Սօնա Տէր Մարգարեան
| Առաջարկուած է այս եւ Սոնա Թընկըրեան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
| Սոնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1918 |
| Ծննդավայր | Պոլիս |
| Մահուան վայր | Նիւ Եորք |
| Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
| Ազգութիւն | Հայ |
| Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
| Աշխատավայր | Գրագիտուհի, դերասանուհի |
| Ծնողներ | Արփիար Տէր Մարգարեան |
Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան (1918, Պոլիս - 1986), հայ գրող, դուստրը՝ ուսուցիչ եւ գրող Արփիար Տէր Մարգարեանի:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախակրթութիւնը ստացած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարան, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Էսայեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ։
1936-ին, լիսէն աւարտելէ ետք, կրթական պաշտօններ վարած է իբրեւ տնօրէնուհի՝ Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան քոյրերու վարժարանին մէջ եւ իբրեւ ուսուցչուհի՝ Սագըզաղաճի Մխիթարեան եւ Անարատ Յղութիւն միջնակարգ դպրոցներուն մէջ։ Նոյն ատեն հետեւած է Իսթանպուլի Պետական երաժշտանոցի ճիւղին եւ անդամակցած՝ Պետական երգչախումբին։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր առաջին գրութիւնը՝ «Տապալած Ծառը» վերնագրով պատմուածք մըն է, որ լոյս տեսած է «Հայ Խօսնակ»ին մէջ, երբ դեռ միջնակարգի աշակերտ էր։
Հրատարակած է պատմուածքներու երկու հատորներ. «Կեանքի Մէջէն» (Պոլիս, 1950), եւ «Կեանքի Հետ» (Պոլիս, 1968): Վերջինիս մաս կը կազմէ «Մարքուքեանները» վէպը։
Իր բազմաթիւ պատմուածքներն ու նորավէպերը ցրուած են թերթերու եւ տարեգիրքերու մէջ։
Գրած է թատերգութիւն մը՝ «Քարէ Պուպրիկը» (4 արար), զոր ինք բեմադրած է Պոլսոյ մէջ։ Հրատարակուած է առանձին հատորով Պոլսոյ Արաս Հրատարակչատան կողմէ 2025ին։
Ստանձնած է նաեւ դերեր «Արփի» թատերախումբին մէջ։
1981-ին հաստատուած է Նիւ Եորք՝ իր զաւկին մօտ։ Հոն շարունակած է իր գրական գործունէութիւնը, հրատարակելով Էսայեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան «Վէմ» պարբերաթերթը, մինչեւ իր մահը։
Ս. Թնկրեան այցելած է Մայր Հայրենիք, ուր գնահատանքի եւ հրատարակութեան արժանացած են իր գործերը։ Արդարեւ 1982 Դեկտեմբերին՝ գրագիտուհիին երկու հատորներէն ու մամուլէն առնուած կարգ մը ստեղծագործութիւնները ամփոփուեցան «Սահանք» խորագրով հատորի մը մէջ, խմբագրութեամբ «Սովետական Գրականութիւն» պարբերաթերթի վարիչ-խմբագիր՝ Ստեփան Կուտիկեանի[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։