Գեղագիտական ապրում
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գեղագիտական ապրում, Ի՞նչ է գեղեցիկի զգայնութիւնը կամ գեղագիտական ապրումը։ Գեղեցիկի զգայնութիւն կամ գեղագիտական ապրում կը կոչենք գրական-գեղարուեստական գործէ մը մեր ստացած վայելքը։ Այս ապրումը իր մէջ կը պարփկէ ճաշակի դատում մը, հարստացած գաղափարական Եւ յուզական տարրերով։
Այսպէս է, երբ կը լսենք երաժշտական կտոր մը, կամ կը դիտենք գեղանկար մը, կամ կը կարդանք գրական գործ մը, եւ զայն կը գտնենք ներդաշնակ, մեր զգայարանքներուն հաճելի։ Բայց միանգամայն մեր յուզական աշխարհով կը մասնակցինք անոր ու մտգով կ՛ըմբռնենք անոր բովանդակութիւնը։ Գեղագիտական ապրումը, ինչպէս գեղագիտական իտէալը արուեստագէտի մը հոգեկան աշխարհին հիմնական բանալինէրն են վարելու համար երկի մը յղացման եւ արտադրման ընթացքը՝ ստեղծագործական «բրոսես»ը։ Անոնք նաեւ անհրաժեշտ են այդ երկի ըմբռնման, վայելումին համար, շնորհիւ իրենց առաջացուցած «համապրումին» հոգեմտաւոր մասնակցութեան։
Գեղագիտական իտէալ-արժէք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որո՞նք են կեանքի գեղագիտական իտէալները։ Կենաքը, իրականութիւնը, մարդկային գիտակցութեան մէջ կը ներկայանան փոխնիփոխ գեղեցկութեան, վեհութեան, ողբերգականի կամ կատակերգականի իրենց երեսներով ու աստիճաններով։
Այս արժէքները միանգամայն իրականութեան յատկանիշներ են։
Այս արժէքները կամ յատկանիշները գոյութիւն ունին անշուշտ մարդկային գիտակցութեան մէջ, անոր համար, եւ ո՛չ անկէ դուրս։ Բայց անոնք կան բոլոր մարդոց համար, ամէն մշակուած գիտակցութեան համար, նոյնիսկ եթէ կը մնան չափով մը յարաբերական, նոյնիսկ եթէ մասամբ փոխուած են ու կը փոխուին՝ ժամանակէ ժամանակ, վայրէ վայր, նաեւ ըստ ընկերա-մշակութային կացութեան կամ դասակարգի։
Ա–Այս յատկանիշ-արժէքէն հիմնականը գեղեցիկն է (նկատելով որ արուեստի գիտութիւնը կը կոչուի գեղագիտութիւն)։
Բ-Գեղեցիկի էութեան սահմանումը փիլիսոփայական հիմնական խնդիր է, որ զբաղեցուցած է բոլոր ժամանակներու մտածողները, առիթ տուած՝ բազմաթիւ տարբեր, երբեմն հակադիր կեցուածքներու։
Այս ծաւալուն ու անվերջանալի բանավէճին մէկ տարազումը գեղեցիկի եւ «օգտակար»ի կապին խնդիրն է։ Այսպէս, երբեմն կարգ մը մտածողնէր գեղեցիկը նոյնացուցած են օգտակարին հետ. ուրիշներ հակադրած են զանոնք իրարու, գեղեցիկը յայտարարած են «ձրի», անօգուտ, ինքնանպատակ։ ճիշդը գոնէ այն է, որ այս երկու «արժէք»ները՝ գեղեցիկը եւ օգտակարը, անհրաժեշտօրէն կապ չունին իրարու հետ։ Գեղեցիկը պէտք է ընկալել լայն առումով.
Գեղարուեստական գեղեցիկը նախ կերպարի մը բոլոր գիծերուն ներդաշնակ ամբողջութիւնն է. կապ չունի, օրինակ, ֆիզիքական անշարժ, արձանային գեղեցկութեան հետ։
Կերպարի մը արտաքին գեղեցկութեան կողքին, ու անկէ առաջ, չափանիշ է անոր «ներքին» գեղեցկութիւնը՝ նկարագրի արտայայտչութիւնը՝ իբրեւ կերպար։
Ուրեմն ծայրագոյն պարագաներու որոշ «տգեղութիւն»ներ կրնան ըլլալ գեղեցիկ։