Jump to content

Վ. Ս. Ծովակ

Վ. Ս. Ծովակ
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Իզմիթ
Մահացած է 1960
Քաղաքացիութիւն Իզմիթցի
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնիա

Վ. Ս. Ծովակ, հայ գրող։

Ծնած է (1890-1960) Իզմիթ: Մանուկ հասակին փոխադրուած է Պոլիս: Յաճախած է Կէտիկփաշայի բողոքականներու վարժարանը (Կարկուռ). աւելի վերջը Սկիւտարի Պէրպէրեանը, ուր ունեցած է Տիրան Չրաքեանի, Ե. Տէր Անդրէասեանի եւ Տիգրան Ջէօկիւրեանի պէս ուսուցիչներ. որոնց ազդեցութեան տակ տուած է գրական առաջին փորձերը։ Իր գրական ճաշակը ազդուած է նաեւ մանկութեանը կրած ընտանեկան դժբախտութիւններէն եւ կսկծալի միջավայրէն։

Իր առաջին գրութիւնը քերթուած մըն է՝ Սուգը, որ լոյս տեսած է «Շանթ» գրական-գեղարուեստական հանդէսին մէջ, 1918-ին։

Ունի պատմուածքներ, արձակ էջեր, վէպեր, թատերակներ, նաեւ թարգմանութիւններ՝ մասնաւորաբար ֆրանսացի հեղինակներէ։

Լոյս տեսած են Գիշատիչ Թռչունը եւ Խելար Գամիներ վէպերը, թերթօնի ձեւով, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Գիշատիչ Թռչունը աւելի վերջը հրատարակուած է առանձին հատորով։ «Շղթայ» անուն թատերակը ներկայացուած է դերասան Պալթազարի յոբելեանի առթիւ։

Իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է պոլսահայ գրական գործունէութեան. «Ժամանակ» օրաթերթին կիսամսեայ գրական էջերը խմբագրած է 1943-էն սկսեալ, մօտ հինգ տարի, հասցնելով նորահաս սերունդի գրողներ։

Վարած է ուսուցչական պաշտօնը Րումէլի Հիսարի Թադէոսեան վարժարանին մէջ։

Իբրեւ գրչանուն գործածած է Արեւելքցի, Վահասար եւ Հ. Ս. Հրաչ:

Մշակած է նաեւ գիւղական գրականութիւն[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։