Jump to content

Պօղոս Գարագօչեան

Կեսարիա
Այնթապ

Պօղոս եպս. Գարագօչեան (1731, Կեսարիա - 1825), հայ եպիսկոպոս։

Գարագօչեան ծնած է Կեսարիոյ Տէրէվէնք (Տէրէ-Վանք) գիւղը 1731 թուականին․ իր երիտասարդութեան ատեն Պոլիս գալով, ժամանակ մը զբաղած է առեւտուրով եւ յետոյ հետեւած՝ եկեղեցականութեան, ուստի իր ժամանակի եկեղեցական գործերու եւ պաշտօններու մէջ ունեցած է նշանակելի դեր։

Զաքարիա Պատրիարք Կազգուանցիի ձեռնասունն էր ինք եւ անոր հսկողութեան ներքեւ մարզուեցաւ իր երտասարդութիւնը եւ խիստ կրօնասիրութիւնը։

Կեսարացի հայերը հարիւր տարուան շրջանին Պոլսոյ մէջ ունեցած են առ հասարակ առեւտրական եւ կրօնական խնդիրներու համար առաջնակարգ դիրք եւ ազդեցութիւն իրենց տոկուն բնաւորութեան, գործունէութեան եւ եկեղեցասիրութեան պատճառաւ։

1787-ին Գարագօչեան Սրբազան կոչուած էր Պրուսայի առաջնորդութեան՝ Սամուէլ Երզնկացի եպիսկոպոսի տեղ․ հոն սկսած է եկեղեցական եւ ուսումնական նորոգող գործերու։ Նախ շինած է Պրուսայի ընդարձակ եկեղեցին եւ Պօղոսեան վարժարանը։

Պրուսայի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին շինուած է Այնթապցի Եղիազար Եպիսկոպոսի օրով (ետքը Պատրիարք եւ Կաթողիկոս), որ իբր նուիրակ՝ Ս․ Երուսաղէմի Պրուսա գտնուած ատեն, իր իսկ դրամով, 2500 ղրուշի կը գնէ եկեղեցիին տեղը եւ իր հիմակուան ընդարձակութեամբ կը շինէ եկեղեցին։ Եղիազարու շինած եկեղեցին, 1617-ին Աթանաս եպիսկոպոսի ատեն կը վերանորոգուի։

1794-ին Գարագօչի ձեռնտուութեամբ հիմնովին կ'ընդարձակուի եկեղեցին որուն յիշատակարանն էր ՝

Հրաշակառոյցս այն սուրբ եկեղեցի

Որ շինեալ յանուն սուրբ Աստուածածնի, Նորոգ շինեցաւ հնացեալն կարի
Ի ձեռն վիհի տեառն Պօղոսի
Ի յաշկերտաց զաքարիա վիհի,
Տոհմասէր կոչեալ Պատրիարք Պոլսի, Ծննդեամբ Կեսարեան դողով հայրենի,
Որոյ հօր անու Ղարաղօչ ձայնի,
Արթուն դիտապետ Յաբեթեան տոհմի, Բազմաշխատութեամբ մեծամեծաց յարդի-
Եւ գործակալշք մերոյ քաղաքի․
Ընթացք շրջանի թուոյն հայ տոհմի

Հազար երկհարիւր քառասներեքի։
- (1794)

Այս եկեղեցին 1863-ին կ'այրի եւ Գէորգ Ա․ Ե․ (ետք Կաթողիկոս) կը շինէ արդի եկեղեցին եւ կը վերաշինէ Պօղոսեան վարժարանն ալ, որուն անունն ալ կը փոխէ Գէորգեան վարժարանի։

Ստէպ հրաժարած է առաջնորդութենէն եւ նորէն ընդունած․ այս հրաժարումի միջոցներուն է, որ ընտրուեցաւ Առաջնորդ Արմաշի եւ Նիկոմիդիոյ, բայց պրուսացիք չուզելով զատուիլ անկէ, ականջ չդրաւ անոնց թախանձանքին, չուզեց դառնալ Պրուսա, մինչեւ որ կուսակալ փաշան միջնորդելով յաջողեցաւ հոն բերել զինքը պատրիարքական շուքով։ Պոլիսէն բերել տուաւ վարժապետներ, ծաղկեցուց Արմաշի, Նիկոմիդիոյ եւ Պրուսայի մէջ հայ լեզուն եւ Բ․ Դրան մեծամեծներուն եւ փաշաներուն հանդէպ մեծարելի դիրք ունենալով, հեղինակօրէն ու յաջողապէս վարեց բոլոր ներքին ու արտաքին գործերը, սակայն երբեք դուրս չելլելով իր վանական կրօնական անձուկ շրջանակէն։

