Jump to content

Սպանա-Քանատական Յարաբերութիւններ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Միջազգային հարաբերություններ Սպանա-քանատական յարաբերութիւններ, երկկողմանի յարաբերութիւններ են Սպանիոյ եւ Քանատայի միջեւ: Դիւանագիտական յարաբերութիւնները պետութիւններուն միջեւ հաստատուած է՝ 1959-ին[1]:

Յուլիս 1774-ին սպանացի ծովագնաց Խուան Խոսէ Պերէս Հերնանտէսը դարձաւ առաջին եւրոպացին, որ եղաւ Հայտ-Գուա արշեպիլագի մէջ դէպի Ալիասքա ուղեւորուելէ[2]: Այս արշեպիլագի բացայայտումէն ետք, քանի մը այլ սպանական հետազօտական արշաւախումբեր անցան Բրիտանական Քոլումպիայի առափնեայ հատուածներով: 1789-ին Սպանիան հիմնեց երկու բնակավայր Նուտքա կղզիին վրայ՝ Սանտա Քրուզ տէ Նուտքա եւ Ֆորտ Սան-Միգէլ: Սպանական կայսրութիւնը այդ պահու դրութեամբ կը վերահսկէր Ամերիկայէն մինչեւ Արժանթին ինկած տարածքները, ինչպէս Ալպերտայէն մինչեւ Սասքաչեւան ինկած տարածքները[3]:

1936-էն մինչեւ 1939-ը Սպանիոյ մէջ բռնկուած էր քաղաքացիական պատերազմ հանրապետականներու ու ազգայնականներու միջեւ: Քանատան պաշտօնապէս կը պահպանէր չէզոքութիւն հակամարտութեան ժամանակ, բայց աւելի քան 1700 քանատացի կամաւորներ կը կռուէին Հանրապետականներու կողքին[4][5]: Քանատացի կամաւորականները միացան ամերիկեան՝ Լինքոլն-Ուաշինքթըն գումարտակին, իսկ յետոյ ստեղծեցին իրենց սեփական քանատական գումարտակը, որ անուանուեցաւ՝ Մաքքէնզի-Պապինօ: 1937-ին Քանատայի խորհրդարանը օրէնք ընդունեց, որմով կ՛արգելուէր քանատացիներուն որպէս վարձկաններ մասնակցիլ այլ պետութիւններու պատերազմներուն: Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մահացաւ մօտաւորապէս 700 քանատացի: Ապրիլ 1939-ի վերջին քանատացի կամաւորականները լքեցին Սպանիան եւ վերադարձան Քանատա, երբ Ֆրանչիսկօ Ֆրանքոյի ուժերը վերջնական յաղթանակ տարին[5]:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Քանատան եւ Սպանիան հաստատեցին երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ, իսկ Դեկտեմբեր 1959-ին վերացուցին վիզային ռեժիմը[6]: Մարտ 1995-ին երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ վատթարացան, երբ սպանական ձկնորսական «Estai» նաւը, անձնակազմի հետ՝ 45 հոգիով գրաւեց քանատացիներու կողմէ Քանատդայի բացառիկ տնտեսական գօտիէն դուրս, քանի որ այդ պետութեան կառավարութիւնը մեղադրեց Սպանիային առաւել շատ ձուկ բռնելու մէջ, քան նախատեսուած էր[7][8][9]: Ճգնաժամի ընթացքին Սպանիան մտցուց վիզային ռեժիմ Քանատայի քաղաքացիներուն համար, որոնք կ՛այցելէին Սպանիա եւ կը սպառնային խզել դիւանագիտական յարաբերութիւնները[10]: Յաջորդ քայլը դարձաւ այն, որ Սպանիան ուղարկեց ռազմական նաւ, որ պէտք է պաշտպաներ իր ձկնորսական նաւերը, իսկ Քանատան ա սկսաւ կտրել սպանական ձկնորսական նաւերու ցանցերը: Եւրոպական Միութիւնը այս ճգնաժամուն անորոշ դիրքորոշում զբաղեցուց․ Բրիտանիան ու Իրլանտան կ՛աջակցէին Քանատային, իսկ մայրցամաքային Եւրոպայի երկիրները եւ Իսլանտան՝ Սպանիոյ։ Արդիւնքով «Estai» անձնակազմը ազատ արձակուեցաւ քանատացիներու կողմէ 500000 տոլար գրաւի դիմաց եւ վերադարձան Սպանիա։ Վերջիվերջոյ պետութիւնները կնքեցին խաղաղութեան համաձայնագիր, որու համաձայն սպանական նաւերը լքելու էին վիճելի գօտին, որ կը սահմանակցէր Քանատային ծովային տնտեսական գօտիին, իսկ քանատացիները կը վերադարձնէին 500000 տոլար գրաւը[11]։ Ճգնաժամի աւարտէն ետք սպանա-քանատական յարաբերութիւնները լաւացան, իսկ 2007-ին պետութիւններու միջեւ կնքուեցաւ յուշագիր, որով անոնք պէտք է համագործակցին եւ փոխըմբռմամբ մօտենան ձկնորսութեան ոլորտին մէջ միմիանց նկատմամբ[12]։

2014-ին Սպանիոյ եւ Քանատայի միջեւ ընդհանուր առեւտրային ծաւալը կազմած է աւելի քան 2 մլրտ ամերիկեան տոլար: Քանատան կ՛արտահանէ Սպանիա՝ ինքնաթիռներ ու պահեստամասեր, մեքենաներու սարքաւորումներ: Սպանիան ալ կ՛արտահան է ՔԿանատա՝ դեղորայքներ, վառելանիւթեր, իւղեր ու հանքային նիւթեր, խմիչքներ եւ ելեկտրական սարքաւորումներ[6][13]: Քանատական վերազգային կազմակերպութիւնները, ինչպիսին են՝ Bombardier-ը, BlackBerry-ին եւ Thomson Reuters-ը ունին իրենց ներկայացուցչութիւնները Սպանիոյ մէջ, իսկ սպանական Զառա ընկերութիւնը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Քանատայի մէջ: 2014-ին Քանատան եւ Եւրամիութիւնը, այդ պարագային Սպանիան կնքեցին համաձայնագիր ազատ առեւտուրի վերաբերեալ, որ յայտնի է՝ «Համատեղ տնտեսական եւ առեւտուրի համաձայնագիր» անուամբ[14]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]