյեանի, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, 22 Սեպտեմբեր 1985-ին, վերակոչուելով Տ. Տաթեւ։
Տէր Հօր տարիներու փորձառութիւնը իր մէջ կը ձեւակերպէ ու կը զօրացնէ նախ ինքնախստահութիւնը ու ապա՝ վարչական կարողութիւնը։ Այս պատճառով ալ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իրեն կը վստահի վարչական նօր պաշտօն մը։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հրչակման 1700 ամեակի Բերիոյ Թեմի կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ։ Այս պաշտօնը կը վարէ աւելի քան 3 տարի 1997-1999 եւ 2001։
Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ան ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք 1992-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն։ 2003-ին, սեւ Ծաղկեայ փիլոն գործածելու իրաւունք Արամ Ա. Կաթողիկոսէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Իսկ 2007-ին, նոյն Վեհափառեէն ստացած է Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 344-347։