Թէեւ գրագէտ ու ուսումնական չէր, այլ գործնական մարդ էր, անձամբ կը վազէր, կը հասնէր թեմականներուն նեղ օրերուն եւ արիութեամբ կը պաշտպանէր անոնց իրաւունքները եւ շահերը։ Յատուկ կոնդակներ հանած է եւ արգիլած է հարսանիքներու շռայլ ծախքերը, որոնք սնափառութեան եւ ճոխութեան արդիւնք էին։ Իր անապատական եւ անվախ համարձակախօսութեան համար քանիցս հրաժարեցուցուած է առաջնորդութենէ եւ գացած Մուհալըճ գիւղը, ուր շինած է նաեւ փոքր եկեղեցի մը, Պրուսայի եկեղեցիին նման ճարտարապետութեամբ։ Այս հրաժարումներու միջոցին, անգամ մը նորէն Պոլիս եկած եւ բնակած է Բերա․ հոն ալ եկեղեցական կալուածները շատցուցած է եւ աշխատած ժողովուրդին օրինաւոր բարօրութեան համար․ նուիրած է Պալաթի եւ Սկիւտարի Սէլամիյէ թաղերուն ձեռագիրներ, որոնք անյայտ եղած են։ Պոլիս եղած միջոցին Շնորհքեանի առաջնորդութեամբ կը յորդորեն զինքը հրաժարիլ Պրուսայի առաջնորդական իշխանութենէն, բայց անիկա կ'ընդդիմանայ անոնց, ըսելով. «Պրուսա իմ ընտանի յարկս է, իմ տունս է, ինչպէս դուք չէք կրնար ձեր տունէն հրաժարիլ, ես ալ չեմ կրնար բաժանուիլ Պրուսայէն»։

Ասոր վրայ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ կ'ուղարկեն զինքը, մինչեւ որ Ազիզ փաշա կուսակալին հրաւէրով նորէն Պրուսա կ'անցնի, աննման փառքով եւ ուղեկցութեամբ ժողովուրդին ու բազմաթիւ հեծեալներու եւ կը հաստատուի առաջնորդական ընտանի աթոռին վրայ։

Իր փառաւոր ընդունելութիւնը աշուղներու ներփողներուն արժանացած է, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն իբր հետաքրքրական․

Գայսէրլու Գարադօչ զատէ նամ՝ ճեսուր Պօղոս Սրբազան, ազըլտէն տեֆա՛ մանսուպ օլուպ տէ Պրուսայէ կիլտիքտէ․ Ազիզ փաշակիւնինտէ թարիխնտէ տէրվիյշտէն սէօյլէնիլան իշպու գասյտէ տիր։

Եինէ շէհրի Պրուսա զրկէ ֆախիի Միլլէթի ի՛յսա
Նէզարան միւժտէ սահիպի ինզիվա պիր դարապաշ կէլտիյ․
Անլանմազ մէճլիստէն համտ ու շանիյ էմրի էլ Գաիմին Հիւնէրտէ մարիֆէթտէ՛ պիյրույէ պիր գարապաշ կէլտիյ,
Պէեաղ կիւլլէր դագընսուն սլաշիյ իւզրէ Էրմէնիլէր հէփ
Սիեահ տօնլու սատագա ինթիմ պիր գարապաշ կէլտիյ։
Ա՛զիզ փաշա տավէթ տախիյ պիր քիւրք իյլէտի ինա՛մ
Ա՛լէմտէ հեր ճիհէթլէ աշինա պիր գարապաշ կէլտիյ։
Ա՛ճէ՞պ միյ ճիւմլէ Ի՛յսա կիւլլէրիյ ագ ճամէլէր կիյսէ
Եինէ ագ սագգալլը փիւր սաֆա պիր գարապաշ կէլտիյ։
Պուլընմաղ թարիյգի տիւնեատէ պէօյլէ սարֆի նիւգուատէ տէշիյր․
Քէմալ էհլիյ տիյնիլսէ հէմ սէղա պիր գարապաշ կէլտիյ։
Պրուսա իյղրէ սաքին էհլի խիպրէ ճիւմլէ շաղ պլտիյ․
Մէսիյհա պէնտէսիյ միւշքիւլ քիւշա պիր գարապաշ կէլտիյ։
Քարուզ իյլէ տէրունի ճիւմլէսիյն իրշատ իյտէր հէրտէմ
Օլուր հէմ՝ տէրտլէրիյնէ տավիյ պիր գարապաշ կէլտի։
Պուլընմազ պէօյլէ ագլտէ Ի՛յսա իպնի Մէրիէնտէ
Իլամիյ տիր մէաիյհին կիտայ պիր դարապաշ կէլտի։
Գասիյտէ սէօյլէմէք լազըմ տէյի՛լ մի է։
Պրուսայէ խիւարէ՛վի Ատիլ կէօնիլ թամիյր իյտիյճի պիր դարապաշ կէլտիյ
Պէտիյհի տիր քի ախէրճան վէյրիր էրքեանիյն իճրատէ․
Ֆէտա էյթմիշ վիւճիւտիյն իպթիտա պիր դարապաշ կէլտիյ։
Նէ՛ գուտսին մարի Եագուպինտէ նէ հէմ չանլու քիլիյսատէ
Պուլընմազ պէօլէ սահիպի ինղիվա իր դարապաշ կէլտիյ։
Չալընսուն էրղանունլէր հէմ օգընսուն այէթ ինճիյլ
Թէմամէթ վիյրէլէր րուշէն էվվէլա պիր դարապաշ կէլտիյ։
Միւճէվհէր եարաշուր թարիխիյ տիվարիյ քիլիսայէ,
Մէսիյհա աշգիյ իյլէ մէմլու պիր դարապաշ կէլտիյ։

