Ստեփանոս Աղաւնի
Ստեփանոս Աղաւնի | |
---|---|
Ծնած է | 1777 |
Ծննդավայր | Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1853 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Ստեփանոս Աղաւնի (1777, Պրուսա - 1853), հայ պատրիարք։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1777-ին Պրուսայի մէջ։ Տասը տարեկանին սկսաւ յաճախել Պօղոս արք. Գարագօչեանի կողմէ Պրուսա հաստատուած վարժարանը, ուր Յովհաննէս սրկ. Տէր-Աբրահամեան կը դասաւանդէր։ Սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 1793-ին եւ աբեղայ՝ 1798-ին։ Այնուհետեւ, Պօղոս արքեսպիսկոպոս զինք կոչեց Ստեփանոս վրդ. Աղաւնի՝ բարեմիտ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեան համար։
Ստեփանոս վրդ.-ի աշակերտակիցն էր Պետրոս վրդ. Ծերոնեան։ 1812-ին, երբ Պրուսայի եւ Նիկոմիդիոյ վիճակները միացան Գարագօչեանի առաջնորդութեան տակ, Ծերոնեան վրդ. Նիկոմիդիոյ փոխ-առաջնորդ կարգուեցաւ։ 1816-ին երկու վարդապետները անցան Էջմիածին, ուր եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Ձորագեղցի Եփրեմ կաթողիկոսէն։ 1820-ին, Ստեփանոս եպս. Արմաշու վանքի փոխանորդ եղաւ: 1821-ին՝ տնօրէն եւ ուսուցիչ նորահաստատ վարժարանին մէջ: 1824-ին՝ Պանտրմայի առաջնորդ, 1825-ին՝ պատրիարքական փոխանորդ Իզմիտի մէջ։ Ստեփանոս 1825 Մայիս 11-ին հիմնարկէքը կատարեց Իզմիրի Մեսրոպեան վարժարանի վերաշինութեան։ Պօղոս արք. Գարագօչեանի մահէն ետք, Նիկոմիդիոյ եւ Պրուսայի վիճակները նորէն բաժնուեցան, առաջինին առաջնորդ մնալով Աղաւնի եւ երկրորդին՝ Պետրոս եպս․ Ծերոնեան (մահացաւ՝ 1836 Յունուար 6)։ 1825-էն 1831 Ստեփանոս Աղաւնիի փոխանորդներն էին Պօղոս վրդ․ Թաքթաքեան (յետոյ Պատրիարք) Արմաշու մէջ, Յակոբ վրդ. Սինանեան՝ Ատաբազարի մէջ եւ Կարապետ վրդ. Պէքմէզեան՝ Նիկոմիդիոյ մէջ (այդ միջոցին վերաշինուած է հայոց հոյակապ եկեղեցին)։
Ստեփանոս 1826-ին նորէն կազմակերպեց Արմաշու դպրոցը, նոր աշակերտներ ընդունուեցան եւ դասախօս կարգուեցաւ Տէրոյենց պատուելին, որ 26 տարեկան երիտասարդ մըն էր եւ Արմաշ մնաց մինչեւ 1828։
Ստեփանոս 1828 Մայիս 24-ին հիմնարկէքը կատարեց Արմաշու վարժարանին, նոր զարկ տուաւ, ուսուցիչ կարգելով Մուրատ Բերիացի վարժապետը (1831-1848)։ Այդ միջոցին Աղաւնի 4-5 եկեղեցի նորոգել կամ շինել տուաւ իր վիճակին մէջ, նոյնպէս հիմնեց 1827-ին Նիկոմիդիոյ Լուսաւորչեան վարժարանը եւ Ատաբազարի Հրեշտակապետաց վարժարանը։
1831 Սեպտեմբեր 6-ին, երբ Կարապետ Պատրիարք հրաժարեցաւ, Ստեփանոս եպս. ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք եւ իր պատրիարքութեան իննամեայ շրջանին առաջին տարիներուն իրեն խորհրդական ունեցաւ Պօղոս եպս. Թաքթաքեանը, որ պատրիարքական փոխանորդ եղաւ․ պատրիարքարանի Ժողովին գլուխն էր միշտ Պէզճեան ամիրա։ Իր օրով 1832-ին հիմնուեցաւ Տնանկաց մատակարարութիւնը, որուն մատակարար մարմինը կազմուեցաւ 36 անձերէ։ Արհեստաւորները ամսական տուրք մը կը վճարէին Տնանկաց Մատակարարութեան, որ կը հոգար որբերու, ծերերու եւ ամէն տեսակ աղքատներու պէտքերը։
1831-էն մինչեւ 1839 Պոլսոյ մէջ 16 եկեղեցի շինուած կամ նորոգուած են։ 1832-ին կառուցուած է Թօփ-Գաբուի Ս․ Նիկողայոս, նորոգուած են Սամաթիոյ Ս․ Գէորգ եւ Ս․ Եղիա եկեղեցիները։ 1832-1833 շինուած են Ս․ Փրկչեան հիւանդանոցը եւ եկեղեցին ու անոր մօտ գտնուած Ս․ Յակոբ մատուռը։
1834-ին նորոգուեցան Ղալաթիոյ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Գուրու-Չէշմէի Ս․ Խաչ, Պէյքոզի Ս․ Նիկողոս եւ Եէնի-Գիւղի Ս․ Աստուածածին եկեղեցիները։ 1835-ին շինուած է Ազատլըի Ս․ Աստուածածին եւ Գուզկունճուքի Ս․ Լուսաւորիչ եկեղեցիները եւ նոյն տարի հիմնովին նորոգուեցան Պալաթու Ս․ Հրեշտակապետ եւ Ալէմ-Տաղիի Ս․ Նշան եկեղեցիները, 1838-ին շինուեցաւ Պէշիկթաշի Ս․ Աստուածածին եւ Բերայի Ս․ Յարութիւն եկեղեցիները։
Ստեփանոս Պատրիարքի օրով բազմաթիւ դպրոցներ բացուեցան, որոնցմէ կը յիշենք Էյուպի Պէզճեան, Գում-Գաբուի դուրսի Պօղոսեան եւ Վառվառեան վարժարանները, վերաշինուեցան Գում-Գաբուի եւ Կէտիկ-Փաշայի դպրոցները, Ֆէնէրի եւ Պալաթի բարձունքը Գանլը-Քիլիսէ թաղը նոր դպրոց մը բացուեցաւ Ս․ Առաքելոց անունով, որուն ծախսը հայ գինեպաններու էսնաֆին (արհեստակից) յանձնուած էր։ Այդ ժամանակ սովորութիւն էր մէյ-մէկ էսնաֆի յանձնել իւրաքանչիւր վարժարանի մատակարարութիւնը։ Ստեփանոս Աղաւնի հրաժարեցաւ 1839 Մարտ 6-ին եւ Մարտ 19-ին քաշուեցաւ իր առաջնորդական վիճակը՝ Նիկոմիդիա եւ Արմաշ։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս 1910, էջ 107: