Jump to content

Սփիւռքահայ մտաւորական-մշակութային մթնոլորտը 1920-1945 տարիներուն

Սփիւռքահայ մտաւորական-մշակութային մթնոլորտը 1920-1945 տարիներուն, այս հինգ տասնամեակներու մթնոլորտը սփիւռքի մէջ կը բնորոշուի տիրական մտահոգութեամբ մը՝ հայութեան ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանումը ընդդէմ ալ ամբողջովին օտար շրջապատներու։ «Հայապահպանման» այս գործին կը լծուին ե՛ւ Եղեռնէն վերապրող արեւմտահայ եւ Հայաստանէն տարագիր արեւելահայ մտաւորականեր։ Առաջնահերթութիւնը կը գիտակցուի նաեւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք կը տրամադրեն համապատասխան ճիգը, յատկապէս կրթութեան եւ մամուլի համար։

1925-էն արդէն՝ սփիւռքահայութեան մտաւոր գլխաւոր կեդրոնը ֆրանսան է։ բայց շուտով, տեղական մշակոյթի ճնշումին տակ, օտարախօսութիւնը կը ծաւալի զանգուածին մէջ։ Գործօն մամուլ մը՝ քաղաքական առօրեայ, թէ գրական մամուլ («Յաոաջ», «Մենք»...), կը յաջողի միայն սահմանափակել լեզուա-մշակութային նահանջը, երբեմն տիրական ներկայութիւն ըլլալով հանդերձ։ Մանաւանդ որ հոս, ինչպես միաց. նահանգներու մէջ, ամէնօրեայ դպրոցները անգոյ են՝ մինչեւ 60-ական տարիները։ Միօրեայ դպրոցներ կը գործեն քիչ մը ամէն տեղ, նուազ արդիւնաւէտութեամբ։

Աւելի արեւելք, մշակութապէս բաւական գործօն եղած է Պալքաններու հայութիւնը՝ Յունաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա գոնէ մինչեւ 40-ակաները։

Աննպաստ պայմաններու մէջ մշակութային որոշ գործօնութիւն ցոյց կու տայ արեւելեան միաց. նահանգներու հայութեան կորիզը՝ «Հայրենիք» օրաթերթին ու ամսագրին, ինչպէս եւ «Պայքար»ի, «Հայ Գիր»ի պէս օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու շուրջ։ Արդէն կ՝երեւին թերթերու տեղական լեզուով տարբերակներ կամ բաժիններ։

Մամուլի կողքին՝ ֆրանսայի եւ Ամերիկաներու մէջ, մշակութային զգալի դեր կը կատարէ թատրոնը, մանաւանդ մինչեւ 50-ականները։

1940-ական տարիներէն՝ մշակութային ճիգի նոր կեդրոն կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքը՝ Գահիրէ, Պէյրութ, Հալէպ: Ուշացումը կը բացատրուի. անոնք կազմուած են որբանոցներու երեխաներէ, յաճախ նաեւ եկող՝ ոչ հայախօս ծննդավայրերէ։ Հոս հայախօսութիւն եւ մշակութիւն կառոյցներ՝ կը վերստեղծուին, կը պահպանուին հաւաքական ճիգերով. նոյնիսկ գրական նոր սերունդ կը հասնի, որ կը շարունակէ գործեր արտադրել մեծ մասով նախորդ սերունդի հետեւողութեամբ, մնալով միտքի եւ արուեստի համաշխարհային հոսանքներու հունէն դուրս տեղական պայմաններու եւ մեկուսացեալ վիճակի բերումով։

Հասկանալի դանդաղումով, եւ շատ մասնայատուկ պայմաններու մէջ, շարժումը կը շարունակուի նաեւ Պոլիս։

Այս շրջանները, բոլորն ալ աւելի կամ նուազ տէր են դպրոցական խիստ ցանցերու։ Մամուլը եւս կոչուած է դեր խաղալու. օրաթերթերը՝ արմատախիլ եւ անգլուխ-անմշակույթ մնացած համայնքի վերադաստիարակման համար կենսական են։ Մասնաւոր դեր ունին անոնց գրական յաւելուածները, կամ անջատ պարբերաթերթեր ուղղակի՝ իբր գրական սերունդ հասցնող ջերմանոցներ, Պոլիս՝ «Ազդարար»։