Գարագօչեան Սրբազան մասնաւոր հոգածութեան առարկայ դարձուց Արմաշու Չարխաբան Ս․ Աստուածածնի վանքը, զոր հիմէն նորոգման հրովարտակը ստացաւ 1820-ի Մարտին եւ 4 ամսուան մէջ վերաշինեց եկեղեցին եւ յաջորդ տարին ալ վանքը նորոգեց, ուսումնարանը բացաւ եւ շարունակ զարգացուց վանքը։

1825 Յուլիսի վերջերը հիւանդ վիճակի մէջ մեկնեցաւ Պրուսայէն եւ գնաց Արմաշի վանքը, քիչ ատենէն վախճանեցաւ ու հանգչեցաւ հոն, ուր իր թաղումէն 60 տարի ետք, 1885-ին, իր գերեզմանը բացուելով հանդիսաւորապէս, թաղեցին այժմեան նորաշէն անկիւնը՝ Չարխափանի պատկերին առաջ։

Իր տապանագրը գրած է Յովհաննէս Եղեկեան։

Ահաւասիկ տապանագիրը․

Տեառն Պօղոսի Աստուածիմաստ Արք Եպիսկոպոսի եւ բազմերախտ Առաջնորդի Նիկոմիդիոյ եւ Պրուայու եւ հիմնադրի Չարխափան Ս․ Աստուածածնի Վանից։


Է՞ր հոգետաւիղ Յիաեան հագներգուին եօթնաղի կիթառ

Գումարէ աստէն վերին Սիովնի ղերկնախում կաճառ։
Զի՞ դուք վարդագեղ հարսունք Եդեմայ ոգիք քաջաբառ,
Ծաղկասփիւռ պճնէք զայս տիրանուէր մեծապանծ տաճար։
Է՞ր փայլատակեն զմահարձանաւս ջահք լուսապարար․
Զմէ բոլորին պսակք սարդենիք յոստս մշտադալար։
Դուք պարթեւական դիւցազանց ստուերք փառք երկնատար․
Զի՞ թեւապարէք յՈղոպեան բարձունս երկրածնաց ի պար
Աղէ՛ ասացէք թէ որ քաջազուն մարմնին ոգեսպառ,
Ի չքնաղակերտ դամբամիս ի ծոց շողշողէ ի վառ։
Սա՛ Արհիապանծ ի Խարախօչեանց փթթեալ բարձրածայր։
Իւրըն հայրենիք վեհ արքայապանծ Կեսարեան գաւառ․
Սահմանք Ողոմպիոյ հսկող հովուութեան գահոյք եւ դադար։
Ամըս քառասուն պատիւ պաշտաման վարեալ անվթար,
Զաղօտաճաճանչ զլոյս Թորգոմայ փայլեցուց իսպառ։
Կանգնեաց եօթնաթիւ Աստուածաբնակ յարկ գեղայարմար․
Եւ հնդետասան րաբունիս մարզեաց յիմաստ ւ՛ի հանճար։
Յալիս՝ ծերութեան դիպեալ կանխագէտ յօրհաս անաչառ
Ի խորոց շիրիմիս ձօնէ էին զայս մաղթանաց բարբառ։

- յԱմի Տեառն 1825 յՕգոստոսի 6

Իր յիշատակը մնացած է ցարդ եւ իր անաչառութիւնը, անձնանուիրութիւնը, եկեղեցական նախանձախնդրութիւնը, բարեգործութիւնները կը յիշուին Փիւթանեկան եւ Նեկոմիդական քաղաքներուն մէջ։

  • Պատմութիւն հայոց Պէրպէրեան Ա․
  • Ընդարձակ օրացոյց 1900-1901
  • Ստու երք հին օրերու Յ․ Դ․ Մրմրեան
  • Երեւակ 1859 թիւ 49
  • Մեսրոպ Վ․ Նարոյեան
  • Արեւելեան Մամուլ 1903 թիւ 46 Բաբգէն Վարդապետէ
  • Պատմութիւն Արմաշու վանուց ձեռագիր Մ․ Ա․ Ե․ Օրմանեան;