Վահան Քհնյ. Մանուկեան
Վահան Քհնյ. Մանուկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1844 |
Ծննդավայր | Հաճըն, Թուրքիա |
Մահացած է | 1915 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Վահան Քհնյ. Մանուկեան (1844, Հաճըն- 1915, Պապ), ծնած է Հաճընի մէջ, 1844-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբայ վանքը եւ ապա Հաճընի Առաջնորդ՝ Տ. պետրոս Արք. Տէր Մելքոնեանի տնօրինութեամբ ղրկուած է Կ. Պոլսոյ Շահնազարեան վարժարանը, զոր աւարտած է փայլուն յաջողութեամբ։
Մտած է ուսուցչական ասպարէզ, նուիրուելու համար սերունդի դաստիարակութեան սրբազան գործին։ Իր կրթական ծառայութեան առաջին մարդը եղած է Նուպար Շահնազարեան վարժարանը, ուր երկու տարի դասախօսելէ ետք Այնթապի Միացեալ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած է Այնթապ։ Հոն ուսուցչական պաշտօն վարած է երեք տարի եւ ապա, Հաճընի Միացեալ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած է Հաճըն՝ ճեմարան մը բանալու առաքելութեամբ։
Նորաբաց այս ճեմարանին մէջ տասնութ տարի դասախօսած է, պատրաստելով ազգային շունչով տոգորուած սերունդներ ու ազգին տալով բազմաթիւ շրջանաւարտներ։ Տարիներու իր ծառայութենէն ետք, ճեմարանը չկարենալով հոգալ իր ծախսերը, կը փակէ իր դռները։ Այնուհետեւ ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը ու կը պսակուի Հաճընի մէջ։
Ճեմարանի փակումէն ետք հետեւեալ տարին ան կը նշանակուի տնօրէն Տարսոնի եւ Զոր Մարզուանի (Տէօրթ-եօլ) դպրոցներուն։ Նոյն շրջանին թուրք ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ ու կը ձերբակալէ զինք, իբրեւ կազմակերպիչ ղեկավար ու բազմաթիւ յեղափոխական հաճընցի երիտասարդներ կը դատապարտէ հինգ տարուայ թիապարտութեան։ բարեբախտարար, արտաքին միջամտութիւններով ինը ամիս ետք Սուլթանի կողմէ ներման կ'արժանանայ։ Այնուհետեւ, գաղափարակից բարեկամներու խորհուրդով, ան ազգային ու գաղափարական իր գործունէութիւնը մոռացութեան մատնելու ու պետական հետապնդումներէ հեռու մնալու միտումով, ժամանակուան մը համար կը հեռանայ կրթական ասպարէզէն ու քաղաքական գործունէութենէն եւ կը զբաղի վաճառականութեամբ։ Տարիներ ետք, Սիսի կաթողիկոսական փոխանորդ Պէքմէզեան եպիսկոպոսի յորդորով, օսմանեան կառավարութեան հալածանքէն խուսափելու նպատակով, ան կը մեկնի Սիսի դպրեվանքը քահանայ ձեռնադրուելու համար։ Թէեւ թուականներու չգոյութեան պատճառով իր ձեռնադրութեան տարին անյայտ է, բայց ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր ծառայութեան տարիներն ու վաճառականութեամբ զբաղած ըլլալու տեւողութիւնը նկատի առնելով, կարելի է ենթադրել, որ ան քահանայ ձեռնադրուած է 1888-ին եւ վերակոչուած է Տէր Վահան։ Իր քառասնօրեայ շրջանը լրացնելէ ետք կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ իր սիրելի ծննդավայր Հաճընի հայութեան։ Այդ շրջանին մէջ քանի մր տարիներ կը քահանայագործէ եւ կը վարէ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօն։ Սակայն, իր կրօնական աշխատանքներու կողքին, ան մեծ զարկ կու տայ ազգային ու գաղափարական գործունէութեան։
Տէր Վահանի նախաձեռնաթեամբ ու գաղափարակից ընկերներուն համատեղ ճիքերով կը պատրաստուի աղերսագիր մը 66 ազգայիններու ստորագրութեամբ ու կը ղրկուի Մերսինի յոյն դեսպանին, որպէսզի անոր միջոցով ներկայացուի եւրոպական մեծ տէրութիւններուն, խնդրելով որ Սուլթան Համիտի կողմէ գործադրուի խոստացուած հայկական բարենորոգումները։ Դժբախտաբար, սոյն աղերսագիրը կը բռնուի եւ թուրք կառավարութեան հետապնդումով կը ձերբակալուին ստորագրողներէն շատերը, ինչպէս Մալէգեան, բժ. Թէրզեան, Տէր եղնիկ քհնյ. ու Տէր Վահան քհնյ. Մանուկեան, որոնք Գոնիայի ճամբով կը ղրկուին Կ. Պոլիս եւ անկէ ալ կը փոխադրուին էտիրնէի բանտը։ Ինը ամիս բանտ մնալէ ետք բոլորն ալ կը դատապարտուին ցկեանս թիապարտութեան։ Նոյն միջոցին եկեղեցականներ ու ազդեցիկ ազգայիններ բազմաթիւ միջամտութիւններ կ'ընեն քաղաքական անձնաւորութիւններու միջոցով զանոնք ազատելու համար։ Ի վերջոյ կը յաջողին ռուսական եւ անգլիական հիւպատոսներուն ջանքերով բանտարկեալները ազատ արձակել տալ։
Այս տխուր դէպքէն վերջ, Սիսի Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի տնօրինութեամբ, Տ. Վահան կը ղրկուի Իսկէնտէրուն եւ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդարան փոխանորդ Իսկէնտէրունի ու Պէյլանի հայոց։ Չորս տարիներ այս շրջաններուն մէջ հովուական, կրթական ու վարչական ծառայութիւններ մատուցանելէ ետք, կը սկսի 1915-ի Ա. աշխարհամարտը։ Մեծ եղեռնին, ան իր ժողովուրդին հետ կը տարագրուի Հալէպ։
Հազարաւոր հայ տարագիրներու հետ, Տէր Վահան կը ճաշակէ գաղթականանութեան բոլոր դառնութիւնները։ Հալէպի մէջ կարճ ժամանակաշրջան մը ծառայելէ ետք իր տարագիր ժողովուրդին, ան կը տեղափոխուի Պապ, ուր հաստատուած էր փոքրաթիւ հայ գաղութ մը։ Տէր Վահան այստեղ կ'ապրի իր կեանքին վերջալոյսը եւ մինչեւ խոր ծերութիւն կր կատարէ իր կրօնական ու ազգային պարտականութիւնները։ Տէր Վահան կը մահուան Պապի մէջ, 1915-ին եւ մարմինը կ'ամփոփուի հայոց գերեզմանատունը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 37-40։