Jump to content

Վայրի Բնութեան Համաշխարհային Օր

Նկորոնկորօ պահպանման վայրը, վայրի բնութեան ապաստան

Վայրի Բնութեան Համաշխարհային Օր, 2013 թուականի Դեկտեմբեր 20-ին, ՄԱԿ գումարելով 68-րդ նստաշրջանը, 3 Մարտը հռչակած է Վայրի Բնութեան Համաշխարհային Օր (բանաձեւ 68/205, 20 Դեկտեմբեր 2013[1])՝ «Ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող ֆաունայի եւ ֆլորայի վայրի տեսակներու միջազգային առեւտուրի մասին» համաձանագրի ընդունման տարեդարձի օրը, զոր առաջարկուած է Թայլանտի կողմէ[2], տօնելու եւ բարձր մակարդակ ապահովելու՝ վայրի բնութեան, կենդանական ու բուսական աշխարհի վերաբերեալ:

Վայրի բնութեան օրուան տօնակատարութիւնը կապուած է նաեւ 1973-ի Մարտ 3-ին Ուաշինկթընի մէջ 80 երկիրներու ներկայացուցիչներու կողմէն ՍԻԹԵՍ-ի համաձայնագիրին հետ, որ ուժի մէջ մտած էր 1 Յուլիս 1975-ին:

2013 թուականին, ՄԱԿ-ի բանաձեւը կը վերահաստատէր վայրի բնութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւնը եւ անգնահատելի արժէքը կայուն զարգացման ու մարդկային բարօրութեան հարցով՝ առանձնացնելով վայրի բնութեան դերը բնապահպանական, ծննդաբանական, ընկերային, տնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային, գեղագիտական եւ ժամանցային հարցերուն մէջ:

Իւրաքանչիւր տարի այս օրն կ՛ունենայ որոշակի թեմաթիք ուղղուածութիւն[3].

  • 2015-ի կարգախօսն էր «Վայրի բնութեան հանդէպ կատարուած հանցագործութիւնը լուրջ խնդիր է, եկէ՛ք լուրջ մօտենանք բնութեան հանդէպ կատարուած հանցագործութեան»:
  • 2016-ի կարգախօսն էր «Վայրի բնութեան ապագան մեր ձեռքն է»[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]