Վահան Ա. Քհնյ. Ենիգոմշուեան
Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Ենիգոմշուեան | |
---|---|
Ծնած է | 1888 |
Ծննդավայր | Քիլիս |
Մահացած է |
Շաբաթ, 19 Օգոստոս 1950-ին, |
Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Ենիգոմշուեան, (1888 - 1950) Աւազանի անունուվ Վահան, որդի Համբաբձումի եւ Ֆերիտէի, ծնած է քիլիսցի ծնողքէ, Քիլիսի մէջ, 1888-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քիլիսի Ազգ. վարժարանը, որ աւարտելէ ետք յաճախած է Հալէպի Օսմանեան պետական ուսուցչանոցը (Տարէ՚լ Մուալլիմին): Ուսուցչանոցէն վկայուելէ ետք, Վահան նետուած է իր շատ սիրած ուսուցչական ասպարէզը։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին գործունէութեան դաշտը եղած է Քիլիսի ազգ. վարժարանը, ուր ինը տարի ծառայած է, իր հայրենակիցներու զաւակներուն: Ապա՝ ուսուցչական նոր պաշտօնի կոչուած Քիլիսի Օսմանեան պետական Րուշտիէ վարժարանը, ուր պաշտօնավարած է երկու տարի։
Ան կրթական առաքելութեամբ մեկնած է Փոր Սայիտի հայոց Սիսուան որբանոցը, ուր կարճ ժամանակ մը մնալէ ետք, տեղափոխուած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Մերսինի ու Երուսաղէմի Արարատեան որբանոցները, ուր եօթ տարի ուսցչական պաշտօն վարած է ու պատրաստուած է ամուսնութեան։
Վահան ունեցած է երկու մանչ եւ երեք աղջիկ։ Անկէ ետք չէ ուշացած քահանայական կոչման հրաւէրը, զոր սիրով ընդունած է: Իր որոշումը գլխաւորաբար փոխանցած է Կրօնական Ժողովին։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Սահակ Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ, Հալէպի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 25 Սեպտեմբեր 1927-ին, կոչուելով նախկին անունով՝ Տէր Վահան։ Շնորհազարդ Վեհափառին թելադրութեամբ ու Բերիոյ Հայոց Թեմի կրօնական Ժողովի տնօրինութեամբ Տէր Վահան հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։
Փոքրաթիւ ծխական ընտանիքներով ու նիւթական համեստ պայմաններով տէր հայրը լծուած է հովուական աշխատանքի։ Տարիներու քահանայագործութեան ընթացքին մեծ սիրով կապուած է իր ծխական ժողովուրդին ու կարեւորութեամբ հետաքրքրուած է չքաւոր ընտանիքներով եւ օգտակար ծառայութիւններ մատուցած է անոնց։ Իբրեւ գթասէր, աշխատասէր ու բարեսէր եկեղեցական՝ միջոցներ գտած է նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակելու անոնց։ Իր լաւ գործունէութեան արձագանգը հասած է ժողվուրդի բոլոր խաւերուն եւ մանաւանդ քիլիսցի իր հայրենակիցներուն ու անոնց պատասխանատուներուն։
Ան տասներկու տարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելէ ետք, քիլիսցի հայրենակիցներուն փափաքով եւ Առաջնորդին որոշումով տեղափոխուած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, 12 Յունիս 1939-ին։ Նոր եկեղեցի, նոր շրջանակ, նոր ծուխեր ու նոր գործակիցներ իր մէջ կ'արթնցնէին աշխատանքի նոր եռանդ ու կր բազմացնէին իր հովուական պարտաւորութիւնները։ Իսկ հայրենակիցներուն հետ աւելի լայն յարաբերութիւններու մշակումն ու գործակցութիւնը իր մէջ կը զօրացնեն հայրենակցական պատկանելիութեան զգացումը, որ զինք կը մղէ քահանայագործութեան կողքին հետաքրքրուելով Քիլիսի Հայրենակցական Միութեան իրավիճակով, առաւել՝ յատուկ աշխատանք տանելով զանոնք համախմբելու, կազմակերպելու, ձեռնարկներ կատարելու եւ գոյացած նիւթական հասոյթով կարօտեալ հայրենակիցներուն օժանդակելու իբրեւ քահանայ իր դասուն մէջ պատրաստուած հոգեւորականներէն մին:
Ան շուտով մուտք գործած է ազգային կեանքին մէջ եւ երկար տարիներ անդամ եղած է Կրօնական ժողովին ու կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդին, վարելով ատենադպիրի պաշտօնը։ Իր սրտին մօտ եղած է կիրակնօրեայ դպրոցը եւ ատոր համար ալ հետեւած ու քաջալերած է անոր գործունէութիւնը։ Իբրեւ մանկավարժական ու հոգեւորական գիտելիքներով օժտուած հոգեւորական, ան ճկուն, անկեղծ ու ազնիւ վերաբերում ունեցած է իր հօտին հանդէպ։ Իսկ իրեն վստահուած վարչական պաշտօնները կատարած է պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, բծախնդրութեամբ ու անկողմնակալութեամբ։ Իր հոգեմտաւոր բոլոր կարողութիւններն ու իր անձը նուիրած է եկեղեցւոյ ու ազգին։ Եւ ժամանակի ընթացքին եղած է փնտռուած, յարգուած ու համակրելի քահանայ մը։ Ափսո՜ս, որ հիւանդութիւնը զինք հանգիստ չէ ձգած, այլ ներքուստ հալածած է զինք, մարմինը քայքայելու աստիճան։ Վերջին շրջանին մեծ դժուարութեամբ կատարած է կրօնական պարտականութիւնները, որովհետեւ աղիքային հիւանդութիւնն ու միզարգելութիւնը անկարելի դարձուցած են քահանայագործութիւնը։
Վերջին անգամ բուժումի համար զինք փոխադրած են Հալէպի Ալթունեան Հիւանդանոցը, բայց դարմանումի բոլոր միջոցները ի զուր անցած են։ Ան յաւիտենապէս իր աչրերը փակած է աշխարհին Շաբաթ, 19 Օգոստոս 1950-ին, վաթսուներկու տարեկանին։ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած են Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի եւ մարմինը ամփոփուած է Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։
Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, ստացած է լանջախաչի եւ աւելի ուշ՝ ծաղեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք, Սահակ Բ. կաթողիկոսէն, 1936-ին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 166։