Jump to content

Սրբուհի Մառք

Սրբուհի Մառք
Ծննդավայր Պոլիս

Սրբուհի Մառք, ծնած է Իսթանպուլ։ Յաճախած է Պէյօղլուի Անարատ Յղութեան Քոյրերու եւ Էսաեան վարժարանները։ Հետեւած է պետական ուսուցչանոցի դասընտացքներուն։ Վկայուած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն։ Ուսուսցչագործած է Պեզճեան, Անարատ Յղութեան եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնած է Նիւ Եորքի Ս․ Սարգիս Յակոբեան շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս։

Աշխատակցած է ընդհանրապէս Մարմարա օրաթերթին։

Ունի անտիպ մանկապատանեկան թատերգութիւններ։

1971֊ին հաստատուած է Նիւ Եորք[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։