Վիպապաշտ քնարերգութեան գլխաւոր լարերը
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Վիպապաշտ քնարերգութիւնը կը բնորոշուի յուզականութեամբ։ Գիծ մը՝ որուն դրսեւորումը, ըստ խառնուածքի, կ’ըլլայ բոտն, կամ աւելի մեղմ։ Այս հիման վրայ է, որ հետեւող նմուշները կը բաժնուին երկու խմբակի՝ ուժգին եւ մեղմ շեշտով, «բարձր» եւ «ցած» եղանակով կտորներ։
Յատուկ ուշադրութեան արժանի են Պ․ Դուրեանէն եւ Եղիայէն առնուած էջերը, որոնք բաւականաչափ կը հիմնաւորեն՝ աւելի վեր, արեւմտահայ վիպապաշտ բանաստեղծութեան գերազանց որակին մասին եղած արժեւորումը։ Նոյնիսկ եթէ, Եղիայի պարագային, կը գտնուինք դեռ մինչեւ այսօր անտեսուած բանաստեղծական վաստակի մը առջեւ։