Սուրբ եղիցի յանուն քո
Սուրբ եղիցի յանուն քո | |
---|---|
Սուրբ եղիցի յանուն քո․ Մանկական Զբօսայգիին մէջ գտնուող յուշարձան | |
Սուրբ եղիցի յանուն քո, յուշարձան (1985-ի գործ)․ Կը գտնուի Երեւանի «Մանկական Զբօսայգի»ին մէջ (Զաքեան փողոց)։ Հեղինակն է քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեան։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Սուրբ եղիցի յանուն քո» յուշարձանին հեղինակը, իր գործը նուիրած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ Սեն Փեթերսպուրկի ճակատագրական կռիւներուն ընթացքին անհետ կորսուած (1942) եղբօրը յիշատակին, որուն աճիւնը գտնուած է տասնամեակներ ետք՝ 2007-ին, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուած եւ կամ վիրաւորուած բազմահազար հայորդիներուն։
Հեղինակին ցանկութիւնը եղած է արձանը զետեղուի Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքին եղբայրական գերեզմանոցին մէջ, սակայն այդ զետեղուած է Երեւանի Զաքեան փողոցին վրայ գտնուող «Մանկական Զբօսայգի»ին մէջ։
«Սուրբ եղիցի յանուն քո» արձանը պրոնզեայ է։ Ըստ հեղինակին դուստրին՝ Անուշ Չուբարեանին, յուշարձանը սիրոյ, մարդասիրութեան գաղափարներ ունի իր մէջ։