Վարդան Ամիրեան

Վարդան Ամիրեան
Ծնած է 25 Օգոստոս 1960(1960-08-25) (63 տարեկան)
Ծննդավայր Գաւառ, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Մասնագիտութիւն աճպարար

Վարդան Ամիրեան (25 Օգոստոս1960, Կամօ, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), հայ աճպարար։ Հայ աճպարարներու միութեան նախագահ[1]։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարդան Ամիրեանը ծնած է 25 Օգոստոս1960-ին, Կամօ քաղաքին մէջ։ 1976-ին աւարտած է Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը, այնուհետեւ սորված է նորաձեւութեան քոլեջին մէջ։ 1982-1984 թուականներուն սորված է Երեւանի էստրադային արուեստի քոլեջին մէջ, 1985-1987 թուականներուն` Լենինկրատի Էստրադային արուեստի ստեղծագործական բարձրագոյն արուեստանոցին մէջ։ Երկար տարիներ աշխատած է Հայհամերգ միաւորումին մէջ։ Որպէս մէնակատար-աճպարար՝ հիւրախաղերով շրջագայած է տարբեր երկիրներ, Հայաստանի մարզերը եւ գիւղերը։

Մասնակցած է աճպարարներու տարբեր մրցոյթներու։ 1988-ին Մինուոդիի աճպարարներու համամիութենական մրցոյթին ստացած է առաջին տեղը եւ արժանացած բարձր կոչման` մոգութեան արքայ։ 1990-ին Մոսկուայի աճպարարներու միջազգային մրցոյթին մէջ, ներկայացնելով հեղինակային էթնիկ աճպարարական համարը, որու մէջ օգտագործուած է հայկական երաժշտութիւն, հայկական երաժշտական գործիքներ, ընդհանուր մոգութեան բաժնին մէջ արժանացած է պրոնզէ մետալի եւ ստացած ամենաբարձր կոչումը` միսթր մոգ։

1987-ին աճպարարներու առաջին համամիութենական փառատօնին, միկրոմագիայի բաժնին մէջ արժանացած է լաւագոյն մասնակից կոչման։ 1993-2005-ականներուն ապրած եւ ստեղծագործած է Իսրայէլի մէջ, ուր հիմնած է աճպարարներու դպրոց։ 2000-ին Իսրայէլի աճպարարներու փառատօնին, որպէս աճպարար ուսուցիչ եւ աճպարարական հնարքներու բեմադրող արժանացած է արծաթէ կախարդական փայտիկի։

Միջազգային մոգերու ընկերութեան անդամ է։ Կը հանդիսանայ նոր աճպարարական ոճի հեղինակ, որ կը կոչուի էթնիկ մէջիք։ Հեղինակած է տարբեր աճպարարական հեռուստատեսային շոուներ, համագործակցած է Հայաստանի հանրային եւ «Արմենիա» հեռուստաընկէութիւններու հետ` «Կախարդական դղեակ» եւ «Մեծ հրաշքներու փոքր գաղտնիքները» հեռուստանախագծերով։ Աճպարարական համարներ բեմադրած է ներկայացումներու մէջ` «Դոն Ժուան», «Ջին ջան»։ 2010-ին «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող բեմադրութեան մէջ հադես եկած է իր հեղինակային աշխատանքով` կորիզի մէջէն բացուող ծիրանի ծառով։ Նոյն թուականին Հայաստանի մէջ հիմնադրած է հայ աճպարարներու միութիւնը, որու նախագահն է։ Հեղինակած է բազմաթիւ հնարքներ։ Կը տիրապետէ երաժշտական գործիքներու, զբաղուած է վոկալով։ Կ՚ուսումնասիրէ հոգեբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, կը տիրապետէ հիպնոսին, հանդէս կու գայ բեմական հիպնոսով[2]։

Վարդան Ամիրեանը հայ աճպարարական արուեստը ներկայացուցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ԳԼԽԱՎՈՐ»։ Union of Armenian Magicians (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2021-08-25 
  2. «Վարդան Ամիրեանի մասին avproduction.am կայքին մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-16-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-16 
  3. «Վարդան Ամիրեանի աճպարարի դպրոց»։ abelyanartschool.com (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-08-25 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]