Jump to content

Վիպապաշտ դպրոց

Վիպապաշտ դպրոց, սոյն դպրոցը առանձնաշնորհեալ տեղ եւ բոլորովին նոր ծաւալ տուած է քնարերգութեան՝ անձնական ապրումներու բանաստեղծական դրսեւորման։

ժամանումը Հայ վիպապաշտ գրականութեան մէջ, քնարերգութեան նմոյշներու հանդիպած ենք յատկապէս Պետրոս Դուրեանի հետ։ Անոնց կողքին, տեսած ենք նոյն վիպապաշտաներու հայրենասիրական քերթուածները։

Վիպապաշտ քնարական բանաստեղծութիւնը բարձր որակի հասած է, յատկապէս արեւմտահայ երեք քերթողներու մօտ՝ Պէշիկթաշլեանի, Պետրոս Դուրեանի եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի։ Այս վերջինը ժամանակագրականօրէն, նաեւ իր գրական յատկանիշներով, անդին կ՛անցնի վիպապաշտներէն. բայց նաեւ՝ բնորոշ կարգ մը գիծերով կրնայ դասուիլ անոնց կողքին։

Վիպապաշտ դպրոցի բանաստեղծներէն, արդէն տեսնուածներուն կողքին, կ՛արժէ յիշատակել ռահվիրայ Հ.Ղեւոնղ Ալիշանը՝ մասամբ աշխարհաբար ու մասամբ գրաբար բանաստեղծական իր գործով. Թովմաս Թէրգեանը, Մկրտիչ Աճէմեանը, Խորէն Եպս. Նարպէյը,Ռէթէոս Պէրպէրեանը։ Արեւելահայերէն՝ Սմբատ Շահազիզը, Յովհ. Յովհաննիսեանը, Ղազարոս Աղայեանը եւ այլ հեղինակներ։