«Վաչէ Տաղլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 6 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
Չ . using AWB
Տող 1. Տող 1.

{{ԱՀ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն = Վաչէ Տաղլեան
| անուն ազգանուն = Վաչէ Տաղլեան
Տող 43. Տող 43.


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}


{{DEFAULTSORT:Տաղլեան, Վաչէ}}
{{DEFAULTSORT:Տաղլեան, Վաչէ}}

13:03, 8 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Վաչէ Տաղլեան (8 Հոկտեմբեր 1964, Պէյրութ (Լիբանան) - 27 Յուլիս 1983, Լիզպոն, (Փորթուկալ)), Լիզպոնի գործողութիւնը իրականացող հինգ երիտասարդներէն մէկը:

Կենսագրութիւն

Վաչէ Տաղլեան ծնած է հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը կ'ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, ազգին սէրը եւ Հայ Դատի պայքարելու ոգին արթնցնելով Վաչէի մէջ: Ան կը յաճախէ թաղի ազգային վարժարանը, ուր աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը անոր մէջ:

Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք, կը մտնէ արհեստի ասպարէզը եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող: Տակաւին պատանի, արդէն իսկ ծայր կ'առնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Պատերազմի ընթացքին, Վաչէն իր կարգին կ'ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան գործին, սակայն սկիզբը կը մերժուի, տարիքը փոքր ըլլալուն համար։ Կարճ ժամանակ անց, ան կը մասնակցի պահակութեան գործին:

Հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր եւ գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ'ուզէ անցնիլ ուղղակի գործօն պայքարի: Ոչ ոք կը մտածէր Վաչէին խօսքերուն մասին եւ ոչ ոք կ'անդրադառնար անոր ըսածներուն լրջութեան: Ան ըսած է. «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ, զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. Կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ:»

Բոլոր ընկերներն ալ Վաչէին մէջ կը տեսնէին զուարթ, կատակասէր, խանդավառութիւն ստեղծող տղան, որ միշտ հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր իր շուրջ:

Արձակուրդի երթալու պատրուակով, ան տունէն կը մեկնի 18 Յուլիսին, ըսելով թէ 15 օր կ'ուզէ Յունաստան անցընել[1]: Վաչէ Տաղլեան կը մասնակցի Լիզպոնի գործողութեան[2] ու կը զոհուի յանուն Հայ Դատի միջազգայնացման աշխատանքին համար իր ընկերներուն հետ, 27 Յուլիս 1983 թուականին:

Ծանօթագրութիւններ


Կատեգորիա:1964 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:8 Հոկտեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:Պէյրութ ծնածներ Կատեգորիա:1983 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:27 Յուլիսի մահացածներ Կատեգորիա:Լիզպոն մահացածներ Կատեգորիա:Հայ մարտիկներ (արւմտ․)